Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ողջոյնի Կոչ Սուրիահայութեան` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելից Միջինարեւելեան Երկիրներու Յանձնախումբերու Խորհրդաժողովին Կողմէ

February 16, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Լիբանանի Կեդրոնական յանձնախումբին կազմակերպած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջինարեւելեան երկիրներու յանձնախումբերու խորհրդաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ (Անթիլիաս) 13 փետրուար 2016 թուականին, տարբեր երկիրներէ եկած զեկուցումներուն կարգին, խորհրդաժողովի ներկաներս ուշադրութեամբ ունկնդրեցինք հալէպահայութեան մասնակցութիւնը համազգային այն մեծ իրադարձութեան, որ կը կոչուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նշում:

Այս առիթով ներկաները բարձր կը գնահատեն սուրիահայ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հանդէս բերած ազգային ինքնագիտակցութիւնը եւ կորովը. անոնք գտնուելով պատերազմական ծանր պայմաններու տակ, ռմբակոծութիւններու ներքեւ` պատերազմին պատճառած իրենց արտահերթ եւ դժուարին մտահոգութիւններուն առընթեր կը շարունակեն կեանքի ու մահուան կռիւ տալուն զուգընթաց մասնակցիլ համազգային մեր մտահոգութիւններուն:

Այս առիթով խորհրդաժողովին ներկաները միաձայնութեամբ իրենց ողջոյնը կ՛ուղղեն իրենց սուրիահայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն: Կը մաղթենք, որ Սուրիան արագօրէն դուրս գայ պատերազմական այս իրավիճակէն, բռնէ խաղաղ բարգաւաճման ուղին եւ այդ ճամբուն վրայ սուրիահայութիւնը վերստանձնէ իր քաղաքացիական ու ազգային շինարար աշխատանքը:

Մինչ այդ, ժողովականները կը գտնեն, որ համայն հայութիւնը` Հայաստանի պետականութեամբ, հոգեւոր կեդրոններով, կուսակցական, ազգային բազմաբնոյթ մարմիններով պարտի շարունակել իր ամբողջական այլաբնոյթ օժանդակութիւններով թիկունք կանգնիլ սուրիահայ մեր ազգակիցներուն, որպէսզի սուրիահայ գաղութը վերագտնէ ինքզինք եւ դառնայ երբեմնի հայակերտման օճախը:

 

Նախորդը

Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի Այցելութիւնները` Համայնքային Կեդրոններ

Յաջորդը

Անդրադարձ. Թուրք-Ամերիկեան Լարուածութիւնն Ու Ռուսական Արջը

RelatedPosts

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ
Գաղութային

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ

October 26, 2026
ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին

October 26, 2026
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ
Գաղութային

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.