Գաղութային

ԼԵՄ-ականներ Թրքական  Արտադրութիւններուն Դէմ  Թռուցիկներ Կը Ցրուեն «Պիել»-ի Մէջ

ԼԵՄ-ականներ Թրքական Արտադրութիւններուն Դէմ Թռուցիկներ Կը Ցրուեն «Պիել»-ի Մէջ

Երէկ` ուրբաթ, 7 ապրիլ 2017-ին, «Պիել»-ի մէջ տեղի ունեցաւ ուտեստեղէնի ցուցահանդէս մը, կազմակերպութեամբ «Օրեքա» ընկերութեան. ցուցահանդէսին կը մասնակցէին նաեւ թրքական քանի մը ընկերութիւններ: Այս առիթով ՀՅԴ ԼԵՄ-էն խումբ մը երիտասարդներ «Պիել»-ի հիմնական 3 դահլիճներուն մէջ գտնուող ներկաներուն ցրուեցին թռուցիկներ, որոնց մէջ նշուած էր, թէ Թուրքիոյ պետական քաղաքականութիւնը ունի երկու երես` զինուորական եւ տնտեսական, որ կը նպատակադրէ շրջանի պետութիւններու տկարացումը, քաղաքակրթութիւններու...

Արցախէն Ուսուցիչներ`  «Ազդակ»-ի Խմբագրատան Մէջ

Արցախէն Ուսուցիչներ` «Ազդակ»-ի Խմբագրատան Մէջ

Մարտակերտի Վարդան Մինասեանի անուան թիւ 2 հիմնական դպրոցի տնօրէն Մելսիդա Քարդումեան եւ դպրոցի ուսումնական դժուարութիւններ ունեցող աշակերտներու ներառման գործընթացի պատասխանատու ուսուցիչներ Լուսինէ Սայիեան եւ Ռուզաննա Աւետիսեան այցելեցին «Ազդակ» եւ տեսակցեցան տնօրէնութեան հետ: Հիւրերուն կ՛ընկերանային Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Ռիթա Ժամկոչեան եւ ուսումնական յատուկ դժուարութիւն ունեցող բաժանմունքի պատասխանատու, «Զարթօնք»-ի խմբագիր Սեւակ Յակոբեան: Մելսիդա Քարդումեան զեկուցեց Մարտակերտի դպրոցներու վիճակին, աշակերտութեան թիւին...

Բրիտանիոյ Դեսպանը Անթիլիասի Մէջ

Բրիտանիոյ Դեսպանը Անթիլիասի Մէջ

Երէկ` հինգշաբթի, 6 ապրիլ 2017-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրը: Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ, որ վեհափառ հայրապետը եւ դեսպանը քննարկեն ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի ներքին կացութեան առնչուած հարցեր: Վեհափառ հայրապետը դեսպան Շորթըրին լայն բացատրութիւն տուաւ Լիբանանի հայ համայնքին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան մասին: Յայտնենք նաեւ, որ այս...

Յարգանքի Երեկոյ` Ռոստոմի  Ծննդեան 150-ամեակին Նուիրուած

Յարգանքի Երեկոյ` Ռոստոմի Ծննդեան 150-ամեակին Նուիրուած

ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէն երէկ` հինգշաբթի, 6 ապրիլ 2017-ի, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայաշէնի «Սեդրակ Աճէմեան» սրահին մէջ կազմակերպած էր յարգանքի երեկոյ` նուիրուած Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան կրտսեր անդամ, Դաշնակցութեան հիմնադիր սերունդին մէջ հայութեան ազգային-հոգեմտաւոր ժառանգութեան ամէնէն քաջածանօթ եւ հաղորդ ներկայացուցիչին` Ռոստոմին, անոր ծննդեան 150-ամեակին առիթով: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց  Յակոբ Ղազարեան, որ լուսարձակի տակ առաւ...

Երեսփոխան Դոկտ. Նորա Արիսեան` Սուրիա –  Հայաստան Խորհրդարանական  Բարեկամական Յանձնախումբի Նախագահ

Երեսփոխան Դոկտ. Նորա Արիսեան` Սուրիա – Հայաստան Խորհրդարանական Բարեկամական Յանձնախումբի Նախագահ

«Բերիոյ նիւզ» կը հաղորդէ, թէ հինգշաբթի, 6 ապրիլ 2017-ին, պաշտօնապէս հրապարակուեցան Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ ընթացիկ տարուան 6 մարտին նշանակուած տարբեր երկիրներու հետ բարեկամական յանձնախումբերու անձնակազմերը: Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ Սուրիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական յանձնախումբի նախագահ նշանակուեցաւ երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան: Նշենք, որ Սուրիա-Հայաստան բարեկամական յանձնախումբը կը բաղկանայ 11 անդամներէ: Յանձնախումբին պարտականութիւնն է Հայաստանի խորհրդարանին եւ ժողովուրդին հետ ամրապնդել յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ ամրապնդել...

Ազգային Առաջնորդարան.  «Եկեղեցւոյ Կառոյցներուն Դերը Ընկերային  Ծառայութիւններուն Մէջ»  Նիւթով Միօրեայ Համագումար

Ազգային Առաջնորդարան. «Եկեղեցւոյ Կառոյցներուն Դերը Ընկերային Ծառայութիւններուն Մէջ» Նիւթով Միօրեայ Համագումար

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, գործակցութեամբ Լիբանանի թեմի Կրօնական ժողովին, մասնակցութեամբ եկեղեցիներու տիկնանց յանձնախումբերուն եւ կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի ընկերային յանձնախումբին, երէկ` չորեքշաբթի, 5 ապրիլ 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան - Եռագոյն» սրահին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ 2017 տարին «Վերանորոգումի տարի» հռչակուելուն առիթով, տեղի ունեցաւ միօրեայ համագումար` «Եկեղեցւոյ կառոյցներուն դերը...

Երեսփոխան Բագրատունի Ցաւակցութիւն  Յայտնեց Ռուսիոյ Դեսպանին

Երեսփոխան Բագրատունի Ցաւակցութիւն Յայտնեց Ռուսիոյ Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի երէկ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ արձանագրուած պայթումին հարցով ցաւակցագիր մը յղեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինի: Բագրատունի իր նամակին մէջ դատապարտեց յարձակումը եւ ցաւակցութիւն յայտնեց արձանագրուած զոհերուն համար, ինչպէս նաեւ բարի ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն: ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը իր կարգին նոյնպիսի ցաւակցագիր մը յղելով Ռուսիոյ դեսպանին` խոր ցաւ...

Ս. Հոգի Համալսարանին Մէջ.  ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը  Խաղաղ Ցոյց Կը Կազմակերպէ  Թուրք Ժխտողական Պատմաբանի Դէմ

Ս. Հոգի Համալսարանին Մէջ. ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը Խաղաղ Ցոյց Կը Կազմակերպէ Թուրք Ժխտողական Պատմաբանի Դէմ

ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան (ԶՈՄ) անդամներ երէկ, երեքշաբթի խաղաղ նստացոյց մը կազմակերպեցին Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանին մէջ` իբրեւ բողոք նշեալ համալսարանին եւ Պէյրութի մէջ թրքական «Եունուս Էմրէ» հիմնարկի արդի Թուրքիոյ մասին կազմակերպած դասախօսութեան դէմ: Իբրեւ դասախօս հրաւիրուած էր թուրք պատմագէտ Իլպեր Օրթայլը, որ ծանօթ է Հայոց ցեղասպանութեան գծով իր ժխտողական եւ հակահայ կեցուածքով ու ապատեղեկատուութեամբ: Ուսանողները դասախօսութեան մասնակցելով հարցումներ ուղղեցին...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Եւրոպական Դատարանին Կ՛առաջարկէ Արագացնել Սիսի Դատին Ընթացքը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Եւրոպական Դատարանին Կ՛առաջարկէ Արագացնել Սիսի Դատին Ընթացքը

Յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսին, Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին գրաւոր հայց ներկայացնելով, Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին իրաւական յանձնախումբը յիշեալ դատարանէն պահանջեց` Առաջին, 7 դեկտեմբեր 2016-ին իրեն ներկայացուած Սիսի կաթողիկոսարանի դատական թղթածրարը Թուրքիոյ դատարանին չյղել` նկատի ունենալով Թուրքիոյ մէջ պարզուած անորոշ վիճակը, դատական-իրաւական օրէնքներուն խախտումը, ապօրէն վերաբերումը դատաւորներու ու փաստաբաններու նկատմամբ եւ ընդհանրապէս տիրող բռնատիրական կացութիւնը: Արդարեւ, մտահոգիչ կացութիւն մը, որուն նկատմամբ,...

Ուխտագնացութիւն Դէպի Այնթուրայի Երբեմնի Որբանոց

Ուխտագնացութիւն Դէպի Այնթուրայի Երբեմնի Որբանոց

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբին, ուխտագնացութիւն մը տեղի ունեցաւ Այնթուրայի երբեմնի որբանոցը: ԼՕԽ-ականներ եւ բարեկամուհիներ ուղղուեցան Այնթուրայի որբանոցը, մուտքին դիմաւորուեցան դպրոցի տեսուչ հայր սուրբին կողմէ, որ մանրամասն տեղեկութիւն ներկայացուց, այս որբանոցին մասին: Ապա ան հրաւիրեց իրենց դպրոցի պատմութեան ուսուցիչը, որ յոյն ըլլալով ըսաւ, որ իրենք ալ ճաշակած են թուրքին բարբարոսութիւնները: Այնուհետեւ ան ցոյց տուաւ բակին կեդրոնական մասին...

Ազգային Իշխանութեան  Ուսումնական Խորհուրդ.  «Մանկավարժական Մշակման Օր»` Մասնակցութեամբ  Ազգային Վարժարաններու Միջնակարգ  Եւ Երկրորդական Բաժիններու Ուսուցիչներուն

Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդ. «Մանկավարժական Մշակման Օր»` Մասնակցութեամբ Ազգային Վարժարաններու Միջնակարգ Եւ Երկրորդական Բաժիններու Ուսուցիչներուն

Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, շաբաթ, 1 ապրիլ 2017-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-1:00, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մանկավարժական մշակման օր»` մասնակցութեամբ Ազգային վարժարաններու միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու ուսուցիչներուն: Ուսումնական խորհուրդին անունով Սեդա Մանկասարեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն նկատել տուաւ, որ Ուսումնական խորհուրդը որոշած է կրկին հաստատել մանկավարժական մշակման գործընթացը, որ անցեալին յաջորդական տարիներով բծախնդրօրէն...

Լուսաւորիչի Շնորհաբաշխ Աջը Անգամ Մը Եւս Օրհնեց, Սրբեց Ու Լուսաւորեց Ուխտաւորներու Բազմութիւնը

Լուսաւորիչի Շնորհաբաշխ Աջը Անգամ Մը Եւս Օրհնեց, Սրբեց Ու Լուսաւորեց Ուխտաւորներու Բազմութիւնը

Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը նշեց հայ ժողովուրդի հաւատքի հօր` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին չարչարանքներն ու Խոր վիրապ մուտքի յիշատակի օրը: Յատուկ նշանակութիւն ունի Կիլիկեան Ս. աթոռին համար այս տօնը, որ 86 տարիներ առաջ` 1931-ին, Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոսի հայրապետական կոնդակով հաստատուած է իբրեւ «Անթիլիասի ուխտի օր»: Արդարեւ, կիրակի, 2 ապրիլ 2017-ի առաւօտուն, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին,...

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչները Կ’այցելեն Արամ Ա. Վեհափառին

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչները Կ’այցելեն Արամ Ա. Վեհափառին

Երէկ, առաւօտեան, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու` ՍԴՀԿ-ի, ՌԱԿ-ի եւ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչներէն բաղկացած պատուիրակութիւն մը այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ անոր հետ քննարկեց Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակի ոգեկոչման նախապատրաստութիւնները: Պատուիրակութիւնը Արամ Ա. վեհափառին փոխանցեց Ապրիլ 24-ի առիթով տեղի ունենալիք կեդրոնական, միջկուսակցական ձեռնարկներուն իր պատկերացումը: Ձեռնարկները պիտի ունենան համահայկական ու համալիբանանեան բնոյթ: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ նաեւ վեհափառին հետ խորհրդակցելու...

ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ-Սերգէյ» Պատանեկան Միութիւն.  Քառօրեայ Պատերազմին Նուիրուած Ձեռնարկ`  «Եղի՛ր Աւելի Ուժեղ, Արթուն Եւ Պատրաստ» Բնաբանով

ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ-Սերգէյ» Պատանեկան Միութիւն. Քառօրեայ Պատերազմին Նուիրուած Ձեռնարկ` «Եղի՛ր Աւելի Ուժեղ, Արթուն Եւ Պատրաստ» Բնաբանով

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ-Սերգէյ» պատանեկան միութեան երէկ` ուրբաթ, 31 մարտին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի քառօրեայ պատերազմին նուիրուած ձեռնարկ` «Եղի՛ր աւելի ուժեղ, արթուն եւ պատրաստ» բնաբանով եւ «Ցեղասպանութենէն քառօրեայ պատերազմ» նիւթով: Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի  քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Այնուհետեւ օրուան հանդիսավարներ` ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ-Սերգէյ» պատանեկան միութեան  պատանիները մերթ ընդ մերթ բեմ բարձրանալով...

Լրագրող-Հրապարակախօս Միքայէլ Հաջեան  Այցելեց Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» Կեդրոն

Լրագրող-Հրապարակախօս Միքայէլ Հաջեան Այցելեց Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» Կեդրոն

Ուրբաթ, 31 մարտ 2017-ի կէսօրէ ետք  ժամը 4:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոն այցելեց ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին նահատակուած հերոսներու օրուան առիթով Լիբանան գտնուող  նահատակ Նորայր Հաջեանի հայրը` լրագրող-հրապարակախօս Միքայէլ Հաջեան: Ան դիմաւորուեցաւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան, տնօրէնութեան եւ ուսուցիչներուն կողմէ: Մտերմիկ զրոյցի մը ընթացքին Հաջեան ծանօթացաւ կեդրոնին գործունէութեան: Երաժշտանոցի դասարանները այցելելէ ետք, ներկաները հասան Գէորգ Գանտահարեանի անուան...

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւնը Ստանձնեց Նապաայի Յատուկ Ուսումնասիրութիւն-Ռազմավարութիւն  Մը

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւնը Ստանձնեց Նապաայի Յատուկ Ուսումնասիրութիւն-Ռազմավարութիւն Մը

ՄԱԿ-ի բնակավայրերու ծրագիրին եւ գործակցութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին, երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, ՀԿՄ-ի սրահին մէջ ներկայացուեցաւ Նապաայի յատուկ ուսումնասիրութիւն-ռազմավարութիւնը: Նման ծրագիրներու նպատակն է բնակավայրերու ծրագրաւորում կատարել եւ պատշաճ ու քաղաքակիրթ միջավայր մը տրամադրել քաղաքացիներուն: Նապաայի վերաբերող այս ուսումնասիրութիւն-ռազմավարութիւնը ֆինանսաւորուեցաւ Իտալիոյ կառավարութեան կողմէ` Լիբանանի մէջ բարգաւաճման եւ գործակցութեան իտալական գործակալութեան միջոցով: Ձեռնարկին ներկայ էին Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, ՄԱԿ-ի...

Ակնարկ.  Գաղափարներու Յաղթանակը

ՀՅԴ Տեղեկատուական Մարզի Գործիչներու Խումբը Մեկնեցաւ Երեւան

Այսօր, ՀՅԴ տեղեկատուական մարզի գործիչներու խումբը` բաղկացած տեղեկատու գրասենեակի ներկայացուցիչէն եւ «Ազդակ»-ի, «Վանայ Ձայն»-ի եւ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի լրագրողներէն եւ խմբագիրներէն, մեկնեցաւ Երեւան: Տեղեկատուական խումբը ուղղակի սփռումներով եւ թղթակցութիւններով լիբանանահայութիւնը իրազեկ պիտի պահէ կիրակի, 2 ապրիլին տեղի ունենալիք Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն, ինչպէս նաեւ անոր յաջորդող արդիւնքներուն հրապարակման եւ արժեւորումներուն մասին:

Ֆրանսախօսութեան Ամսուան Նուիրուած  Ձեռնարկներու Ծիրին Մէջ.  Իհապ Ժամալի Եւ Լիանա Յարութիւնեանի  Երաժշտական Երեկոն

Ֆրանսախօսութեան Ամսուան Նուիրուած Ձեռնարկներու Ծիրին Մէջ. Իհապ Ժամալի Եւ Լիանա Յարութիւնեանի Երաժշտական Երեկոն

Հովանաւորութեամբ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան եւ գործակցութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Լիբանանի մէջ ֆրանսախօսութեան ամսուան նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ երէկ` հինգշաբթի, 30 մարտին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանի «Փիեռ Ապու Խաթեր» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական երեկոյ` կատարողութեամբ Իհապ Ժամալի (ջութակ) եւ ընկերակցութեամբ Լիանա Յարութիւնեանի (դաշնակ): Իհապ Ժամալ ծնած է Պէյրութ: Վեց տարեկանէն...

Քննարկում` Հայաստանի Հանրապետութեան  Եւ Լիբանանի Հանրապետութեան Միջեւ Դիւանագիտական  Յարաբերութիւններու Հաստատման 25-ամեակին Առիթով

Քննարկում` Հայաստանի Հանրապետութեան Եւ Լիբանանի Հանրապետութեան Միջեւ Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու Հաստատման 25-ամեակին Առիթով

29 մարտ 2017-ին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ եւ Հայկազեան համալսարանին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լիբանանի Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին նուիրուած քննարկում: Ձեռնարկին կը մասնակցէին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, Հայաստանի մէջ Լիբանանի նախկին դեսպաններ Սաատ Զախիա (1997-99) եւ Կապրիէլ Ժըարա (2003-2011): Ներկայ էին կրօնական, դիւանագիտական, ակադեմական շրջանակներու...

Ապրիլեան Քառօրեայ Պատերազմին  Նահատակուած  Հերոսներու Օրուան Նուիրուած  Ձեռնարկ Եւ Հոգեհանգիստ

Ապրիլեան Քառօրեայ Պատերազմին Նահատակուած Հերոսներու Օրուան Նուիրուած Ձեռնարկ Եւ Հոգեհանգիստ

Միքայէլ Հաջեան. «Մեր Որդիներու Կորստեան Ցաւն Ու Կսկիծը Մեզի Ա՛լ Աւելի Կը Միաւորէ, Կը Դարձնէ Միս Ու Արիւն, Մէկ Սիրտ Ու Հոգի, Մէկ Մարմին» Արցախի ազատագրական պայքարի առաջին օրերէն մինչեւ այսօր լիբանանահայութիւնը ոչ մէկ առիթ բաց ձգած է ցուցաբերելու իր պայքարի ոգին, հաստատելու իր կամքը եւ վճռակամութիւնը Արցախին ու հայութեան արդար իրաւունքներու ձեռքբերման սատար կանգնելու առումով: Լիբանանահայութիւնը իր նահատակներուն ու...

Page 269 of 365 1 … 268 269 270 … 365

Արխիւներ