Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արեան Տուչութեան Արշաւ` Պուրճ Համուտի Մէջ

Նոյեմբեր 1, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պուրճ Համուտի մէջ կազմակերպուեցաւ արեան տուչութեան արշաւ` Լիբանանի վրայ իսրայէլեան շարունակուող նախայարձակումէն տուժած վիրաւորներուն բուժման նպաստելու համար: Իսրայէլեան շարունակուող նախայարձակումը մինչեւ հիմա պատճառ դարձած է շուրջ 3000 զոհերու արձանագրման, աւելի քան մէկ միլիոն երկու հարիւր հազար անձ տեղահան եղած է, ամբողջ շրջաններ հիմնայատակ քանդուած են, արձանագրուած է աւելի քան 14 հազար վիրաւոր, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ պատկան կազմակերպութիւններ իրերայաջորդ կոչեր արձակեն վիրաւորներուն կեանքը փրկելու համար պէտք եղած արեան քանակը ապահովելու:

Արեան տուչութեան արշաւը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 31 հոկտեմբերին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ, ուր Լիբանանեան Կարմիր խաչի անձնակազմեր հսկեցին արեան տուչութեան աշխատանքներուն:

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէն Նազելի Աւագեան այս առիթով նշեց, որ այս նախաձեռնութիւնը կ՛իյնայ մարդասիրական եւ բարոյական ոլորտներուն մէջ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առաքելութեան ծիրին մէջ, սակայն այս առաքելութեան կողքին կայ նաեւ լիբանանեան ազգային պարտականութեան գիտակցութիւնը` մեղմացնելու իսրայէլեան յարձակումներուն պատճառած տառապանքները:

Աւագեան նշեց, որ ասիկա իր տեսակին մէջ արեան տուչութեան երկրորդ արշաւն է, որ տեղի կ՛ունենայ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ: Առաջինը տեղի ունեցաւ 5 սեպտեմբերին, ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան նախաձեռնութեամբ եւ դարձեալ Լիբանանեան Կարմիր խաչին համագործակցութեամբ:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ տոքթ. Յակոբ Մելիքեան հաստատեց, որ երկրին մէջ տիրող ներկայ պայմանները կը պարտադրեն ազգային եւ մարդկայնական պարտականութիւններ` մեծ թիւով զոհերու ու վիրաւորներու արձանագրման եւ հարիւր հազարաւոր տեղահանուածներու առկայութեան պայմաններուն մէջ: Մելիքեան ողջոյնի խօսք ուղղեց Լիբանանեան Կարմիր խաչին` անոր թափած ջանքերուն եւ կատարած զոհողութիւններուն համար, ինչպէս նաեւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչը, որ Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ ստանձնած է Պուրճ Համուտի մէջ տեղահանուածներու պատսպարման կարգ մը կեդրոններու առողջապահական հոգատարութեան պարտականութիւնը: Տոքթ. Մելիքեան նաեւ ներկայացուց Հայկական երեսփոխանական գրասենեակի, Ազգային առաջնորդարանի եւ այլ բարեսիրական կազմակերպութիւններու նախաձեռնութիւնները` մեղմացնելու համար այս պատերազմին պատճառած տառապանքները:

 

Նախորդը

«Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորումը Պաղեստինի Պետութեան Ստեղծման Լուծում Գտնելէ Առաջ Սեղանի Վրայ Դրուած Չէ» Կ՛ըսէ Պըն Ֆարհան Իշխանը

Յաջորդը

Միրզոյեանի Համաձայն. Երեւանի Թիւ Մէկ Առաջնահերթութիւնը Հայաստանի Շուրջ Խաղաղութեան Եւ Կայունութեան Ապահովումն Է

RelatedPosts

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ.  Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում
Գաղութային

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յուլիս 9, 2025
Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 8, 2025
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը
Գաղութային

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը

Յուլիս 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?