Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կիլիկիա» Վերլուծական Հարթակը Կը Գումարէ Արտակարգ Առցանց Նիստեր

November 4, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» վերլուծական հարթակը` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ, կը գումարէ արտակարգ յաջորդական նիստեր` օրակարգ ունենալով միջինարեւելեան վերջին զարգացումներն ու Լիբանանի մէջ ընթացող պատերազմը:

Նիստերուն քննարկման կէտեր են`

  1. «Երկու պետութիւն» միջազգայնացող օրակարգը եւ ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան կարելիութիւնները:
  2. Իրանի ներգրաւուածութիւն Հըզպալլայի նկատմամբ Իրանի օժանդակութեան տարողութիւնը եւ Իրան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները, նաեւ` Իրան-Իսրայէլ թիրախային պատերազմի հետագայ միտումները:
  3. Ռուսական գործօնը Միջին Արեւելքի մէջ, ռուսական ուժերու հեռացումը Կոլանէն: Լիբանանեան իրադարձութիւններուն նկատմամբ ռուսական կեցուածքները:
  4. Թրքական գործօնը տարածշրջանին մէջ: Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի օգտագործած հռետորաբանութիւնը Իսրայէլի նկատմամբ եւ Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւնները այս պահուն:
  5. Հայաստանի կառավարութեան դիրքորոշումները. «Երկու պետութիւն», Պաղեստինի պետութեան ճանաչում: Պաշտօնական Երեւանի յայտարարութիւնները «ՖԻՒՆԻՒԼ»-ի խաղաղապահներուն դէմ կատարուած յարձակումներուն մասին: Երեւանի լռութիւնը, քաղաքական յայտարարութեան բացակայութիւնը եւ մարդասիրական օժանդակութեան ուղղութեամբ քայլ չառնելը:
  6. Կազա, Հարաւային Լիբանան եւ Արցախ. համեմատութիւններ, զուգահեռներ, տարբերութիւններ, բռնի տեղահանութիւն, դիմադրութիւն:
  7. Զինադադարի կարելիութիւնները: Միջնորդութեան եւ երաշխաւորութեան ուղիներ: Զուիցերիական օրինակներ` հակամարտութիւններու լուծման նպատակով միջնորդաւորման:
  8. Իսրայէլի կողմէ միջազգային օրէնքի ակներեւ խախտումներ: Լիբանանի մասին միջազգային բանաձեւերը եւ զանոնք գործադրելու դիմաց եղող խոչընդոտները:
  9. Պատերազմական գործողութիւնները եւ լիբանանահայ համայնքը:
  10. Ֆրանսայի նախաձեռնութիւները, յատկապէս` 1701 որոշման գործադրութեան ուղղութեամբ: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին Պէյրութ այցելութեան ուղերձները:
  11. Լիբանանահայութեան նկատմամբ սփիւռքի ընելիքը ներկայ ճգնաժամին: Քաղաքական, մարդասիրական եւ կազմակերպական ուղղութիւններ:
  12. Պատերազմը եւ համահայկական տեղեկատուական դաշտը:

Արտակարգ երկրորդ նիստին, որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 3 նոյեմբերին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ժողովականներուն հարցումներուն ի պատասխան պարզեց Միացեալ Նահանգներու նախագահական թեկնածու, նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ կայացած հեռաձայնային զրոյցին մանրամասնութիւնները: Ժողովականները հաստատեցին, որ, անկախ ընտրարշաւի շարժառիթէն, արծարծուած հարցերը` Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձ, միջազգային երաշխիքներու պայմանականութիւն եւ ընդհանրապէս Արցախի հայութեան իրաւունքներու զօրակցութեան պահանջ, կ՛ընդգծեն Արցախի հարցին փակուած չըլլալը եւ հետագային տարուելիք իրաւական ու քաղաքական աշխատանքներուն համար հնարաւորութիւն կը ստեղծեն:

«Կիլիկիա» հարթակը կը շարունակէ յաջորդական արտակարգ նիստերու գումարումը:

 

Նախորդը

Իսրայէլի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Սկսած Է Ամրապնդել Լիբանանի Հետ Սահմանակից Շարք Մը Գիւղերու Շէնքերն Ու Պաշտպանութիւնը

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ճամբորդներ Շրջուն` Բայց Կամքէ Անկախ

RelatedPosts

ՀՅԴ-ի Թեկնածուն Նշանակուեցաւ Վիճակագրութեան  Կեդրոնական Վարչութեան Ընդհանուր Տնօրէն
Գաղութային

ՀՅԴ-ի Թեկնածուն Նշանակուեցաւ Վիճակագրութեան Կեդրոնական Վարչութեան Ընդհանուր Տնօրէն

October 10, 2026
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան 95-Ամեակին Առիթով  Հայ Գիրքի Ցուցահանդէս – Փառատօն
Գաղութային

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան 95-Ամեակին Առիթով Հայ Գիրքի Ցուցահանդէս – Փառատօն

October 10, 2026
Այնճարցի Նահատակ Գէորգ Հաճեանի Յիշատակը Ոգեկոչուեցաւ Այնճարի Վարժարաններուն Մէջ
Գաղութային

Այնճարցի Նահատակ Գէորգ Հաճեանի Յիշատակը Ոգեկոչուեցաւ Այնճարի Վարժարաններուն Մէջ

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.