Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Անսխալ Գրենք» Մրցում. 14 Հայկական Վարժարաններէ 43 Մրցանակակիրներ Ստացան Իրենց Պարգեւները

December 29, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

bm_122816

13-րդ տարին ըլլալով «Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-մզտիկ»-ը այս տարի եւս կազմակերպեց «Անսխալ գրենք» մրցումը: Երէկ` չորեքշաբթի, 28 դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահը հաւաքուած էին մրցանակակիր աշակերտները` իրենց ծնողներուն հետ:

Բացման խօսքին ընդմէջէն «Պզտիկ-մզտիկ»-ի խմբագրական անձնակազմի անդամ Սրբուկ Ճէնանեան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, հայկական վարժարաններու տնօրէնութիւններուն, ուսուցչական կազմերուն եւ ի մասնաւորի փոքրիկ մրցանակակիրներուն, որոնք ամէն ճիգ կը թափեն անաղարտ պահելու մեսրոպեան ուղղագրութիւնը եւ ամէն  տարի մեծ ոգեւորութեամբ կը մասնակցին մրցումին. շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ նաեւ հայկական դպրոցներուն, որոնք անխտիր իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ու կը քաջալերեն «Պզտիկ-մզտիկ»-ի կազմակերպած «Անսխալ գրենք» մրցումը: Ասոր փաստը այն է, որ այս տարուան մրցանակակիրներու հունձքը 43 աշակերտ է` 14 հայկական վարժարաններէ:

bm1_122816

Շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղուեցաւ նաեւ «Սօսի» յիշատակի ֆոնտին, որ ամէն տարի կը հովանաւորէ մրցումը եւ կը հոգայ մրցանակակիրներուն նիւթական պարգեւները: Հայկական բոլոր վարժարաններուն եւ ծնողներուն ուղղուած յաջողութեան բարեմաղթութիւններէն ետք, հրաւիրուեցաւ «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանը` իր խօսքը ուղղելու:

Ան նախ եւ առաջ շնորհաւորեց փոքրիկները, անոնց ծնողները եւ հայկական դպրոցներու տնօրէններն ու ուսուցիչները` յայտնելով, որ շատ ուրախալի առիթ է, որ այսպիսի հաւաքական աշխատանքով գաղութին մէջ տեղի կ՛ունենան նման հաւաքոյթներ, որոնք միշտ յաջողութեամբ կը պսակուին` յիշելով, որ առաջին մրցումին մասնակիցները արդէն երիտասարդ են հիմա, ցանկագրումի աշխատանքէն ետք փորձ պիտի կատարուի կապ հաստատելու անոնց հետ: Այս ծիրին մէջ Գանտահարեան նշեց նաեւ, որ շատ հաւանական է, որ յառաջիկայ տարի հանդիպումներ տեղի ունենան ուսուցիչներու հետ եւս` լսելու անոնց առաջարկները եւ ամրապնդելով հաւաքական աշխատանքը: Իր խօսքի աւարտին Գանտահարեան շնորհաւորեց բոլորին Նոր տարին ու Սուրբ Ծնունդը` յառաջիկայ տարի դարձեալ հանդիպելու յոյսով:

Մրցանակաբաշխութենէն ետք ներկաները հրաւիրուեցան հիւրասիրութեան:

 

 

Նախորդը

Սուրբ Ստեփանոսի Տօնը` Անթիլիասի Մէջ

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ընտանիքը Այցելեց Շահանդուխտին

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրան Աննախադէպ Կերպով  Ազատութեան Կը Ձգտի, Եւ Ամերիկան Ամբողջովին  Պատրաստ Է Օգնելու»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրան Աննախադէպ Կերպով Ազատութեան Կը Ձգտի, Եւ Ամերիկան Ամբողջովին Պատրաստ Է Օգնելու»

January 12, 2026
Ռեզա Փահլաւի Իրանի Մէջ Ցուցարարներուն  Կոչ Ուղղեց` Քաղաքներու Կեդրոններուն  «Տիրելու Պատրաստուելու»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզա Փահլաւի Իրանի Մէջ Ցուցարարներուն Կոչ Ուղղեց` Քաղաքներու Կեդրոններուն «Տիրելու Պատրաստուելու»

January 12, 2026
Քրտական Ուժերը Հեռացան Հալէպի Աշրաֆիէ  Եւ Շէյխ Մաքսուտ Թաղամասերէն
Գլխաւոր լուրեր

Քրտական Ուժերը Հեռացան Հալէպի Աշրաֆիէ Եւ Շէյխ Մաքսուտ Թաղամասերէն

January 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.