Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Արեան Քննութիւններու Անհրաժեշտութիւնը» Նիւթով

Փետրուար 12, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

DSC05760

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 10 փետրուար 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին տեղի ունեցաւ «Արեան քննութիւններու անհրաժեշտութիւնը» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց տարրալուծարանագէտ Շաքէ Բարմաքսզեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց ատենապետ Սոնա Եափուճեան: Ան ներկայացնելէ ետք օրուան դասախօսը նշեց, թէ բոլորս ալ պարբերաբար կը կատարենք արեան մասնայատուկ տարրալուծարանային քննութիւններ, որոնց արդիւնքը ցոյց կու տայ մեր առողջական ընդհանուր վիճակը, ինչպէս նաեւ կ՛օգնէ բժիշկին համապատասխան դարմանումը կատարելու:

Շաքէ Բարմաքսզեան դասախօսութեան սկսաւ շեշտելով արեան քննութիւններու դերը եւ տեղը ընդհանուր բժշկական, ախտաճանաչման շրջագիծին մէջ: Այս պարունակին մէջ ան հաստատեց նախազգուշութեան կարեւորութիւնը` կանխարգիլելու զանազան հիւանդութիւններ եւ տագնապներ:

Շաքէ Բարմաքսզեան յաջորդաբար ներկայացուց արեան քննութեան կարգ մը տեսակէտներ, որոնք անհրաժեշտ բաժինը կը կազմեն հերթականօրէն հետեւելու անհատին առողջական վիճակին:

1.- Արեան ճերմակ գնդիկները.- Ասոնք կը կազմաւորուին ոսկրածուծին մէջ եւ կ՛արտադրուին 7-14 օրուան ընթացքին: Արեան ճերմակ գնդիկներու միջին կեանքը 10-12 օր է: Անոնք մարմնի «զինուորներն» են, կը պայքարին ու կը պաշտպանեն մարմինը զանազան բորբոքումներէ, օտար մարմիններէ:

2.- Արեան կարմիր գնդիկները.- Ասոնք կրկին անգամ կը կազմաւորուին ոսկրածուծին մէջ: Անոնք կ՛աճին 7 օրուան ընթացքին եւ կ՛ուղղուին արեան մէջ` շրջանառութեան: Արեան մէջ անոնք կ՛ապրին 120 օր:

3.- Հեմոկլոպին.- Կարմիր գնդիկներու բաղկացուցիչներն են: Հեմոկլոպինը բնասպիտ (փրոթէյին) մըն է, որուն միջոցով արեան կարմիր գնդիկները թոքերուն մէջ կը միանան թթուածինին հետ եւ հասնելով մարմնի զանազան բջիջներուն, հիւսկեններուն, օրկաններուն, կը փոխադրեն թթուածինը, դէպի թոքեր` վերադարձնելու ածխաթթունը:

4.- Հեմաթոքրիթ.- Արեան կարմիր գնդիկներու բաղկացած համեմատութիւնն է արեան ընդհանուր ծաւալին մէջ:

5.- Փլաքեթ.- Արեան ամէնէն փոքր բջիջներն են, շարունակաբար կը կազմուին ոսկրածուծին մէջ եւ կ՛ապրին մօտաւորապէս 10 օր: Փլաքեթներուն դերը առանձնայատուկ է արեան մակարդումի ու թանձրացման մէջ` կասեցնելով արիւնահոսութիւնը:

Երկրորդ բաժինով դասախօսը ներկայացուց արեան հետեւեալ քննութիւնները.-

6.- Քոլեսթերոլի ընդհանուր քանակը.- Քոլեսթերոլը կը պատկանի ճարպերու ընտանիքին: Ան կը կազմուի լեարդին մէջ: Բնական քանակը արեան մէջ պէտք է ըլլայ < 200mg/dl:

Քոլեսթերոլը կը նպաստէ մեր մարմնի հորմոններու կազմութեան, յատկապէս սեռային, իգական եւ արական ու աճման հորմոններուն:

Քոլեսթերոլը իբրեւ ճարպ կենսուժ կը հայթայթէ մեր մարմնի բջիջները պատող մաշկին: Ան կը փոխադրէ զանազան ճարպալուծային  կենսանիւթեր:

Քոլեսթերոլը ունի զանազան վնասներ, երբ բնականէն բարձր է կամ շատ ցած: Այս անբնական քանակը զանազան ազդակներու արդիւնք է, ինչպէս`  ժառանգական, ճնշուածութեան, ոչ առողջարար  եւ ոչ բաւարար սնունդի:

Ընդհանուր քոլեսթերոլին մէջ պէտք է յիշել «Էյչ. Տի. Էլ»` բարձր խտութեամբ ճարպաբնասպիտները, ինչպէս նաեւ «Էլ. Տի. Էլ.» ցած խտութեամբ ճարպաբնասպիտները:

7.- «Էյչ. Տի. Էլ»-ը կը կոչուի «լաւ» քոլեսթերոլ: Ան կը հաւաքէ կուտակուած յաւելեալ քոլեսթերոլը եւ զայն կը փոխադրէ դէպի լեարդ:

8.- «Էլ. Տի. Էլ.»-ը կը կոչուի «ոչ լաւ» քոլեսթերոլ: Անոնց քանակը բարձրանալով կը կպչին զարկերակներուն ներքին պատին: Անոնք լեարդէն դէպի սիրտ կը փոխադրուին:

9.- Թրիկլիսերիտը.- Կը պատկանի ճարպերու ընտանիքին: Անոնք կը կազմուին լեարդին մէջ: Անհրաժեշտ դեր ունին նիւթափոխանակման հոլովոյթին մէջ:

10.- Շաքար.- Շարոյրը (փանքրէաս) կ՛արտադրէ երկու տեսակի հորմոններ, որոնք կը հաւասարակշռեն արեան շաքարի քանակը:

ա.- Կլիւքակոն.- շաքարի քանակը սպառող

բ.- Ինսիւլին.- շաքարի քանակը պահող

Վերոնշեալ երկու հորմոնները փոխադարձաբար աշխատելով կը կառավարեն շաքարի քանակը արեան մէջ` մնալու բնականոն սահմաններու մէջ:

Մարմինը շաքարը կ՛օգտագործէ իբրեւ կենսուժ: Շաքարի անբնական քանակը իբրեւ հիւանդութիւն կը կոչուի շաքարախտ:

Շաքարախտը կրնայ ըլլալ 2 տեսակի.

1.- Ա. տեսակ` Type I – Juvenile Diabetes Mellitus, մանկական շաքարախտ, երբ մարմինը բաւարար Ինսիւլին չ՛արտադրեր:

2.- Բ. տեսակ` Type II- արեան մէջ բարձր Ինսիւլինի քանակը կ՛ազդէ շաքարի բարձրացման արեան մէջ:

Այս երկրորդ տեսակի շաքարախտը կը յառաջանայ 40 տարեկանէն վեր, ժառանգական ազդակները ունին իրենց որոշադրիչ դերը:

Վերջին բաժինով Շաքէ Բարմաքսզեան ներկայացուց այն երեք արեան քննութիւնները, որոնք կապուած են երիկամներու հետ:

11.- Blood Urea-Nitrogen BUN -կամ Urea.- Երբ սպիտակոյցը (փրոթէյին) նիւթափոխանակումի ենթարկուելով, կը յառաջանայ ամոնիոմը, որ կը վերածուի urea-ի: Վերջինս երիկամներու ճամբով դուրս կ՛արտադրուի, բայց բնական քանակութեամբ կը մնայ արեան մէջ: Արեան մէջ բարձրանալը ցոյց կու տայ երիկամներու ոչ բնական աշխատանքը:

12.- Քրէաթինին.- Կրկին անգամ առնչուած է երիկամներու աշխատանքին, եւ անոնց զտման կարելիութեան:

13.- Ասիտ Իւրիք Միզաթթու.- Արեան մէջ բարձրանալով անոնք կը կուտակուին յօդերու մէջ` պատճառելով ուռեցք եւ ցաւ:

Աւարտին դասախօսը զանազան օրինակներով եւ բացատրութիւններով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

Նախորդը

Մեր Կորուստները Մահացած Է «Գարուն» Ամսագիրի Խմբագիր Վարուժան Այվազեան

Յաջորդը

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ Քիւրտերուն Նկատմամբ Թուրքիոյ Կեցուածքը Կը Նկատեն Խոչընդոտ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարին

RelatedPosts

Պուրճ Համուտի Բնակչութեան Համար  Քաղաքապետական Ծառայութիւնները  Բարելաւելու Նոր Գրասենեակ
Գաղութային

Պուրճ Համուտի Բնակչութեան Համար Քաղաքապետական Ծառայութիւնները Բարելաւելու Նոր Գրասենեակ

Մայիս 21, 2022
Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շնորհաւորէ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Նորընտիր Նախագահը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շնորհաւորէ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Նորընտիր Նախագահը

Մայիս 21, 2022
Հրամայական Է, Որ Միջին Արեւելքի Մէջ Միջեկեղեցական Գործակցութիւնը Նոր Ծաւալ Ստանայ»  Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գաղութային

Հրամայական Է, Որ Միջին Արեւելքի Մէջ Միջեկեղեցական Գործակցութիւնը Նոր Ծաւալ Ստանայ» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Մայիս 21, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In