
Ուրախալի երեւոյթ էր տեսնել Զահլէի «Հայ կեդրոն»-ը իսկական Կաղանդի մթնոլորտի մէջ:
Արդ, Զահլէի ԼՕԽ-ի «Շուշի» մասնաճիւղի, ԼԵՄ-ի «Համազասպ» կորիզի եւ Զահլէի ՀՄԸՄ-ի վարչութիւններուն միացեալ ջանքերով եւ կազմակերպութեամբ, երեքշաբթի, 27 դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, յիշեալ կեդրոնի սրահը լեցուցին շրջանէն 40 փոքրիկներ: Անոնց ուրախ դէմքերը ջերմացուցին սրահը. մինչ դուրսը ձիւնը կը տեղար եւ կը զարդարէր շրջակայքը` պարզելով ձմեռնային եւ հարազատ ամանորեան եւ Կաղանդի մթնոլորտ:
Օդերեւութական պարզուած կացութիւնը արգելք չեղաւ Կաղանդ պապուկի ժամանումին, այլ հակառակը: Բոլոր ներկաները հրճուանքի պահեր ապրեցան, երբ ան եկաւ` իրեն հետ բերելով Կաղանդ մամիկը եւ 4 այլ մանկական կերպարներ: Անոնք միասնաբար երգեցին, պարեցին եւ խաղեր խաղացին:
Հանդիսավար Կաղանդ մաման` Լիզա Հեքիմեան, իր պատրաստած պատշաճ յայտագիրով ճոխացուց մթնոլորտը` վառ պահելով հայկական ամանորեան աւանդութիւնները:
Ձեռնարկի աւարտին, կազմակերպիչ վարչութիւններուն անունով խօսք առաւ ԼՕԽ-ի «Շուշի» մասնաճիւղէն Սօսի Բալուլեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց վարչութիւններուն, հանդիսավարին, ներկայ փոքրիկներուն եւ անոնց ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները վստահեցան Զահլէի «Հայ կեդրոն»-ի պատասխանատուներու հոգածութեան եւ շէն պահեցին կեդրոնը, որ իսկապէս հայկական օճախի դերը կատարեց եւ պիտի շարունակէ կատարել յառաջիկային եւս: Ան շնորհաւորեց ներկաներուն Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը` մաղթելով բարեբեր տարի մը:
Ձեռնարկը հասաւ իր լրումին` հիւրասիրութեամբ եւ նուէրներու բաշխումով:


