Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մետալի Հակառակ Կողմը» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն Լիբանանի Մէջ

April 28, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ՋԱՀ յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, կիրակի, 27 ապրիլին երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մետալի հակառակ կողմը» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը: Ժապաւէնը պիտի ներկայացուի նաեւ այսօր` երկուշաբթի, 28 ապրիլ 2025-ին, միեւնոյն վայրին մէջ: Զոյգ ելոյթներուն ներկայ պիտի ըլլայ Հայաստանէն հրաւիրուած ժապաւէնի արտադրող եւ գլխաւոր դերասանուհի Աննա Մաքսիմը:

«Մետալի հակառակ կողմը» ժապաւէնը կը ներկայացնէ ծանրաբարձութեան աշխարհի ախոյեան, Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան Նազիկ Աւտալեանի կեանքն ու մարզական ասպարէզը: Անիկա հիմնուած է իսկական դէպքերու վրայ: Առաջին անգամ ցուցադրուած է 12 սեպտեմբեր 2024-ին:

Ժապաւէնին նիւթին առանցքը կը հանդիսանայ ինքնաշարժի արկածի իբրեւ հետեւանք ծանրօրէն վիրաւորուած Նազիկ Աւտալեանի պայքարը. արդարեւ, 7 տարի մարզական ասպարէզէն հեռու մնացած Աւտալեան կրկին կը վերադառնայ մարզական կեանք եւ, հակառակ շրջապատին անվստահութեան եւ իր մարմնական անհանդուրժելի ցաւերուն, կը դառնայ Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան:

Ժապաւէնին դերասաններն են Աննա Մաքսիմ, Խորէն Լեւոնեան, Սօս Ճանիբեկեան, Մկրտիչ Արզումանեան, Բաբգէն Չոպանեան, Արտաշէս Ալեքսանեան, Անահիտ Քոչարեան, Արուսիկ Գրիգորեան եւ Կարէն Գիլոյեան:

Արդէն եօթը ամիսէ ի վեր ցուցադրուող «Մետալի հակառակ կողմը» ժապաւէնը կը շարունակէ հայ հանդիսատեսին համակրանքը նուաճել: Այս ամիսներուն անիկա ցուցադրուեցաւ Երեւանի, Հայաստանի մարզերուն, Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ եւրոպական տասնեակ երկիրներու շուրջ 33 քաղաքներուն մէջ` արժանանալով արուեստասէր հանրութեան ջերմ գնահատականին  եւ խլելով մրցանակներ:

Վերջերս Քանատայի «Նուռ» շարժապատկերի փառատօնի ծիրին մէջ այս ժապաւէնը ստացաւ «Լաւագոյն գեղարուեստական ժապաւէն»-ի մրցանակը:

«Մետալի Հակառակ Կողմը» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն Լիբանանի Մէջ
«Մետալի Հակառակ Կողմը» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն Լիբանանի Մէջ

 

Նախորդը

Յաւերժի Աքսորեալ Հայու Մտորումներ` Ի Պէտս Բանիմացներու…

Յաջորդը

Փոխան Բաց Նամակի. Խեղաթիւրող… Համայնագիտարան

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը Յղեց Ապահովական Խորհուրդի Եւ ՄԱԿ-ի Անդամ Երկիրներու Դեսպաններուն

November 10, 2026
ՀՅԴ Երիտասարդականը Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Ժողովին Բարձրաձայնեց Հայ Պատանդներու Եւ Արցախի Հայաթափման Հարցերը
Գաղութային

ՀՅԴ Երիտասարդականը Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Ժողովին Բարձրաձայնեց Հայ Պատանդներու Եւ Արցախի Հայաթափման Հարցերը

November 10, 2026
Մըզհերի Հոգեւոր Լսարանը Սկսաւ Նոր Տարեշրջանին
Գաղութային

Մըզհերի Հոգեւոր Լսարանը Սկսաւ Նոր Տարեշրջանին

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.