Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ընտանիքը Նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակը` Խոստանալով Հաւատարիմ Մնալ Սրբադասուած Նահատակներու Կտակին

Ապրիլ 26, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին առիթով, 22 ապրիլ 2025-ին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, Շրջանային սկաուտական խորհուրդն ու խմբապետութիւնը, մասնաճիւղերու սկաուտական խորհուրդներ, խմբապետական կազմեր, երէց-պարմանուհի փաղանգներ եւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը համախմբուեցան Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի շրջափակին մէջ, ուր կատարուեցաւ մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներուն յիշատակին նուիրուած ոգեկոչում:

Այնուհետեւ ներկաները ուղղուեցան յուշակոթող ու ծաղկեպսակ զետեղեցին Նահատակաց յուշարձանին առջեւ` առ ի յարգանք սրբադասուած նահատակներու անթառամ յիշատակին:

ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբի կատարողութեամբ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկատուական խորհուրդի ատենապետ Ժանեթ Փամպուքեան-Տէր Ղազարեան, թէ դիտել տուաւ, որ Հայոց պատմութեան ամէնէն ահաւոր էջերէն հանդիսացող Հայոց ցեղասպանութիւնը պարզապէս փուլ մըն է Թուրքիոյ կողմէ որդեգրուած այն քաղաքականութեան, որ դարերէ ի վեր կը գործադրէր ան հայ ժողովուրդը ի սպառ ջնջելու եւ Հայաստանը թրքացնելու: «Քաղաքականութիւն մը, որ այսօր եւս կը շարունակուի, սակայն այս անգամ` Հայաստանի իշխանաւորներուն կամայ-ակամայ մեղսակցութեամբ, լռութեամբ եւ յանձնուողական ուղեգիծով, որուն մեծագոյն հարուածը հանդիսացան մեր հերոսական Արցախի կորուստը, արցախահայութեան բռնագաղթը` իր հարազատ օրրանէն: Այդ քաղաքականութեան պատճառով ալ այսօր հանգիստ չէ Հայաստանի սահմանը, ապահով չէ մեր հայրենիքը, ուրեմն մտահոգ է ամբողջ հայութիւնը ի սփիւռս աշխարհին», շեշտեց ան:

Ժանեթ Փամպուքեան-Տէր Ղազարեան դիտել տուաւ, որ թէեւ 110 տարիներ առաջ թուրքը փորձեց բնաջնջել հայութիւնը ամբողջութեամբ, զայն պոկեց իր հայրենի հողէն, արմատներէն, հեռացուց հարազատ օճախէն, կարծեց, թէ կրնայ իր թրքացման քաղաքականութեամբ տարիներու ընթացքին քիչ-քիչ բնաջնջել ամէն ինչ, որ հայկական է, ոչնչացնել հայ ազգը լրիւ, բայց եւ այնպէս, այսօր աշխարհի մէջ ամէնուրեք ապրող հայերը կ՛առաջնորդուին հայը, Հայաստանն ու Հայ դատը անսակարկելի նկատելու սկզբունքով: Ան յիշեց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած սերունդը, որ, հակառակ իր կրած տառապանքին` ձեռնարկեց շինարարական աշխատանքի եւ ապրեցաւ վերազարթօնք մը, կերտեց ոչ միայն շէնք, եկեղեցի ու ակումբ, այլ կերտեց սփիւռքահայութիւնը, որ կ՛ապրի հայկականութեամբ, կը խօսի մայրենի լեզուով, տէր է իր մշակոյթին եւ արժէքներուն, նեցուկ կանգնեցաւ Հայաստանին ու Արցախին:  «Այս զարթօնքի ծիրին մէջ էր, որ հիմը դրուեցաւ ՀՄԸՄ-ին, որ մարմնով ու մտքով առողջ սերունդներ կազմաւորելու իր առաքելութեան կողքին, հիմնադրութեան առաջին տարիներուն յատկապէս  մեծ ուշադրութիւն դարձուց ու մասնակից դարձաւ որբահաւաքի աշխատանքներուն եւ օգնութիւն ցուցաբերեց Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած հայ գաղթականներուն», յայտնեց ան:

Ժանեթ Փամպուքեան-Տէր Ղազարեան  ըսաւ, որ այսօր Հայ դատի ու պահանջատիրութեան թղթածրարին մէջ աւելցան Արցախի ու արցախահայութեան հարցերը, Պաքուի բանտերուն մէջ ապօրինաբար պահուող Արցախի ղեկավարներուն ու գերիներուն ազատ արձակման պահանջը, բայց այս բոլորին մէջ հայութիւնը առանձին կը թուի ըլլալ, որովհետեւ խօսքի ու գործի իրաւատէր Հայաստանի իշխանաւորները Արցախի հարցը փակուած կը նկատեն, չեն հետապնդեր գերիներու վերադարձի եւ արցախահայութեան տունդարձի հարցերը, ամէն օր քիչ մը աւելի կը զիջին թուրքին ու ազերիին, որոնց պահանջները ամէն օր քիչ մը աւելի կ՛ըլլան: Առ այդ, ան շեշտեց, որ այսօր մենք կոչուած ենք պայքարելու տարբեր ճակատներու վրայ, իսկ մենք կրնանք կրկին վերատիրանալ մեր իրաւունքներուն եւ սուրբ հողին` մեր մղելիք պայքարով, պայքար` առանց ընկրկումի, առանց յուսահատութեան, մեր արդար Դատին նկատմամբ մնալով հաւատարիմ եւ անշահախնդիր գործելով անոր լուծման համար: Իր խօսքը եզրափակելով` ան ըսաւ. «Նոր պատմութիւնը կը սպասէ մեզ: Չենք կրնար անտարբեր մնալ, յուսահատ ըլլալ, այլ հետեւելով ՀՄԸՄ-ի նշանաբանին` մենք պէտք է բարձրանանք ու մեզի հետ բարձրացնենք մեր ժողովուրդը, հայկական արժէքներն ու հայոց պահանջատիրութիւնը»:

Ապա ներկաներուն իր պատգամը յղեց դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան, որ ըսաւ. «1915 թուականին Օսմանեան կայսրութեան ղեկավարութիւնը համակարգուած ծրագիր մը մշակեց` նպատակ ունենալով հայ ժողովուրդի բնաջնջումը: Աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայորդիներ նահատակուեցան, կիներ ու մանուկներ բռնի մահմետական դարձան, իսկ մեր մշակութային ժառանգութիւնը` եկեղեցիներ, վանքեր ու դպրոցներ, ոչնչացուեցաւ եւ օտարացուեցաւ: Թէեւ Ցեղասպանութիւնը այսօր ճանչցուած է բազմաթիւ երկիրներու ու պատմաբաններու կողմէ, սակայն Թուրքիան մինչեւ օրս կը մերժէ այս իրողութիւնը ընդունիլ: Սակայն հայ ժողովուրդը եւ աշխարհի զանազան անկիւններու մէջ ապրող հայ համայնքները կը շարունակեն իրենց պայքարը` ի խնդիր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, արդարութեան եւ յիշողութեան պահպանման: Հետեւաբար մենք մեր սրբադասուած նահատակներուն հանդէպ պարտք մը չունինք կատարելիք, այլ ողջ կեանք մը ունինք մատուցելիք»:

«Յառա՛ջ, նահատակ» քայլերգի երգեցողութենէն ետք ներկաները ծաղիկներ դրին Նահատակաց յուշարձանին առջեւ:

 

Նախորդը

Քայլարշաւ Հայաշէնէն Ժեհթաուի` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Յուշարձան

Յաջորդը

ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Շարունակական Պայքարի Կոչ Կ՛ուղղէ` Թէ՛ Հայաստանի Եւ Թէ՛ Սփիւռքի Հայութեան

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?