Նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, կիրակի, 24 նոյեմբեր 2024-ին, յընթացս սուրբ պատարագին, երկու միաբան հայրեր` Տաճատ վրդ. Աշըգեան (դիւանապետ կաթողիկոսարանի) եւ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան (տեսուչ դպրեվանուց), արժանացան Հայ եկեղեցւոյ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճաններուն: Տուչութիւնը կատարեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան. խարտաւիլակն էր Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեան:
Հոգեպարար արարողութեան ընթացքին, զոյգ վարդապետները ծնրադրած` հրաժարեցան չար հերձուածներէն եւ նզովեցին հերետիկոսները, իսկ ձեռնադրիչ արքեպիսկոպոսը կատարեց յաւուր պատշաճի աղօթքները: Վարդապետ հայր սուրբերը միասնաբար արտասանեցին Հայ եկեղեցւոյ ուղղափառ դաւանանքը (Հաւատոյ հանգանակը), վերանորոգեցին Աստուծոյ, ազգին եւ Կիլիկեան ուխտեալ միաբանութեան ծառայելու իրենց ուխտը եւ ստացան ծայրագոյն վարդապետութեան տասը աստիճանները:
Հուսկ, սրբազան հայրը յղեց օրուան խորհուրդէն եկող պատգամը: Ան ըսաւ, որ անորոշութեամբ եւ վտանգներով լեցուն մեր կեանքի պայմաններուն մէջ ծայրագոյն վարդապետական աստիճանի տուչութեան արարողութիւնը կը պայծառացնէ մեր յոյսը, մանաւանդ` ի տես Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ծառայական առաքելութեան: Ան դիտել տուաւ, որ երբեմն կեանքի մէջ կը պատահին խարխափումներ ու շեղումներ, սակայն գոյութիւն ունին նաեւ հաւատքով ոգեւորուած նոր ուժեր, որոնք կը միանան մեր միաբանութեան շարքերուն եւ առիթ կ՛ընծայեն, որ հայրապետական այս Սուրբ Աթոռը նուիրումով շարունակէ իրեն վստահուած ծառայական առաքելութիւնը: «Վստահաբար, հեռուէն ու մօտէն, մեր ժողովուրդն ալ յուզումով կը հետեւի մեր Սուրբ Աթոռի կեանքին ու աշխատանքին եւ գոհունակութեամբ կ՛անդրադառնայ, թէ սփիւռքի մէջ տեղ մը իր յարատեւութեան համար ունի ապահով յենարան, ուր Արամ Ա. կաթողիկոսին անմիջական հսկողութեան ներքոյ հոյլ մը հոգեւորականներ պատրաստ են մեր քրիստոնէական հաւատքին, մեր լեզուին ու մշակոյթին, մեր բարքերուն ու աւանդներուն, մեր պատմութեան եւ երազներուն, այլեւ` մեր բարոյական վիճակին ու ամրութեան համար ընել այն, ինչ որ հարկաւոր է ու անհրաժեշտ», ընդգծեց սրբազան հայրը:
Խօսքը ուղղելով նորընծայ երկու ծայրագոյն վարդապետներուն` Շահէ արքեպիսկոպոս նշեց, որ ծայրագոյն վարդապետական կարգ ստանալը պատիւ է, բայց պէտք չէ մոռնալ, որ մեր կեանքին փառքը ծառայութիւնն է: Առ այդ, թելադրեց նորոգ ձեռնադրեալ ծայրագոյն վարդապետներուն այս պահը ընկալել որպէս մարտահրաւէր` աւելի մեծ պարտականութիւններ ստանձնելու եւ այդպիսով փառաւորելու Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռին առաքելութիւնը ու մեր ժողովուրդին յարատեւութեան համար գործող Կիլիկեան ուխտեալ միաբանութեան վաստակը: «Սրտովին կ՛աղօթենք, որ Աստուած ձեզ պարուրէ Իր լոյսով եւ զօրացնէ սրբութեան շնորհքով, որպէսզի ձեր մասնակցութեամբ մեր եկեղեցւոյ ու Սուրբ Աթոռին գործերը լոյսի պէս անստուեր ու պայծառ ըլլան ամէն տեղ», մաղթեց ձեռնադրիչ սրբազան հայրը:
Ապա, մէջբերելով Մատթէոսի Աւետարանի 5-րդ գլխուն 16-րդ համարը, ուր Քրիստոս իր աշակերտներուն կը թելադրէ այնպէս փայլիլ, որ մարդիկ անոնց բարի գործերը տեսնելով` փառաւորեն Հայրը, Շահէ արքեպիսկոպոս քաջալերեց Աւետարանի քարոզութիւնը կատարել առաւելաբար սուրբ վարքով ու կենցաղով` «Գէթ դո՛ւք պէտք է կարենաք ձեր կեանքով շողացնել Աւետարանէն հոսող աստուածային լոյսը` միշտ յիշելով, թէ հոգեւորականը, եկեղեցւոյ կեանքին բերած իր մասնակցութեամբ, իր աշխատանքներուն ու ծառայութեանց ճամբով պէտք է մոմի պէս հալի, խունկի պէս այրի, աղի ու թթխմորի պէս լուծուի, որպէսզի իր անձին մէջէն աստուածային զօրութիւնը իբրեւ լոյս ճառագայթէ եւ այդպիսով գեղեցկացնէ ու վսեմացնէ շրջապատն ու կեանքը», ընդգծեց ան:
Վերջապէս, սրբազան հայրը շնորհաւորեց վեհափառ հայրապետը, միաբանութիւնը եւ մեր ժողովուրդը` յիշեցնելով, որ յատկապէս մեր Սուրբ Աթոռը եւ ընդհանրապէս մեր եկեղեցին կարիքը ունին նուիրեալներու, որպէսզի ազգովին մեծնանք, առաւել եւս բարձրանանք ու հասնինք Աստուծոյ փառքին:
Յաւարտ սուրբ պատարագին, հայրապետական թափօրը բարձրացաւ վեհարանի դահլիճ, ուր Արամ Ա. վեհափառը Տաճատ ծայրագոյն վարդապետ Աշըգեանին եւ Պարոյր ծայրագոյն վարդապետ Շէրնէզեանին տուաւ իր հայրական ու հայրապետական օրհնութիւնը, որմէ ետք ներկաները շնորհաւորեցին նորընծայ ծայրագոյն վարդապետ հայր սուրբերը:
Ծայրագոյն Վարդապետութեան
Աւարտաճառերու Ներկայացում
Օրհնութեամբ եւ նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառին, շաբաթ, 23 նոյեմբեր 2024-ին «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ծայրագոյն վարդապետութեան թեկնածու միաբան հայրերուն աւարտաճառերու ներկայացումը:
Ներկայացնելով իր աւարտաճառը` Տաճատ վրդ. Աշըգեան նշեց, թէ ան Պօղոս սարկաւագ Գալէմեանի «Հայ քահանայութիւնը» անտիպ ուսումնասիրութեան խմբագրումն է: Նիւթը առնուած է Նուպարեան գրադարանի արխիւէն (File Գալէմեան Սուրէն վրդ. Հայ քահանայութեան ծագումը, No 93, cote P.I.2-3): Յիշեալ ուսումնասիրութեան մէջ հեղինակը անդրադարձած է` հայ հոգեւորականի նկարագիրին, ուսման, կոչումին, պարկեշտութեան, անշահասիրութեան ու քարոզախօսութեան: Ան յատուկ կարեւորութիւն տուած է հովիւ-հօտ յարաբերութեան ու հոգածութեան, ինչպէս նաեւ` քահանայի մը կարգապահութեան ու քահանայական պաշտօնին դժուարութիւններուն: Այս ուսումնասիրութիւնը Պօղոս սարկաւագին աբեղայական ձեռնադրութեան աւարտաճառն է եղած, զոր ձօնած է Եղիշէ եպս. Դուրեանին: Նշենք, որ Պօղոս սարկաւագ Արմաշի դպրեվանքի աշակերտներէն եղած է եւ աւարտելով` կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած ու օծուած է` վերակոչուելով Տ. Սուրէն աբեղայ:
Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանի աւարտաճառի նիւթն է` «Reference Book of the Armenian Orthodox Liturgy»: Անգլերէն լեզուով կատարուած այս աշխատասիրութիւնը կ՛օգնէ ընթերցողին` ծանօթանալու Հայ եկեղեցւոյ ծէսին եւ անոր տեսական, պատմական ու գործնական երեսներուն` բառարանային բացատրութեան ոճի օգտագործումով: Աշխատանքին նպատակն է, յատկապէս ամերիկաբնակ եւ ընդհանրապէս օտարախօս, նոր սերունդին հրամցնել մեր եկեղեցւոյ ծիսական բառապաշարին ու արարողակարգին առնչուած դիւրահասկնալի եզրեր ու բացատրութիւններ` հետեւելով Օրմանեան եւ Գաթարոյեան արքեպիսկոպոսներու ծիսական բառարաններու օրինակին: Աշխատասիրութեան սկիզբը կը գտնուի հայերէն-անգլերէն տասադարձման եւ հնչիւնաբանական կանոններու ցուցակը, իսկ աւարտին` օգտագործուած աղբիւրներու ցանկը, որպէսզի փափաքողները կարենան յաւելեալ ուսումնասիրութիւններ եւ պրպտումներ կատարելու:
Ծայրագոյն վարդապետութեան աւարտաճառերու ներկայացման աւարտին վեհափառ հայրապետը, իր գնահատանքին առընթեր, կատարեց շարք մը նկատողութիւններ ու թելադրութիւններ, ինչպէս նաեւ բացատրեց ուսումնասիրութիւն կատարելու կերպերը` մատնանշելով որոշ կարեւոր կէտեր: Այս առիթով ան նաեւ յիշեցուց, որ ուսումը մեր միաբանութեան կեանքին ու ծառայութեան կարեւոր երեսներէն մէկը պէտք է դառնայ, սակայն անհրաժեշտ է զայն առաքելութեան ու ծառայութեան վերածել: Ապա կաթողիկոսը դարձեալ յիշեցուց եւ ընդգծեց հոգեւորականի կոչումին նկատմամբ հաւատարիմ ըլլալու հրամայականը:
Աւարտին միաբան հայրեր միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա» օրհներգը, իսկ հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց մեր եկեղեցին, Սուրբ Աթոռը եւ Կիլիկեան ուխտեալ միաբանութիւնը: