Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Վերամուտ

Հոկտեմբեր 22, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կիրակի, 20 հոկտեմբերին Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու վերամուտին առիթով մատուցուեցաւ ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` կիրակնօրեայ վարժարաններու մէջ ծառայած նուիրեալներու հոգիներուն համար: Պատարագը մատուցեց կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ- պատասխանատու, Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեան: Պատարագին ներկայ գտնուեցան թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու տեսչական եւ ուսուցչական կազմերը:

Սրբազան հայրը անդրադառնալով օրուան առիթին` յիշեցուց, որ հաւաքաբար մեր պարտականութիւնն է մեր կիրակնօրեայ վարժարաններուն ընդմէջէն Աստուծոյ խօսքը մեր ժողովուրդին հասցնելու սրբազան պարտականութիւնը, որպէսզի այդպիսով մեր ժողովուրդին բարոյական վիճակը պաշտպանենք ամէնուրեք: Նուիրական այս առիթով սրբազան հայրը մէջբերում կատարեց Աստուածաշունչէն քաղուած երեք պարբերութիւններ եւ անոնց մասին բացատրութիւններ տուաւ:  Ան դիտել տուաւ, որ մենք հաւաքաբար ոչ միայն մեր անձերուն նկատմամբ պարտականութիւններ ունինք, այլ` գալիք սերունդներուն նկատմամբ, որպէսզի անցեալէն եկող մեր նախնիներէն քաղած արժէքները կարենանք յաջորդ սերունդներու ճամբով յաւերժացնել: Սրբազանը շեշտեց, որ կրօնական արժէքները եւ սրբութիւնները հեռացած են մեր կեանքէն, հետեւաբար պէտք է սթափինք իբրեւ ծնողք եւ մեր զաւակներուն փոխանցենք անցեալէն մեր ստացած նուիրական արժէքները: Շարունակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը ըսաւ, որ մեր զաւակները պէտք է մեզմով առաջնորդուին եւ մեր օրինակին նայելով յարատեւեն: «Շատ անգամ մենք կը թերանանք մեր պարտականութիւններուն մէջ, մասնաւորաբար Աստուծոյ չենք մօտեցներ մեր զաւակները եւ առիթ չենք տար, որ անոնք Աստուծոյ օրհնութեամբ, շնորհով եւ պաշտպանութեամբ մեծնան, ինչ որ պատճառ կը հանդիսանայ, որ սրբութիւնը հեռանայ մեր կեանքէն, եւ Աստուծոյ օրհնութիւնը նուազի» հաստատեց սրբազանը աւելցնելով, որ բոլորս ալ կարիքը ունինք Աստուծոյ օրհնութեան, պաշտպանութեան եւ սրբութեան` խաղաղութիւն վերահաստատելու մեր իրականութեան մէջ: Սրբազանը շեշտեց, որ մեր շնորհներուն եւ կարողութիւններուն վստահելով` չենք կրնար խոյս տալ աշխարհէն եկող տեսակաւոր հոսանքներէն եւ խնդիրներէն` հաստատելով, որ մեր կեանքը կանգուն պահելու համար պէտք է միշտ Աստուծոյ նայինք եւ զինք տէր եւ փրկիչ հռչակենք: «Կիրակնօրեայ վարժարանը, մեր եկեղեցւոյ կողքին, նուիրական այն կառոյցն է, որ մեր ժողովուրդի զաւակները Աստուծոյ խօսքով եւ շնորհով դաստիարակելով կ՛առաջնորդէ դէպի աւելի ապահով ափունքներ», հաստատեց սրբազան հայրը կոչ ուղղելով ներկաներուն` ձեռք տալու կիրակնօրեայ վարժարանի աշխատանքին: Ան դիտել տուաւ, որ տարիներէ ի վեր այս գործը վստահուած է աննշան փոքրամասնութեան մը, որ նուիրումով, գիտակցութեամբ եւ յանձնառութեամբ կը տանի իր աշխատանքը, սակայն կարիքը ունի նաեւ մեր ժողովուրդի ընդհանուր մասնակցութեան, հաւատքին, ընդառաջումին, որպէսզի կարենայ դէպի վեր մղել եւ առաջնորդել մեր համայնական ազգային եկեղեցական կեանքը:

Ս. պատարագէն ետք եկեղեցւոյ «Կարօ Գոնիալեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններուն պաշտօնական բացումը, որ ընթացք առաւ կիրակնօրեայի քայլերգով, ապա խօսք առաւ վարիչ մարմինի անդամ Ժանին Դանիէլեան-Մարգարեան, որ հաստատեց, թէ որպէս կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցիչներ` մեր պարտականութիւնն է մանաւանդ այս դժուարին օրերուն մեր մանուկներուն փոխանցել Քրիստոսը, որպէսզի Իրմով զօրացած դիմադրեն աշխարհի տեսակ տեսակ փորձութիւններուն: Ան խօսքը ուղղելով ուսուցիչներուն` ըսաւ, որ առիթը ընծայուած է իւրաքանչիւրիս գործնականօրէն մեր շնորհակալութիւնը եւ երախտագիտութիւնը յայտնելու Աստուծոյ` ըլլալով կիրակնօրեայ վարժարաններու ուսուցիչներ եւ քրիստոնէական դաստիարակութեամբ կրթելու իր մանուկները:

Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ-պատասխանատու Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեան, իր կարգին բարի վերամուտ մաղթեց ուսուցիչ ուսուցչուհիներուն` խնդրելով Աստուծմէ, որ խաղաղ եւ անփորձանք օրեր շնորհէ բոլոր ծառայողներուն, որպէսզի լաւագոյն ծառայութիւնը կատարեն իրենց վաստահուած նուիրական առաքելութեան: Քահանայ հայրը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր` իր հայրական խնամքին համար, որ միշտ ցուցաբերած է եւ յատուկ ձեւով կը ցուցաբերէ կիրակնօրեայ վարժարաններու առաքելութեան հանդէպ:

Փակման խօսքը կատարեց սրբազան հայրը, որ անգամ մը եւս իր գնահատանքը եւ օրհնութիւնները յղեց կիրակնօրեայ վարժարաններու բոլոր պատասխանատուներուն` հրաւիրելով բոլորը, որ նոյն բծախնդրութեամբ շարունակեն իրենց վստահուած առաքելութիւնը:

 

Նախորդը

Դպրեվանքի Դռները Չե՛ն Փակուիր

Յաջորդը

Երկար Ամիսներէ Չեմ Գրում

RelatedPosts

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Անդամ Եոնաս Սայետին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Անդամ Եոնաս Սայետին

Հոկտեմբեր 18, 2025
«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան.   Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան. Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?