Վատիկանի պետական քարտուղարին ուղղած նամակով, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր խորազգաց ցաւակցութիւնը յայտնելէ ետք Ֆրանչիսկոս պապին վախճանման առիթով, նշեց, որ եկեղեցին վերանորոգելու առաջնորդող շարք մը յանդուգն քայլերով ան նոր էջ մը բացաւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կեանքին ու մտածողութեան մէջ: Վախճանեալ պապը շեշտեց միջեկեղեցական շարժումին կարեւորութիւնը, եղաւ զօրակից անարդարութեան զոհ ժողովուրդներուն` պաշտպանելով արդարութիւնը եւ ընկերային ծառայութիւնը նկատեց եկեղեցւոյ առաքելութեան կարեւոր մարզերէն մէկը: Արդարեւ, ան իր օրինակելի համեստութեամբ ու պարզութեամբ եղաւ «ժողովուրդի՛ն պապը»:
Վեհափառ հայրապետը իր նամակին մէջ նաեւ անդրադարձաւ Ֆրանչիսկոս պապին Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալուն քաջ կեցուածքին, ինչպէս նաեւ Արցախի հայութեան նկատմամբ անոր ցուցաբերած զօրակցութեան: