Լիբանանահայ նահատակ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակին նուիրուած աշակերտական շարադրական այս տարուան մրցանքը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 25 մայիս 2024-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:
Նախակրթարան, միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններ ունեցող «Մհեր Ջուլհաճեան» շարադրական մրցանքին այս տարի մասնակցեցան 66 աշակերտ-աշակերտուհիներ, որոնք ներկայացուցին հետեւեալ վարժարանները.- Թէքէեան վարժարան, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան, ՀԲԸՄ-ի վարժարաններ, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարան, Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան, Ազգ. Միացեալ վարժարան, Հայ աւետարանական քոլեճ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք:
Մրցանքին դատական կազմը, բաղկացած` Շուշիկ Մաւիսագալեանէ, Տօնիկ Տօնապետեանէ եւ Մարինա Համամճեանէ, շարադրութիւններու սրբագրութենէն ետք, մրցանակակիրներ նկատեց հետեւեալները.-
Երկրորդական
Առաջին.- Սելին Քիլէճեան (Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան):
Երկրորդ.- Յովհաննէս Պայտունեան (Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք)
Երրորդ.- Մինաս Ճանսըզեան (Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք):
Պատուոյ յիշատակութիւն.- Գաբրիէլ Հաւաթեան (Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան), Սօսէ Խաչատուրեան (Ազգ. Միացեալ վարժարան):
Միջնակարգ
Առաջին.- Մեղրի Գասապեան (Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան):
Երկրորդ.- Նարօտ Թազեան (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ):
Երրորդ.- Քրիսթել Գազանճեան (Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան):
Պատուոյ յիշատակութիւն.- Սարօ Պուճանեան (ՀԲԸՄ-ի վարժարաններ), Արմէն Մխճեան (Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան):
Նախակրթարան
Առաջին.- Ֆիմի Արսլանեան (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ):
Երկրորդ.- Կալինա Գասամանեան (Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան):
Երրորդ.- Ժան Օգչաօղլեան (Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք):
Պատուոյ յիշատակութիւն.- Նարօտ Գանտաքարճեան (Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան), Անտրէա Սգայեան (Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան), Վանայ Կրէյս Կրպոյեան (Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան) եւ Նարէ Թերզեան (Ազգ. Միացեալ վարժարան):
Ջուլհաճեան ընտանիքին որոշումով, մրցանակակիրները պիտի արժանանան նիւթական պարգեւներու:
Այս առիթով, Ուսումնական խորհուրդը իր շնորհակալութիւնները կը յայտնէ Ջուլհաճեան ընտանիքին, մրցանքի դատական կազմին, մասնակից վարժարաններու տնօրէնութիւններուն, հայերէնի ուսուցիչներուն, ծնողներուն եւ շարադրական մրցանքին մասնակցած 66 աշակերտ-աշակերտուհիներուն, որոնք` հաւատարիմ նահատակ ազատամարտիկի կտակին, հայ գիրով ու գրականութեամբ կը նպաստեն ազգային հաւաքական մեր ինքնութեան պահպանման գոյապայքարին:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ