Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կլոր Սեղան-Սեմինար` Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած

May 1, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան յարաբերական յանձնախումբին, շաբաթ, 26 ապրիլ 2025-ին Անթիլիասի կաթողիկոսութեան մայրավանքին մէջ  տեղի ունեցաւ սեմինար մը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին, ներկայութեամբ` դոկտ. Մոհամետ Նուրէտտինի, բանաստեղծ Նիզար Ֆրանսիսի, լրագրող Հալա Հատտատի եւ Լիբանանի կուսակցութիւնները ներկայացնող երիտասարդ խաւի մը:

Սեմինարը ընթացք առաւ նախ «Կիլիկիա» թանգարան այցելութեամբ, որ ներկաներուն առիթ տուաւ աւելի մօտէն ծանօթանալու Հայոց պատմութեան, արուեստին ու մշակոյթին:

Ապա կլոր սեղանի մեկնարկը տրուեցաւ Լիբանանի, Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան քայլերգներով:

Բացման խօսքը արտասանեց զաւարեանական Սեւան Պասմաճեան, որ իր խօսքին մէջ նշեց, թէ մենք ոչ միայն հաւաքուած ենք ոգեկոչելու Ցեղասպանութեան 110-ամեակը, այլ նաեւ` նահատակներու յիշատակը վառ պահելու մեր մէջ: Ան աւելցուց, որ անցեալէն քաղուած դասերը միջոց մըն են` ապագայ կառուցելու արդարութեան ու խաղաղութեան վրայ հիմնուած: Ապա խօսք առաւ դոկտ. Մոհամետ Նուրէտտին: Ան իր խօսքին մէջ յիշեց, որ չկայ աւելի արդար դատ մը, քան` Հայ դատը:

Կլոր սեղանին ընթացքին բանաստեղծ Նիզար Ֆրանսիս արտասանեց իր բանաստեղծութիւններէն մէկը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան, իսկ դաշնամուրի վրայ ինքնաբուխ կերպով անոր ընկերակցեցաւ հիւրերէն մէկը:

Արծարծուեցաւ շարունակական ցեղասպանութեան խնդիրը. 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութենէն մինչեւ օրս` Արցախի պատերազմը ու բնակչութեան տեղահանութիւնը: Լուսարձակի տակ առնուեցաւ այն, որ թիրախաւորուած Հայոց ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի նոյն ոսոխի կողմէն, առաւել եւս Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններու ձախող քաղաքական ընթացքն ու յանձնուողական ուղեգիծը թափ կու տայ այս Ցեղասպանութեան շարունակականութեան, իշխանութիւն մը, որ կ՛ուրանայ Հայոց  պատմութեան սեւ էջերու փաստը:

Կլոր սեղանէն ետք առիթը տրուեցաւ ներկաներուն, որպէսզի ուղղեն իրենց հարցումները:

Աւարտին ներկաները աղօթք բարձրացուցին մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներու հոգիներուն համար, ինչպէս նաեւ ծաղկեպսակ ու ծաղիկներ զետեղեցին Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած մատրան առջեւ:

Սեմինարը փակուեցաւ «Կիլիկիա» օրհներգով:

Նախորդը

Մեր Պատանի Ու Երիտասարդ Ջահակիրները

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակի Ոգեկոչման Աշակերտական Հաւաք` Անթիլիասի Մայրավանքի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձան-Մատրան Դիմաց

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.