Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Կաղանդի Նուէրը

December 31, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

hmem_123016

Տարեսկիզբին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանային վարչութիւնը ծրագրեց վիճակահանութիւն մը, որուն պարգեւն էր «Մինի Քուփըր» վաճառանիշի ինքնաշարժ մը: Վիճակահանութեան հասոյթը պիտի օժանդակէր ՀՄԸՄ-ի մարզական եւ սկաուտական աշխատանքներուն թափ տալու: Մեծ թիւով ՀՄԸՄ-ականներ եւ բարեկամներ` հաւատալով ՀՄԸՄ-ի առաքելութեան, ընդառաջեցին Շրջանային վարչութեան առաջարկին, եւ վիճակահանութեան տոմսերը սպառեցան:

Միութեան մօտիկ բարեկամ մը, որ շատ մեծ ներդրում ունեցաւ այս աշխատանքի յաջողութեան մէջ, փափաք յայտնեց, որ իր գնած հարիւրաւոր վիճակահանութեան տոմսերը բաժնուին ՀՄԸՄ-ականներու եւ ՀՄԸՄ-ի համակիրներու` յուսալով, որ  անոնցմէ մէկը կը շահի պարգեւը: Այդպէս ալ եղաւ: Հինգշաբթի, 29 դեկտեմբեր 2016-ին, ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի խումբը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին մէջ մրցում մը ունէր: Մարզադաշտը բերնէ-բերան լեցուն էր: Լաւագոյն առիթն էր այս տոմսերը բաժնելու բոլոր ներկաներուն անխտիր եւ վիճակաձգութիւնը կատարելու: Դաշտին մէջ տիրեց ցնծութիւն, երբ ի յայտ եկաւ, թէ յաղթող թիւի տոմսը (02103) կը պատկանէր դաշտը գտնուող 15-ամեայ պատանիի մը, որ իր ընկերներուն հետ դաշտ գացած էր քաջալերելու համար ՀՄԸՄ-ի խումբը: Ամանորի լաւագոյն նուէրն էր թէ՛ պատանիին, թէ՛ ՀՄԸՄ-ին եւ թէ՛ բարերարին համար:

Շնորհակալ ենք, պարոն Հրայր Սարգիսեան:

Շնորհաւոր ըլլայ, սիրելի՛ Սէրուժ:

Կեցցէ՛ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը:

ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

Քոյր Արուսեակ Սաճոնեան Ընտրուեցաւ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան Մեծաւորուհի

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ապահովական Գործիքակազմի Բացը Հարաւային Լիբանանի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ապահովական Գործիքակազմի Բացը Հարաւային Լիբանանի Մէջ

October 22, 2026
Օսլոյի Ժողովէն Ետք.  Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ  Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Օսլոյի Ժողովէն Ետք. Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում

October 22, 2026
ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի  Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին,  Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային
Գլխաւոր լուրեր

ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին, Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.