Երէկ յետմիջօրէին, «Ազդակ»-ի տնօրէնութիւնը, խմբագրակազմն ու աշխատակազմը Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով այցելեցին Շահանդուխտին բնակարանը: Տօնական այս օրերուն կը զուգադիպի նաեւ գրող, բանաստեղծ, մամուլի երկարատեւ գործիչ Շահանդուխտի ծննդեան տօնը:
«Ազդակ»-ի խմբագրակազմին երկար տարիներ անդամակցած վաստակաւոր գրողը յայտնեց, որ կը շարունակէ մօտէն հետեւիլ թերթի աշխատանքներուն եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց ստեղծուած այս առիթին համար:
«Ազդակ»-ի ընտանիքը քաջառողջութիւն մաղթեց Շահանդուխտին` փափաք յայտնելով, որ տարբեր առիթներու այցելէ «Ազդակ» եւ շարունակէ օգտաշատ զրոյցներ ունենալ աշխատակազմի անդամներուն հետ: