Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարդանանց Տօնակատարութիւն Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարանին Մէջ

February 16, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Aksor_021616

Ուրբաթ, 5 փետրուար 2016-ին Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի աշակերտները համախմբուած էին վարժարանի «Բակուր Աղասարգիսեան» սրահին մէջ` ներկայութեամբ տնօրէն Արեգնազ Աղասարգիսեանի, ուսուցիչներուն եւ օրուան բանախօս Րաֆֆի Տեմիրճեանի:

Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց հինգերորդ դասարանի աշակերտուհի Տալիտա Էյմեշ, որ ըսաւ, թէ` «այսօրուան հաւաքին առիթը յատուկ է: Մենք այսօր պիտի ոգեկոչենք Վարդանանց տօնը: 451 թուականին հայ ժողովուրդի ճակատագիրը սահմանուած է Աւարայրի ճակատամարտով. շնորհիւ Վարդան Մամիկոնեանի եւ իր հետեւորդներուն քաջ որոշումին` մենք մնացինք քրիստոնեայ, պահեցինք մեր հաւատքը, լեզուն եւ մշակոյթը: Յարգա՛նք անոնց յիշատակին»: Բացման խօսքէն ետք ան ներկայացուց ձեռնարկին յայտագիրը:

Aksor1_021616Aksor2_021616Ապա հերթաբար բեմ բարձրացան բոլոր կարգերէն աշակերտ-աշակերտուհիներ, որոնք արտասանեցին եւ երգեցին Վարդանանց նուիրուած ոտանաւորներ ու երգեր, ինչպէս` «Քաջ Վարդան», «Հպարտ հայորդի», «Աւարայրի դաշտ», «Վարդանանք», «Արի հայեր», «Գողթնի քնար», «Վարդան» եւ այլն:

Գեղարուեստական բաժնի աւարտէն ետք  ուսուցչուհի Նազելի Աւագեան բեմ հրաւիրեց օրուան պատգամախօս, Ազգային առաջնորդարանի տեղեկատուական բաժնի պատասխանատու Րաֆֆի Տեմիրճեանը, որպէսզի արտասանէ իր խօսքը:

Ան ըսաւ. «Վարդանանց ճակատամարտը տեղի ունեցաւ, որովհետեւ պարսիկները կ’ուզէին, որ մենք զրադաշտական կրօնը ընդունինք, իսկ մենք կ’ուզէինք քրիստոնեայ մնալ: Վարդանանց պատերազմին մենք բարոյապէս յաղթեցինք եւ փաստը այսօր մեր ազատ, անկախ հայրենիքն է: Վարդաններ մեզի սորվեցուցին մեր հաւատքը պահել. սորվեցուցին քաջ ըլլալ, եւ մենք այսօր պարտաւոր ենք սուրը բռնելու անոնց գաղափարին զօրակցիլ. մենք պէտք է հաւաքաբար աշխատինք, միշտ միասին ըլլանք ու նաեւ Վարդանի տիպարը, որ դուք ունիք ձեր մէջ պէտք է պահէք: Պէտք չէ օտար տիպարներու հետեւիք, որովհետեւ տակաւին, վստահ եմ, Վարդաններ գոյութիւն ունին ձեր մէջ: Բոլորս հետեւինք Վարդաններու տիպարներուն` մինչեւ մեր բռնագրաւուած հողերուն մայր հայրենիքին միացումը»:

Օրուան պատգամի փոխանցումէն ետք խօսք առաւ վարժարանի տնօրէնուհի Արեգնազ Աղասարգիսեան, որ թելադրեց աշակերտներուն միշտ յիշել Վարդանանց խորհուրդը, անոր պատգամը  եւ հետեւիլ Վարդաններու օրինակին:

Նախորդը

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարան. Վարդանանաց Ճակատամարտի Տօնախմբութիւն

Յաջորդը

Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճը` Հաւատարիմ Կրթօճախ Ազգային Տօներուն Եւ Աւանդութեանց

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան.  Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր,  Պատճառներ, Արդիւնքներ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան. Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր, Պատճառներ, Արդիւնքներ

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.