Կլոր Սեղան-Սեմինար` Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան յարաբերական յանձնախումբին, շաբաթ, 26 ապրիլ 2025-ին Անթիլիասի կաթողիկոսութեան մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ սեմինար մը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին, ներկայութեամբ` դոկտ. Մոհամետ Նուրէտտինի, բանաստեղծ Նիզար Ֆրանսիսի, լրագրող Հալա Հատտատի եւ Լիբանանի կուսակցութիւնները ներկայացնող երիտասարդ խաւի մը: Սեմինարը ընթացք առաւ նախ «Կիլիկիա» թանգարան այցելութեամբ, որ ներկաներուն առիթ տուաւ աւելի մօտէն ծանօթանալու Հայոց պատմութեան, արուեստին ու մշակոյթին: Ապա...



















