Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան. Առաջին Հայկական Վարժարանը` Հաւատարմագրուած Ամերիկեան Կազմակերպութեան Կողմէ

December 7, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հոկտեմբեր 2022-ին Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնն ու պատկան մարմինները ձեռնարկեցին իւրայատուկ աշխատանքի մը: Նկատի ունենալով կրթական մարզին մէջ տեղի ունեցող արագ յառաջխաղացները, քայլ պահելու` այդ նորարարութիւններուն հետ, ինչպէս նաեւ կրթական եւ այլ ոլորտներու բարելաւման նպատակով դիմեցինք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող Middle States Association of Colleges and School Accreditation կազմակերպութեան: Դեկտեմբեր 2022-ին այս կազմակերպութեան վարիչ-տնօրէնը այցելեց դպրոց, եւ նոյն ամսուան ընթացքին ընդունուեցաւ մեր թեկնածութիւնը:

Դպրոցին մէջ անմիջապէս կազմուեցաւ յանձնախումբ մը, որուն ղեկավարութեան համար Սարին Խաչիկեանը հրաւիրուեցաւ այս գործընթացին աշխատանքը կատարելու: Յանձնախումբը կը բաղկանար` դպրոցի տարբեր բաժանմունքներու պատասխանատուներէն, կրթական գործիչէն, հոգեբանէն եւ տնօրէնէն:

Մարտ 2023-էն մինչեւ 8 ապրիլ 2024 տեղի ունեցան շաբաթական հերթական ժողովներ: Դպրոցի տարբեր գործունէութիւնները նկատի առնուեցան, արժեւորուեցան, եւ ըստ այնմ, նոր գործընթացներ եւ աշխատելաձեւեր որդեգրուցան: Այս գործին մէջ մեծ ներդրում ունեցաւ տոքթոր Թալին Մըսրլեանը:

Պատրաստուեցան աւելի քան 800 թղթածրարներ, որոնք պիտի ծառայէին եւ օգտագործուէին դպրոցին մէջ` որպէս ուղեցոյցներ:

Իբրեւ հեռանկար եւ նպատակակէտ` նկատի առնուեցան եւ որոշուեցան երեք գլխաւոր նպատակակէտեր, որոնց բարելաւման եւ կատարելագործման համար յատուկ աշխատանք պիտի տարուի յառաջիկայ եօթը տարիներու ընթացքին: Յանձնախումբին կողմէ որդեգրուած նպատակակէտերն են` անգլերէն լեզուն եւ ուսողութեան նիւթը, որոնց մշակման եւ զարգացման աշխատանքը պիտի կատարէ, ինչպէս նաեւ դպրոցի գրադարանի վերանորոգման եւ արդիականացման գործընթացը պիտի ստանձնէ: Այս բոլորը ընդունուեցան Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող յանձնաժողովին կողմէ:

2024-ի ապրիլ ամսուան աւարտին ունեցանք կրթական քննիչներու այցելու խումբ մը, որուն անդամները  ժամանած էին արաբական երկիրներէ: Երեք օրուան ընթացքին անոնք այցելեցին զանազան դասարաններ, տեսակցութիւններ ունեցան աշակերտներու, ծնողներու, ուսուցիչներու եւ հոգաբարձութեան անդամներու հետ: Սերտեցին գրաւոր թղթածրարները, ապա իրենց այցելութեան աւարտին ներկայացուցին վերջնական տեղեկագիրը, որուն մէջ կը յիշուէր ամբողջական յանձնարարութիւնը հաւատարմագրութեան (Full recommendation for accreditation): Նոյեմբեր 22-ին ստացանք պաշտօնական նամակ մը, ուր կը յայտարարուէր, որ մեր վարժարանը պաշտօնապէս ճանչցուած եւ ընդունուած էր (accredited) վերոնշեալ կազմակերպութեան կողմէ:

Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանը կը հանդիսանայ Լիբանանի հայկական առաջին վարժարանը, որ միջազգային կազմակերպութեան կողմէ ճանաչում կը ստանայ:

Վարձքը կատա՛ր աշխատող բոլոր ձեռքերուն, որոնց  աննկուն կամքին եւ տոկունութեան շնորհիւ` կարողացանք դիմագրաւել Լիբանանի բազմաթիւ դժուարութիւնները:

Շնորհաւորութիւններ` առնչակից բոլոր կողմերուն:

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
Հայ Աւետարանական Կեդրոնական
Բարձրագոյն վարժարանի

Նախորդը

Խաչիկ Թէօլէօլեան Եւ Սփիւռքագիտութիւնը (ԺԲ.)

Յաջորդը

Սպիտակի Երկրաշարժի 36-Ամեակ. Արհաւիրքէն Ետք` Կեանք Ու Վերականգնում

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.