Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Սիսի Հայ Առաքելական Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցի Վերամուտ

November 26, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՆԻԹԱ ԺԱՄԿՈՉԵԱՆ

«Ձգեցէք, որ մանուկները ինծի գան, արգելք մի՛ ըլլաք անոնց,
որովհետեւ այդպիսիներուն է Աստուծոյ արքայութիւնը»

(Մարկոս 10.14):

Իննսունհինգ տարի առաջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոս իմաստութեամբ, իբրեւ նշանաբան ունենալով Յիսուսի այս խօսքը, կը խրատէր հայ մայրերուն, որ իրենց զաւակները Քրիստոսի մօտեցնեն:

Կիրակնօրեայ դպրոցներուն 95-րդ տարեդարձն է, եւ…

Կիրակնօրեայ դպրոցները կը շարունակեն գործել եւ մանուկները կրթել աստուածաշնչական արժէքներով  ու սկզբունքներով, որպէսզի անոնք քրիստոսանման նկարագիր ունենան:

Կիրակի, 10 նոյեմբեր 2024-ին Հայ առաքելական Սուրբ Սարգիս եկեղեցին իր դռները բացաւ գունաւոր, ճոխ ու յատուկ ուրախ մթնոլորտով մը եւ իր սիրելի մանուկներուն սիրտերը ուրախացուց:

Աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն հետ մասնակցեցան եկեղեցւոյ պատարագին եւ ստացան հաղորդութիւն: Անկէ ետք անոնք ուղղուեցան եկեղեցւոյ «Աթայեան եղբարք» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ անակնկալներով լի օրուան յատուկ հաւաքոյթը:

Ներկայ էին` երեսուներեք մանուկներ, ծնողներու կոկիկ խումբ մը, եկեղեցւոյ Տիկնանց վարչութիւնը, Թաղական խորհուրդը եւ հոգեւոր հովիւը` Ներսէս քհնյ. Պասիլեան:

Փոքրիկները խանդավառութեամբ կիրակնօրեայի մաղթերգը  երգեցին, ինչպէս նաեւ` իրենց նախասիրած եւ կարօտցած հոգեւոր երգերէն, եւ բարձրացուցին իրենց  աղօթքները:

Ապա կիրակնօրեայ դպրոցի տեսուչ Անիթա Ժամկոչեան   բացումը կատարեց   տարեշրջանին` փառք տալով Աստուծոյ, որ հակառակ երկրին մէջ տիրող անապահով եւ անորոշ պայմաններուն, կիրակնօրեայ դպրոցը իր  դռները բացաւ նոր տարեշրջանի մը համար` վստահելով եւ աղօթելով, որ Հայր Աստուած մանուկներուն շնորհէ անփորձանք, սիրով լեցուն ուրախ օրեր:

Ան ներկաներուն յիշեցուց  կիրակնօրեայ դպրոցներու  հիմնադրութեան 95-ամեակին մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ պատմութեան, թէ ինչպէ՛ս 1931-ի աշնան Եղիշէ եպս. Կարոյեան Նոր Սիսի մէջ նախաձեռնեց փայտաշէն եկեղեցւոյ մը կառուցման աշխատանքներուն:  1944-ին է, որ եկեղեցին ունեցաւ իր առաջին կիրակնօրեայ դպրոցը` շուրջ 250 աշակերտներով:

Անիթա Ժամկոչեան դիտել տուաւ, որ տարեդարձները առիթ են կատարուած աշխատանքի մը գնահատանքը ընելու եւ  փառք տալու Աստուծոյ` այդ աշխատանքը իրականացնողներուն համար: Ուրեմն Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցը իր 80 տարին կը բոլորէ, եւ իր առաքելութեան հաւատարիմ` Տիրոջ շնորհով կը շարունակէ Աստուծոյ խօսքը սորվեցնել երեխաներուն:

Օրուան անակնկալներէն մէկն էր Սիրվարդ Պետրոսեանի ներկայութիւնը: Ջերմ ծափերով, ծաղկեփունջով եւ կարկանդակի  հատումով ան արժանացաւ ներկաներուն անխառն երախտագիտութեան ու գնահատանքին:  Արդարեւ, Ս. Պետրոսեան 57 տարի  ծառայած    է  իր թաղամասի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցին` քրիստոնէական եւ կրօնաբարոյական դաստիարակութիւն ջամբելով քանի մը սերունդներու:

Սիրվարդ Պետրոսեան խրատեց ներկայ աշակերտները, որ չհեռանան կիրակնօրեայ դպրոցէն եւ եկեղեցիէն, մեծնան քրիստոնեայ  մաքուր նկարագիրով: Նաեւ թելադրեց ուսուցիչներուն, որ խոնարհութեամբ շարունակեն իրենց ծառայութիւնը` հաստատ    մնալով իրենց պաշտօնին վրայ, ու մնայուն կերպով յառաջդիմեն Տիրոջ գործին մէջ:

Քահանայ հայրը խօսք առնելով` կոչ ուղղեց ծնողներուն, որ իրենց զաւակները մօտեցնեն Քրիստոսի եւ զանոնք պահեն այս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ,  որպէսզի Աստուծոյ շունչով մեծցած ու դաստիարակուած զաւակներ ունենան: Ան ապա անակնկալօրէն գնահատեց նաեւ ներկայ տեսչուհին` իր տարած բծախնդիր եւ  սրտանց ծառայութեան համար: Իսկ թաղականութիւնը ծաղկեփունջ մը  նուիրեց Անիթա Ժամկոչեանին:

Մանուկները մեկնեցան ուրախ եւ գոհ տրամադրութեամբ` ստանալով եկեղեցւոյ թաղականութեան կողմէ պատրաստուած նուէրներ եւ տէր հօր օրհնութիւնը:

Այս առիթով յատուկ շնորհակալութիւն` Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդին եւ Տիկնանց վարչութեան, կիրակնօրեայ դպրոցին հանդէպ իրենց ցուցաբերած ուշադրութեան եւ հոգատարութեան համար:

Թող Բարձրեալն Աստուծոյ աչքն ու աջը հովանի ու առաջնորդ ըլլան Սուրբ Սարգիս կիրակնօրեայ դպրոցին, որպէսզի մեր ժողովուրդի նոր սերունդին զաւակները «պարարտ հողի մէջ աճելով, պտուղ տան` մէկի տեղ երեսուն, մէկի տեղ վաթսուն, մէկի տեղ հարիւր»:

«Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը, Հօր Աստուծոյ սէրը եւ Սուրբ Հոգիին հաղորդութիւնը մեր բոլորին հետ ըլլան: Ամէն»:

Սիսի եւ Արագած շրջանի մանուկնե՛ր, սիրով կը սպասենք ձեզի ամէն կիրակի,  կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-12:00, կիրակնօրեայ դպրոցին ձեր բոլորին սիրած յայտագիրին մասնակցելու:

Մանուկները սիրող`
ԱՆԻԹԱ ԺԱՄԿՈՉԵԱՆ

Նախորդը

Մահուան Քառասունք… Կարպիս Ափրիկեանի

Յաջորդը

Կարճ Ծանուցում

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն

October 2, 2026
Հրանդ Խտըրլարեանի «Գեղեցկութեան Եւ Ազդեցութեան Արձագանգներ» Խորագիրով Առաջին Անհատական Ցուցահանդէսը
Գաղութային

Հրանդ Խտըրլարեանի «Գեղեցկութեան Եւ Ազդեցութեան Արձագանգներ» Խորագիրով Առաջին Անհատական Ցուցահանդէսը

October 1, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Ասմահանի Եւ Ֆարիտ Աթրաշի Նուիրուած Երեկոյ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Ասմահանի Եւ Ֆարիտ Աթրաշի Նուիրուած Երեկոյ

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.