Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆանար – Լէյլաւանի Տօնածառը Լուսաւորուեցաւ

Դեկտեմբեր 11, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 7 դեկտեմբեր 2024-ին Ֆանար – Լէյլաւանի շրջափակին մէջ կը տիրէր տօնական մթնոլորտ: Ներկայութեամբ Թորգոմ արք. Տօնոյեանի եւ հովանաւորութեամբ տէր եւ տիկին Վահէ եւ Յասմիկ Յովակիմեաններու, լուսաւորուեցաւ շրջանի տօնածառը` այն յոյսով, որ Նոր տարին իրեն հետ պիտի բերէ խաղաղութիւն ամբողջ աշխարհին:

Բեմի պատին մեծ պաստառի վրայ հաստատուած էր Արցախ աշխարհի «Մենք ենք մեր սարերը» (Մամիկն ու Պապիկ) կոթողի նկարը եւ Արցախի Հանրապետութեան քայլերգը` յուսալով ու հաւատալով, որ օր մը իրականութիւն պիտի դառնայ բոլորիս երազը:

Բացման խօսքը արտասանեց Սեւան Ադամեան, որ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութիւն յայտարարեց` յարգելու յիշատակը 1988-ի աղէտալի երկրաշարժի զոհերուն: Ապա հրաւիրեց սրբազան հայրն ու քահանայ հայրերը, ինչպէս նաեւ շրջանի ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Արծիւ Տէր Խաչատուրեանը, որպէսզի միասնաբար լուսաւորեն տօնածառը:

Օրուան հանդիսավարը իր խօսքին մէջ նշեց. «Տօնածառը խորհրդանիշն է միասնականութեան, սիրոյ եւ յոյսի, որ մեզ բոլորս կը միաւորէ տարուան այս առանձնայատուկ օրերուն: Սոյն տօնածառի  լոյսերը ոչ միայն կը զարդարեն մեր շուրջը, այլեւ կը յիշեցնեն մեզի, որ անկախ տարուան դժուարութիւններէն` միշտ կարելի է գտնել ուրախութեան եւ յոյսի նշոյլ մը: Տօնածառին խորհրդանիշները` Սուրբ Ծննդեան լոյսին եւ յոյսին խարիսխն են, որ մեզի կը յիշեցնեն Աստուծոյ սիրոյ անսպառ ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ:  Տօնածառին լոյսերը կը խորհրդանշեն նաեւ խաղաղութեան եւ միասնութեան նուիրական մաղթանքները, որոնք այժմ շատ անհրաժեշտ են մեր ընկերութեան համար: Թող այս տօնածառի լոյսերը ոչ միայն ջերմացնեն մեր սրտերը, այլեւ ըլլան նշան այն խաղաղութեան, սիրոյ եւ երջանկութեան, որ կը մաղթենք իրարու գալիք տօներուն ընթացքին»:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր, որ Ֆանարի զաւակ ըլլալով` իր ներկայութեամբ կը խանդավառէ շրջանի ժողովուրդը, եւ որ` իր շուքը միշտ ալ անպակաս է շրջանի զանազան կարիքները հոգալու համար: Նաեւ բարձր գնահատեց օրուան հովանաւոր ամոլը` տէր եւ տիկին Յովակիմեանները, ինչպէս նաեւ` բոլոր նուիրատուները, ԼՕԽ-ի «Հռիփսիմէ Սասունի» մասնաճիւղի վարչութիւնն ու Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը:

Յայտագիրը ընթացաւ հետեւեալ կարգով, Համազգայինի գեղարուեստական դպրոցներու սաներու ելոյթներ (պարեր եւ նուագներ), Համազգայինի «Քնար» պարախումբի ելոյթ, ինչպէս նաեւ` «Հայ շեփոր» խումբի մասնակցութիւն, եւ վերջապէս, Կաղանդ պապայի ժամանում ու նուէրներու բաշխում:

Ձեռնարկի աւարտին Թորգոմ արք. Տօնոյեան իր սրտի խօսքը արտասանեց` յայտնելով, որ ինք Ֆանարի մէջ ծնած եւ հասակ նետած է, եւ շրջանը մեծ տեղ ունի իր սրտին ու մտքին մէջ: Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի իր առաջնորդութեան օրերուն միշտ կանգնած է Ֆանարի ժողովուրդի կողքին ու մինչեւ այսօր ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ անոր բարգաւաճման ու յառաջընթացի համար: Սրբազանը ըսաւ, որ ինք որոշած է ձեռնարկէն անմիջապէս ետք, ի պատիւ Արամ Ա. վեհափառի հայրապետական գահակալութեան 30-ամեակին, կապ հաստատել ամերիկաբնակ մայր եւ դուստր` Անահիտ եւ Սիլվի Պաղտատլեաններուն հետ,   որպէսզի ստանձնեն դեկտեմբեր ամսուան շրջանի ելեկտրական շարժակի ծախսերը եւ թեթեւցնեն այս տօնական ամսուան բեռը բնակիչներու ուսերէն:

Աւարտին ԼՕԽ-ի անդամները նուէրներ բաժնեցին աւելի քան 200 մանուկներու:

Նախորդը

Հարիւրաւոր Հայորդիներու Մասնակցութեամբ Տեղի Ունեցաւ «Անվճար Հագուստի Աշխարհ»-Ի 7-րդ Ծրագիրը

Յաջորդը

Ո՞ւր Կ՛երթայ Սուրիան

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը

Հոկտեմբեր 21, 2025
Սրբոց Թարգմանչաց Տօնին Առիթով Միջնակարգի Եւ Երկրորդականի Աշակերտները Զմմառու Վանք Այցելեցին
Գաղութային

Սրբոց Թարգմանչաց Տօնին Առիթով Միջնակարգի Եւ Երկրորդականի Աշակերտները Զմմառու Վանք Այցելեցին

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?