Երկուշաբթի, 15 փետրուարին իր մահկանացուն կնքեց վաստակաւոր բեմադրիչ եւ դերասան Պերճ Ֆազլեան` լիբանանեան ֆիլմարուեստի եւ թատերական աշխարհին կտակելով մեծ ու լուսաշող աւանդ, զոր ան կերտած է աւելի քան 6 տասնեակ տարիներու ժրաջան ու հետեւողական աշխատանքով, տաղանդով ու մասնագիտական հմտութեամբ: Թատերական եւ ֆիլմարուեստի աշխարհին մէջ համագործակցած է տարբեր անձնաւորութիւններու հետ, սակայն յատկանշական է անոր կապը Ռահպանի եղբայրներուն հետ, որոնց հետ աշխատանքի ուղին սկսած է 1964-ին, երբ ան բեմադրած է նշանաւոր արուեստագէտ Ֆէյրուզի մասնակցութեամբ Ասի եւ Մանսուր Ռահպանիներու «Մատանի ծախող» երաժշտախառն թատրերգութիւնը:
Պերճ Ֆազլեան ծնած է 4 դեկտեմբեր 1926-ին, Կոստանդնուպոլսոյ մէջ: Աւարտած տեղւոյն Մխիթարեան եւ Կեդրոնական վարժարանները, քաղաքապետարանի թատրոնի դասընթացքները: 1944-էն մասնակցած է նոյն թատրոնի ներկայացումներուն: 1965-67 թուականներուն բարձրագոյն ուսում ստացած է Փարիզի մէջ:
1945-ին բեմադրած է իր անդրանիկ թատերախաղը, 1951-ին եկած է Պէյրութ, ուր 1959-ին հիմնած է Վահրամ Փափազեան թատերախումբը, զոր ղեկավարած է մինչեւ 1971 թուական: 1963-ին հիմնած է Լիբանանեան արաբական թատրոնը, 1971-ին` «Ազատ բեմ» սեփական թատերախումբը: 1976-ին հաստատուած է Մոնրէալ, ուր յառաջացուցած է «Հայ բեմ» թատերախումբը, որ զանազան ներկայացումներով հանդէս եկած է Քանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու տարբեր քաղաքներուն, ինչպէս նաեւ Լոնտոնի մէջ:
Մոլիերի «Ագահը» գործին բեմադրութեամբ իր վրայ հրաւիրած է լուսարձակները. լիբանանեան եւ լիբանանահայ կեանքին մէջ անոր բեմադրութիւններէն կարելի է յիշել Իսամ Մահֆուզի «Զանզալախթը», Մ. Փանէոլի «Թոպազ», Լ. Շանթի «Հին աստուածներ», Յ. Պարոնեանի «Պաղտասար աղբար», Կ. Կոլտոնիի «Երկու տիրոջ ծառան», Վ. Շէյքսփիրի «Ամառնային գիշերուան երազը», Մոլիերի «Թարթիւֆ» («Խաչագողը»), Ն. Կոկոլի «Ամուսնութիւն», Կապրիէլ Պուսթանիի «Ժըպրան Խալիլ Ժըպրան»-ը եւ բազմաթիւ ուրիշներ: Աշխատած է լիբանանցի նշանաւոր արուեստագէտներու հետ` Ռեմոն Ժըպարա, Նեպիլ Ապու Հըսըն, Ֆիլիփ Աքիքի, Ֆրիալ Քարիմ եւ շատ ուրիշներ:
Դերերով հանդէս եկած է իր բեմադրած ներկայացումներուն, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ եգիպտական ժապաւէններու մէջ: Հայկական պատկերասփիւռային թատրոնին համար բեմադրած է «Քարիտեզճին» (ըստ Երուխանի «Ձուկին փոխարէն» պատմուածքին, 1986 թուականին):
Իր մահով Լիբանանը կը կորսնցնէ իր կեանքին մեծամասնութիւնը թատրոնին եւ շարժապատկերին նուիրած անձնաւորութիւն մը, իսկ լիբանանահայութիւնը` դերասանէն ու բեմադրիչէն աւելի լիբանանեան իրականութեան մէջ հայութեան անունը բարձր պահած անձնաւորութիւն մը: