Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քայլարշաւ Հայաշէնէն Ժեհթաուի` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Յուշարձան

April 26, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» կոմիտէներուն, ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղին եւ շրջանի ԼՕԽ-ի միաւորներուն, ապրիլ 24-ի առաւօտեան ժամը 9:00-ին պէյրութաբնակ հայերը համախմբուած էին Հայաշէնի ժողովրդային տան առջեւ, ուրկէ ընթացք առաւ քայլարշաւ մը դէպի Ժեհթաուի` հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան:

Քայլարշաւին իրենց մասնակցութիւնը բերին` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, ՀՅԴ «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» կոմիտէութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ` հայորդիներ:

Քայլարշաւը սկսաւ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին եւ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութ մասնաճիւղի սկաուտներուն առաջնորդութեամբ: «Ազատամարտ-Մուրատ» պատանեկան միութեան անդամները եւս մասնակցեցան այս քայլարշաւին:

Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի յուշարձանին դիմաց ծաղկեպսակներ զետեղուեցան Դաշնակցութեան, ԼՕԽ-ին եւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն կողմէ:

Սկաուտներուն, պատանիներուն եւ քայլարշաւի մասնակիցներուն խօսք ուղղեց հայ կաթողիկէ պատրիարքին քարտուղարը` Նարեկ ծ. վրդ. Մնոյեան, որ ողջունեց, իր իսկ բնութագրումով, Հայ դատի պաշտպան Դաշնակցութեան պաշտպանները, որոնք հայապահպանման փարոս հանդիսացած են ու կը շարունակեն իրենց վստահուած սրբազան պարտականութիւնը լիուլի կատարել:  Ան դիտել տուաւ, որ ապրիլ 24-ին յատկապէս մեզ կը համախմբեն սուրբ նահատակները, որոնք մեզի կը պատգամեն ոչ թէ լաց ու ողբ, այլ յիշելու իրենց անցած Գողգոթայի  դժուար ու դաժան ուղին, որմէ իրեն քաջաբար անցած ի սէր հայու տեսակի պահպանման, իսկ այսօր մենք, Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի, կոչուած ենք տէր կանգնելու հայու տեսակին, ըլլալու արժանի հայեր ու ժառանգորդներ այս սերունդին: Նարեկ ծ. վրդ. շեշտեց, որ բաւարար չէ միայն վկայակոչել նահատակներուն անցած ճամբան, այլ` նայիլ մեր ապրած կեանքին, մեր որդեգրած ուղիին, վերարժեւորելու նաեւ մեր ընթացքը եւ ճշդելու` անոնց ուղին կը շարունակե՞նք:

Նարեկ ծ. վրդ. Մնոյեան նաեւ լուսարձակի տակ առաւ հայութեան` իբրեւ քրիստոնեայ առաջին ժողովուրդի շառաւիղը ըլլալու իրողութիւնը, որ մեր ուսերուն կը դնէ յաւելեալ պարտականութիւն, մանաւանդ որ հայը դարեր շարունակ քալած է խաչին ետեւէն եւ խաչին ուղիով:

Ան շեշտեց, որ ջարդ կազմակերպած թուրքը այսօր եւս նոյն քաղաքականութեամբ կ՛առաջնորդուի, կը փորձէ ոճրագործն ու նահատակը նոյն նժարին վրայ դնել, իսկ իւրաքանչիւր հայ` իբրեւ կենդանի կոթող մը Հայոց ցեղասպանութեան, պէտք է լաւապէս գիտակցի թուրքին այս ուղեգիծին, հակադարձէ` հայապահպանութեամբ, հայօրէն ապրելով ու արարելով:

Իր խօսքը աւարտելով` Նարեկ ծ. վրդ. Մնոյեան կոչ ուղղեց հպարտօրէն կրելու քրիստոնէութեան խաչը` իբրեւ ուղեցոյց, ինչպէս նաեւ` հայութեան իրաւունքներուն ու հայկականութեան տէր կանգնելու ամէն գնով:

Նոյն օրը առաւօտեան ՀՅԴ «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» կոմիտէները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, ինչպէս նաեւ «Ազատամարտ-Մուրատ» նորաստեղծ պատանեկան միութեան անդամներ ծաղկեպսակ զետեղեցին Ֆըրն Շպպեքի գերեզմանատան մէջ գտնուող ապրիլեան յուշակոթողին առջեւ:

 

Նախորդը

Ոգեկոչում` Զմմառու Մայրավանքի Շրջափակէն Ներս

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ընտանիքը Նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակը` Խոստանալով Հաւատարիմ Մնալ Սրբադասուած Նահատակներու Կտակին

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.