Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին, ուրբաթ, 25 ապրիլ 2025-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ ջահերթ` Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներու յիշատակին:
Ջահերթը սկսաւ ՀՅԴ «Սարդարապատ» ակումբէն: Մասնաճիւղի անդամները ջահերով, պահանջատիրական լոզունգներու պաստառներ բարձրացուցած եւ կոչերով տողանցեցին Պուրճ Համուտի մէջ: Անոնք ուղղուեցան Պուրճ Համուտի հրապարակ, ուր տեղադրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին նուիրուած խորհրդանշական ձեռային մը:
Ջահերթէն ետք Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակի նշում եւ գեղարուեստական յայտագիր` պատրաստուած մասնաճիւղի սկաուտներուն կողմէ: Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ «Ով հայ արի» քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք, մասնաճիւղի սկաուտութեան խօսքը արտասանեց ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի խմբապետ Էւա Ղազարեան:
Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան նշումը եզակի առիթ մըն է յիշեցնելու համայն աշխարհին, որ 1915-ին հայը տեղահան ըլլալով` հաստատուեցաւ օտար երկիրներու մէջ` իբրեւ անտէր, անօթեւան, սակայն հակառակ այս բոլորին, հայու աննկուն կամքին շնորհիւ, օտար երկիրներու մէջ եւս կառուցեց` տուներ, եկեղեցիներ, դպրոցներ, ակումբներ, մշակութային եւ մարզական միութիւններ: Տարբեր ցամաքամասերու վրայ կառուցուեցան փոքրիկ Հայաստաններ, որոնք կոչուեցան սփիւռքահայութիւն:
Ղազարեան խոր վիշտով անդրադարձաւ Արցախի մէջ կատարուող ցեղասպանութեան եւ հայ գերիներու ապօրինաբար Պաքուի մէջ բանտարկութեան եւ նշեց, որ հակառակ այս բոլորին, մենք` իբրեւ պահանջատէր եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած ազգի մը ժառանգորդներ, պէտք է շարունակենք աննահանջ պայքարիլ, մինչեւ որ հայ ժողովուրդը հասնի իր արդար նպատակին: 1,5 միլիոն սրբադասուած նահատակները կը սպասեն մեր պոռթկումին` ըսելով. «Ելէ՛ք, հայեր, ելէ՛ք պայքարի, բա՛ւ է տանջուենք, բա՛ւ է լռենք»:
Իր խօսքը եզրափակելով` մասնաճիւղին խմբապետը ընդգծեց, որ սփիւռքահայութեան սրտին մէջ, Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ կագնած` կը վերանորոգենք մեր ուխտը` շարունակելու համար մեր աննահանջ պայքարը: Կը դատապարտենք ցարդ անպատիժ մնացած Թուրքիոյ գործած ոճրագործութիւնները եւ համայն աշխարհէն կը պահանջենք արդարութիւն եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերադարձ: Մեր հաւաքական լռութիւնը մեզ կ’առաջնորդէ անկումի: Հետեւաբար` ո՛չ լռութեան, ո՛չ բռնատիրութեան, ո՛չ ստրկութեան, ո՛չ զիջումնային-յանձնուողական քաղաքականութեան եւ ո՛չ նորանոր ցեղասպանութեան:
Խօսքին յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիր: Արենուշ խումբի անդամները արտասանեցին Վահան Տէրեանի «Մի՛ խառնէք մեզ» ասմունքը, «Շուշի» պարմանուհի փաղանգի անդամները պարեցին նազպար մը, եւ արի խումբէն անդամներ նուագեցին «Թող հնչէ շեփոր» երգը:
Աւարտին մասնաճիւղին անդամները հաւաքաբար երգեցին «Պիտ պաշտպանեմ» երգը:
Յայտագիրը աւարտեցաւ «Յառա՛ջ, նահատակ» քայլերգով: