Մահացած է վաստակաշատ պատմաբան, հայագիտութեան մարզի ճանչցուած կազմակերպիչ, գիտութեան վաստակաւոր գործիչ, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի ակադեմիկոս Վլատիմիր Բարխուդարեան:
Վլատիմիր Բարխուդարեան ծնած է 22 սեպտեմբեր 1927-ին: 1950-ին աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքը: 1954-ին յաջողութեամբ պաշտպանած է թեկնածուական, 1968-ին` դոկտորական ատենախօսութիւնները:
Վլատիմիր Բարխուդարեանի գիտական գործունէութիւնը ընթացած է հայկական գաղթավայրերու, պատմագիտութեան եւ հայ-ռուսական յարաբերութիւններու հիմնահարցերու մշակման ուղղութեամբ:
Ակադեմիկոս Վլատիմիր Բարխուդարեան երկար տարիներ եղած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան, հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկներու, Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի, Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի, Բարձրագոյն որակաւորման յանձնախումբի եւ այլ հաստատութիւններու գիտական խորհուրդներու անդամ եւ գործուն մասնակցութիւն ունեցած է անոնց աշխատանքներուն:


