Հինգշաբթի, 29 դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, վեհափառ հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պըն Ապտալլա Պուխարին: Դեսպանին կ՛ընկերանային դեսպանատան քաղաքական եւ մշակութային հարցերու պատասխանատուները:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան առնչուած հարցեր: Խօսակցութեան ընթացքին յատուկ ուշադրութեան արժանացաւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը: Թէ՛ վեհափառ հայրապետը եւ թէ՛ դեսպանը կարեւորութեամբ շեշտեցին միաստուածեան երկու կրօններուն միջեւ երկխօսութիւնն ու գործակցութիւնը աւելի ծաւալելու հրամայականը: