Կիրակի, 24 նոյեմբեր 2024-ին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային խմբապետութեան կազմակերպած միջմասնաճիւղային խմբապետական սեմինարը:
Սեմինարը մեկնարկն էր 2024-2025 տարեշրջանին, ուր յայտարարուեցաւ միջմասնաճիւղային ռալլի տարի:
Յատկանշական էր, որ հակառակ Լիբանանի պատերազմական ճգնաժամային պայմաններուն` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի 80-էն աւելի խմբապետներ հաւաքուեցան եւ իրենց ամբողջական պատրաստակամութիւնը յայտնեցին նախապատրաստուելու, աւելիով կազմաւորուելու, ՀՄԸՄ-ական հայ սկաուտին մէջ ազգային եւ սկաուտական դիմագիծը վառ պահելու տեսլականով:
Խմբապետները այս սեմինարին սորվեցան` ինչպէ՛ս ղեկավարել ճգնաժամային պայմաններու ժամանակ, տագնապներու յաղթահարումը, միասնական աշխատանքի եւ ռալլի բանակումի կարեւորութիւնը, ինչպէ՞ս նախապատրաստուիլ ռալլի տարեշրջանի մը, ի՞նչ ձեւերով պատրաստել սկաուտական ձեռայիններ, ինչպէ՞ս կազմակերպել սկաուտական խարուկահանդէս մը:
Սոյն սեմինարի աւարտին խմբապետներուն մէջ արթնցաւ պատրաստակամութեան, խանդավառութեան եւ առողջ սկաուտական մրցակցութեան ոգի` յաջողութեամբ անցընելու այս իւրայատուկ տարեշրջանը: