ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ արձանագրուած համաձայնութեան` զինադադարին, եւ շրջանին վերջին զարգացումներուն:
Յայտարարուած զինադադարին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ անիկա կանգուն չէ, որովհետեւ զինադադարը գործադրուած է միայն Դիմադրութեան կողմէ եւ ոչ Իսրայէլի:
«Ուշագրաւ է այն իրականութիւնը, որ ցարդ այդ զինադադարը երաշխաւորող մեծ պետութիւններէն ոչ մէկը խորքային մեկնաբանութիւն կատարած է: Զինադադարը միակողմանի է, եւ ինչպէս պատերազմի ընթացքին, նոյնպէս ալ զինադադարին Իսրայէլ իր կատաղի խառնուածքը կը դրսեւորէ, իսկ Լիբանան յանձնառու կը մնայ զինադադարին: Լիբանանեան բանակը տակաւին չէ տեղակայուած հարաւային Լիբանանի մէջ, իսկ Իսրայէլ կ՛արգիլէ հարաւային Լիբանանի գիւղաքաղաքներու բնակչութեան տունդարձը, միաժամանակ քայլեր չէ առած հիւսիսային Իսրայէլի բնակիչները վերադարձնելու», նշեց ան:
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ համաձայնութեան գործադրութեան ձեւը պէտք է վերատեսութեան ենթարկուի` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը պէտք է զինադադարի գործադրութեան համար դիւանագիտական արշաւ շղթայազերծէ:
«Իսրայէլը Լիբանանին թշնամի երկիր է` սահմանադրութեամբ, Թաէֆի համաձայնագիրով եւ լիբանանցիին համոզումով, սակայն վերջերս` հաւանաբար պայմաններու բերումով, ոմանք կը բարձրաձայնեն, թէ Իսրայէլ Լիբանանին հարուածներ չէր հասցներ, եթէ Լիբանան լուռ մնար: Սակայն ի վերջոյ կայ գերիշխանութեան եւ արժանապատիւ ապրելու ըմբռնումը», յայտնեց ան:
Դիմադրութեան կողմէ յաղթանակ թէ պարտութիւն արձանագրելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Պէտք է նկատի ունենալ Լիբանանի դէմ Իսրայէլի սանձազերծած պատերազմին նպատակները եւ տեսնել, թէ անոնք իրագործուեցա՞ն, թէ՞ ոչ: Լիբանան յաղթանակ չարձանագրեց` իմանալով հանդերձ, որ Իսրայէլի դէմ գոյատեւելը ինքնին յաղթանակ է, եւ ոչ ալ պարտուեցաւ: Լիբանան երկու ամիս գոյատեւեց եւ տոկաց, արձանագրուեցան ողբերգական հետեւանքներ, սակայն պէտք է լիբանանցին համերաշխութեամբ շարունակէ իր ընթացքը, բարձր գնահատելով նահատակներուն յիշատակը, ինչպէս նաեւ ապահովութիւն տալով տեղահանուած մեր եղբայրներուն»:
Յաղթանակի ու պարտութեան շրջագիծին մէջ կրնամ վերադառնալ հայոց պատմութեան մէջ արձանագրուած մէկ ճակատամարտին` Աւարայրին, որուն նպատակը ամբողջ հայութիւնը կրօնափոխ դարձնելն էր: «Ճի՛շդ է, որ պարսիկները յաղթեցին եւ Վարդան նահատակուեցաւ, սակայն մենք մնացինք քրիստոնեայ ժողովուրդ, եւ իբրեւ այդպիսին հայ ժողովուրդը չպարտուեցաւ», աւելցուց ան:
Յետպատերազմեան շրջանին երկրին պաշտպանութեան ռազմավարութիւն մը մշակելու եւ ինչպիսի՛ Լիբանան մը կերտելու վերաբերող հարցումին մասին Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Նկատի ունենալով այն յայտարարութիւնները, որոնք ամբողջ շրջանին դիմագիծը փոփոխութեան կը փափաքին ենթարկել` մասնատելով Լիբանանն ու Սուրիան, ապա Լիբանանի ներկային եւ ապագային մասին երկխօսութիւնն ու խորհրդակցութիւնը մերժելը մեծագոյն դաւաճանութիւնն է: Հանրապետութեան նախագահի ընտրութենէն ետք, լիբանանեան քաղաքական ուժերը պէտք է խօսին, խորհրդակցին, քննարկեն երկրին պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանը յուզող քաղաքական, տնտեսական եւ համայնքային տագնապները, որպէսզի կարելի ըլլայ 50 տարուան կայունութիւն մը ապահովել երկրին»:
Լիբանանը մաս պիտի կազմէ՞ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղուող արաբական երկիրներուն եւ մնայ արաբական իր դիմագիծին մէջ, թէ՞ պիտի դառնայ այդ բնականոնացումը մերժող առանցքին մէկ բաժինը. այս հարցումին պատասխանելով, Հայկական երեսփոխանական պլոքին ներկայացուցիչը ըսաւ, որ իբրեւ լիբանանցի իրեն համար հայրենիքին պաշտպանութիւնը սուրբ իրաւունք է, երբ երկրին դէմ որեւէ յարձակում շղթայազերծուի:
«Նախքան այս կամ այն առանցքին մաս կազմելը, լիբանանցին իր հայրենիքը պէտք է պաշտպանէ եւ այդ իրաւունքը բարձր գնահատէ: Այս առումով պէտք է նկատի ունենալ Հենրի Քիսինճըրի մշակած Միջին Արեւելքի քարտէսը, Քոնտոլիզա Ռայսի ներկայացուցած Նոր Միջին Արեւելքի քարտէսը եւ տեսնել, թէ շրջանը բաժնելու միտումները միշտ ալ եղած են, եւ օրին կարելի չէ եղած զանոնք գործադրել: Հիմա է, որ մեղմ քաղաքականութեամբ` «յեղափոխութիւններու» ընդմէջէն կը փորձեն գործադրել զանոնք` համոզելով քաղաքական տարբեր ղեկավարներ: Հետեւաբար ո՛չ Իրան-Սուրիա առանցքին մաս կազմելու որոշում կայ եւ ո՛չ ալ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու, իմանալով հանդերձ, որ հեռաւոր ապագային երկու երկիրները պիտի կարենան որոշ խաղաղութեան մը հասնիլ: Արժանապատիւ խաղաղութեան եւ երկրին գերիշխանութիւնը պահպանող խաղաղութեան պէտք է յանգիլ», հաստատեց Յ. Բագրատունի:
Երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ լիբանանցիները պէտք է երկխօսութիւն կատարեն` անօրինական զէնքը բանակին յանձնելու, բանակին կառոյցին մասին մտածելու, լիբանանեան պետութիւնը հզօրացնելու եւ երկրին բարգաւաճումը ապահովելու համար: «Այս բոլորը պէտք է կատարուին ներլիբանանեան մղումով, այնպէս ինչպէս օրին Պշարա Խուրի եւ Ռիատ Սոլհ համաձայնեցան եւ կրցան երկրին անկախութիւնը հռչակել: Այս տարբերակին այլընտրանքը արտաքին միջամտութեան վստահիլն է եւ անիկա վնասակար է Լիբանանին եւ անպայման պարտութեան կ՛առաջնորդէ լիբանանեան բոլոր համայնքներն ու քաղաքական ուժերը», ըսաւ ան:
Լիբանանահայութեան լուսանցքայնացումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ սահմանադրական իմաստով նման բան չկայ` աւելցնելով սակայն, որ լիբանանահայը լուսանցքայնացած կը զգայ, երբ իր փորձառութիւնը կ՛անտեսուի: «Լիբանանահայը ո՛չ հանրապետութեան, ո՛չ վարչապետի, ո՛չ խորհրդարանի նախագահութեան եւ ո՛չ ալ բանակի հրմանատարութեան կը ձգտի, այլ իբրեւ ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդ, Եւրոպայի եւ այլ պետութիւններու կողմէ անիրաւուած ժողովուրդ, ինչպէս նաեւ սիոնական-օսմանեան առանցքէն տուժած ժողովուրդ իր փորձառութիւնը կը բերէ լիբանանեան կեանքին, որ հեռու չէ այս բոլորէն եւ կը փափաքի Լիբանանի գերագոյն շահերը ապահովել», շեշտեց ան:
Այս շրջագիծէն մեկնելով, Յ. Բագրատունի նշեց, որ լիբանանեան բանակին եւ Դիմադրութեան միջեւ գործակցութիւնը պէտք է ըլլայ հեզասահ, «իսկ անոնք, որոնք կը պահանջեն Հըզպալլայի ապազինումը, պէտք չէ մղեն բախումի: Հըզպալլան նման թակարդի մէջ չ՛իյնար, իսկ անոր զինաթափումը պահանջող կողմերը պէտք է մտաբերեն, որ բախումի ուղղուելու փորձառութիւնը ի՛նչ աւարտ կրնայ ունենալ», աւելցուց ան:
Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ համաձայնութեան ընդգրկած գաղտնի կէտերուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Բագրատունի ըսաւ, որ անիկա յստակօրէն ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեամբ կը յատկանշուի, առանց յաւելեալ ծալքերու կամ գաղտնի կէտերու:
«Հետեւաբար միջազգային ընտանիքը, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը, Ֆրանսան, Միացեալ Նահանգները պէտք է զսպեն Իսրայէլը, երբ ան խախտէ թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութիւնը, բացի եթէ Իսրայէլի եւ Ուաշինկթընի միջեւ համաձայնութիւն կայ այդ իմաստով», շեշտեց Յ. Բագրատունի:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմի կողմէ լիբանանեան պետութեան մաս կազմելու պատրաստակամութեան մասին կեցուածքներ արտայայտելու իրականութիւնը մեկնաբանելով` Յ. Բագրատունի նշեց, որ Հըզպալլա միշտ ալ Թաէֆի համաձայնագիրին համամիտ եղած է, եւ ասիկա լաւ առիթ է իրարու շուրջ համախմբուելու եւ խորհրդակցելու:
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը յայտնեց, որ 9 յունուար 2025-ը քաղաքական կողմերուն համար առիթ մըն է հանրապետութեան նախագահի անունին շուրջ համաձայնելու եւ երկրին մէջ մեր տագնապին համապարփակ լուծումի հասնելու:
«Կը հաւատամ, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի որոշ համոզումի մը յանգած է, թէ նախագահական ընտրութեան թեկնածուի մը շուրջ համաձայնութիւն մը կարելի է գոյացնել», շեշտեց ան:
Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն համաձայն է, որ հանրապետութեան նախագահը վայելէ խորհրդարանին երկու երրորդին կամ անոր ամէնէն մօտ նկատուող թիւին, ինչպէս` 84, 85 երեսփոխաններու քուէն, այլ խօսքով` համախոհական թեկնածուին: Ան աւելցուց, որ Կեդրոնական կոմիտէին յարաբերութիւնները հեզասահ են ու լաւ նախագահական ընտրութեան բոլոր թեկնածուներուն հետ, սկսեալ բանակի հրամանատարէն, մինչեւ Սլէյման Ֆրենժիէ, Էլիաս Պայսարի, Ժորժ Խուրի եւ այլն:
«Իբրեւ Լիբանան մենք մեր չափը պէտք է գիտնանք, համեստօրէն վարուինք եւ ստեղծուած առիթը օգտագործենք ամբողջական լուծում բերելու մեր երկրին դիմագրաւած բոլոր տագնապներուն», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:
Հարցազրոյցի աւարտին Յ. Բագրատունի նշեց, որ Սուրիոյ մէջ այս օրերուն արձանագրուած զարգացումները կարելի չէ առանձնացնել, որովհետեւ անոնք մաս կը կազմեն շրջանի իրադարձութիւններուն: «Իրաքի պատերազմէն եւ անոր յաջորդող գունաւոր յեղափոխութիւններու շարքէն ետք հասանք 2006-ի յուլիսեան պատերազմին, ինթիֆատաներուն, Սուրիոյ դէմ պատերազմի Ա. փուլին, Կազայի եւ Լիբանանի դէմ շղթայազերծուած պատերազմներուն ու ապա Սուրիոյ դէմ պատերազմին: Տակաւին կանուխ է եզրակացութիւններու յանգիլ եւ ըսել, որ Հալէպը թրքական հողամաս է: Ինչպէ՞ս կը պատահի, որ սուրիական բանակը Հալէպէն հեռանայ, ռուսական դեսպանատունը քաղաքին մէջ փակէ իր դռները: Բանակի վերադասաւորո՞ւմ է: Ուշագրաւը այս բոլորին մէջ Թուրքիոյ մեղսակցութիւնն է ուղղակի կերպով, ինչ որ կը փաստէ, թէ Թուրքիան Օսմանեան կայսրութեան նպատակներով եւ երազներով Հալէպը իրը կը նկատէ եւ կ՛ուզէ իր իշխանութիւնը պարտադրել այդ հողին վրայ», շեշտեց Բագրատունի: