Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրբ Ստեփանոսի Տօնը` Անթիլիասի Մէջ

Դեկտեմբեր 29, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

sdepanos2_122516

Քրիստոնէական եկեղեցւոյ առաջին մարտիրոս սարկաւագին` Ս. Ստեփանոս նախավկայի տօնին առիթով կիրակի, 25 դեկտեմբեր 2016-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ, նախագահութեամբ` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Ս. պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի նախկին տեսուչ Թորգոմ Ծ. վրդ. Տօնոյեան:

Անցեալէն մեզի հասնող աւանդութեան համաձայն, առաւօտեան ժամերգութեան «Փառք ի բարձունս»-ի երգեցողութեան ընթացքին դպրեվանքի սարկաւագաց դասը քահանայական սաղաւարտներ դրած եկեղեցւոյ մէջ` խնկարկեցին, Աստուծոյ ծառայութեան ու սպասաւորութեան իբրեւ նշան:

Պատարագի ընթացքին, պատարագիչ հայր սուրբը իր տուած քարոզին մէջ խօսեցաւ սարկաւագին հայ եկեղեցւոյ մէջ ունեցած կարեւորութեան ու արժէքին մասին: Հայր սուրբը խրատական խօսքերով դիմեց սարկաւագաց դասուն` ըսելով. «Այսօր Աստուած չ՛ուզեր մեզմէ, որ մարմնապէս նահատակուինք իրեն համար, այսօր Քրիստոս չ՛ուզեր, որ ֆիզիքապէս զոհուինք իր փառքին համար, որովհետեւ իր փառքը արդէն հաստատուած է աշխարհի տարածքին: Տարբեր նահատակութիւն մըն է, որ Աստուած կ՛ուզէ տեսնել այսօր մեր կեանքին մէջ: Այսօր Ս. Ստեփանոսի տօնին ընդմէջէն Աստուած կը հրաւիրէ մեզ, որպէսզի մեր եսը նահատակենք Քրիստոսի սիրոյն: Ան կը հրաւիրէ մեզ, որ հոգեւոր, մարդկային եւ ընկերային արժէքները նախապատիւ դաւանինք քան մեր եսը»:

sdepanos1_122516

Յաւարտ Ս. եւ անմահ պատարագին, վեհարանի դահլիճին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը, սարկաւագաց դասը եւ հաւատացեալ ժողովուրդը: Վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր, նուիրուած` Ս. Ստեփանոս նախավկայի տօնին:

«Ստեփանոս քաղցրիկ տատրակ» եւ «Աշակերտք Քրիստոսի» շարականներու երգեցողութենէն ետք, սարկաւագներուն անունով խօսք առնելով, իր ուղերձին ընդմէջէն ծառայութեան ճամբուն մէջ մնալու ուխտը վերանորոգեց Աւետիս սրկ. Ասայեան: Ան սարկաւագաց դասուն անունով խոստացաւ հաւատարիմ մնալ հայ եկեղեցւոյ սկզբունքներուն եւ աւանդութիւններուն, ծառայութեան ու նուիրումի ճամբով կեանքի կոչելու Ս. Ստեփանոս նախավկայի կեանքի օրինակը:

Այս առիթով վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Հետեւելով Ս. Ստեփանոս նախավկայի կեանքի օրինակին` պէտք է գիտնալ, որ ճշմարիտ ծառան այն է, որ հաւաքականը աւելի վե՛ր կը դասէ, քան իր անձը, կապուած կը մնայ հոգեմտաւոր արժէքներուն եւ ոչ թէ նիւթականին, առաջնահերթ կը դասէ եկեղեցի՛ն եւ ոչ թէ իր անձնական շահերն ու հետաքրքրութիւնները»: Խօսելով օրուան խորհուրդին մասին` վեհափառ հայրապետը յայտնեց նաեւ, թէ «Ս. Ստեփանոսի տօնը յիշեցում է եկեղեցւոյ` ծառայութիւնը նկատելու իր կեանքի առանցքը»:

Վեհափառ հայրապետը, իր խօսքը յատկապէս ուղղելով միաբան հայրերուն եւ դպրեվանքի սաներուն, ըսաւ. «Այս օրը մեր ծառայական կեանքի վերանորոգութեան օրն է: Մեզմէ իւրաքանչիւրը սարկաւագ է, այլ խօսքով` ծառայ: Եւ հայ եկեղեցին միւս եկեղեցիներէն տարբերողը այն է, որ ոչ միայն հոգեւոր, այլ նաեւ ազգային գետնի վրայ լծուած է ժողովուրդի ծառայութեան»:

Աւարտին, վեհափառ հայրապետը Ս. Ստեփանոսի տօնին առիթով պահպանիչով օրհնեց սարկաւագաց դասն ու ծառայութեան լծուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութիւնը:

Ս. Ստեփանոսի Նախատօնակ` Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Մէջ

sdepanos_122516Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, ներկայութեամբ Լիբանանի թեմի քահանայից դասուն, նաեւ թեմի եկեղեցիներու սարկաւագներուն եւ կիսասարկաւագներուն, կիրակի, 25 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի տօնին առիթով տեղի ունեցաւ նախատօնակի հանդիսաւոր արարողութիւն: Աւարտին «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան:

 

Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ կամաւոր ծառայութեան կարեւորութեան` շեշտը դնելով հաւատքի, սիրոյ եւ աստուածային շնորհին վրայ: Ան յորդորեց ներկաները ծառայելու հաւատքով, Աստուծոյ շնորհով եւ կոչումով: Ս. Ստեփանոսի օրինակը բերելով ներկաներուն` սրբազան հայրը հաստատեց, որ ան իբրեւ առաջին մարտիրոս յանձն առաւ նահատակութիւնը Աստուծոյ սիրոյն, յանձն առաւ իրեն վստահուած գործը եւ զայն ամբողջութեամբ ու լիուլի կատարեց հաւատքով, Աստուծոյ ապաւինելով: «Այսօր, մենք իբրեւ սարկաւագներ եւ սպասաւորներ, հրաւիրուած ենք նոյն բծախնդրութեամբ կատարելու մեր առաքելութիւնը ամուր հաւատքով, Աստուծոյ դիմելով, Աստուծոյ առաջնորդութեամբ, որպէսզի մեզի վստահուած այս նուիրական գործը կատարեալ ձեւով ընենք», շեշտեց սրբազան հայրը` աւելցնելով, որ սարկաւագութիւնը գործ չէ, այլ` կոչում եւ առաքելութիւն, հետեւաբար մենք այդ առաքելութեան տէրը պէտք է ըլլանք եւ բծախնդրութեամբ կատարենք մեզի վստահուած գործը Աստուծոյ փառքին համար: Եզրափակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը շնորհաւորեց սարկաւագները եւ կիսասարկաւագները եւ իր բարեմաղթութիւնները ուղղեց բոլորին Նոր տարուան ու Ս. Ծնունդի առիթով:

Յայտնենք, որ շաբաթ, 24 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մսուրի բացում, նաեւ գեղարուեստական յայտագիր, որ կը ներառէր ծննդեան շարականներու եւ հոգեւոր երգերու փունջ մը:

 

 

Նախորդը

«Մակին Եւ Կաղանդ Պապան» Թատերախառն Երգահանդէսին Առաջին Ելոյթը

Յաջորդը

«Անսխալ Գրենք» Մրցում. 14 Հայկական Վարժարաններէ 43 Մրցանակակիրներ Ստացան Իրենց Պարգեւները

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?