Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Ծանօթացման Սիրոյ Սեղան-Ընթրիք

Մարտ 25, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի ընկերային յանձնախումբին, երէկ` ուրբաթ 24 մարտին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան-ընթրիք, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Ազգային Աբգարեան վարժարանի աշակերտներն ու անոնց ծնողները:

Ազգային առաջնորդարանի ընկերային յանձնախումբի ատենապետ Քրիստին Սարգիսեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն նկատել տուաւ, որ իրենք այդ սրահին մէջ հաւաքուած են մտերմիկ պահ մը անցընելու, լուսաբանութիւններ ստանալու Ազգային միացեալ վարժարանին մասին, նաեւ խօսելու իրենց զաւակները յուզող հարցերուն եւ անոնց լուծումներուն մասին:

Նախ եւ առաջ խօսք առաւ Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Մարտիրոսեան, որ փափաք յայտնեց յառաջիկայ տարի բոլոր ներկայ աշակերտները տեսնելու Ազգային միացեալ վարժարանի շրջափակի մէջ: Ան յայտնեց, որ Ազգային Միացեալ վարժարանը բնական շարունակութիւնն է իրենց ներկայ յաճախած դպրոցին, ուր իրենց զաւակները ուսումը պիտի շարունակեն նորակառոյց եւ արդի պայմանները լրացնող շէնքի մը մէջ, որ ունի բոլոր կարելիութիւնները իրենց ապրած ժամանակներուն յարմար ուսում ջամբելու` աւելցնելով, որ հոն աշխատանք պիտի տարուի նաեւ աշակերտին մէջ կերտելու հայը եւ մարդը, որպէսզի անոնք պատրաստ ըլլան ազգային կեանքին մէջ իրենց ներդրումը ունենալու:

Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան ըսաւ, որ Ազգային Միացեալ վարժարանը արդէն իրականութիւն ու ներկայութիւն է եւ սեպտեմբեր ամսուն իր դռները պիտի բանայ հայ աշակերտութեան դիմաց: Վարժարան այցելողներուն վկայութեամբ ան վստահեցուց, որ նորակառոյց դպրոցը  արդիական է իր կառոյցով եւ կը յարգէ ներկայ բոլոր պայմանները` աւելցնելով, որ Ազգային առաջնորդարանը մեծ գումարներ տրամադրած է լաւ սերունդ մը կերտելու նպատակով: Հաւաթեան կոչ ուղղեց ներկաներուն, որպէսզի քաջալերեն իրենց հարազատները իրենց զաւակները ուղարկելու հայկական վարժարան` Ազգային միացեալ վարժարան եւ ոչ թէ օտար վարժարան: Անդրադառնալով կրթաթոշակին` Ազգային վարչութեան ատենապետը շեշտեց, որ սոյն դպրոցը բոլոր խաւերուն պատկանող ընտանիքներու համար է, եւ իւրաքանչիւր ընտանիքի եկամուտին համապատասխան զեղչեր պիտի տրամադրուին եւ բոլորին կարելիութիւն պիտի ընձեռուի այս դպրոցը յաճախելու:

Առաջնորդ սրբազան հայրը իր խօսքին սկիզբը հարց տուաւ ներկայ ծնողներուն, թէ առիթը ունեցա՞ծ են այցելելու Ազգային միացեալ վարժարան` թելադրելով, որ անպայման այցելեն եւ տեսնեն վայրը: Ան ըսաւ, որ Ազգային առաջնորդարանը այս դպրոցով կը փորձէ վերանորոգել կրթական փորձառութիւնը եւ հայ դպրոցին ունեցած կարելիութիւնները` աւելցնելով, որ նոր կեանքի պայմաններուն մէջ հայ դպրոցը պէտք էր նորոգուէր, որպէսզի մեր զաւակները աւելի լաւ պայմաններու մէջ ստանան իրենց ուսումը: Սրբազան հայրը նկատել տուաւ, որ հայ ժողովուրդը լաւ թէ վատ պայմաններու մէջ ապրած է իր հաւատքով եւ իր մշակոյթին ժառանգութեամբ` հաստատելով, որ ներկայիս դարձեալ առիթ պիտի տրուի մեր զաւակներուն, որպէսզի հաւատքը, ազգը, մշակոյթն ու աւանդները յարատեւեն:

Աւարտին դարձեալ խօսք առաւ Քրիստին Սարգիսեան, որ շեշտեց, թէ իբրեւ հայ ընտանիք մեր գոյատեւումը կը պարտինք հայ եկեղեցւոյ եւ հայ դպրոցին: Ան գնահատեց ներկայութիւնը ծնողներուն եւ յատկապէս հայրերուն, որոնք հիմնական դերակատարութիւն ունին իրենց զաւակներուն դաստիարակութեան մէջ` մայրերուն կողքին: Ք. Սարգիսեան «փաուըր փոյթ»-ով ներկայացուց ընկերային գետնի վրայ հարցեր, զորս կը դիմագրաւենք ներկայիս: Ան շեշտեց մեր զաւակներուն առողջ ապրելու կարեւորութիւնը ներդաշնակ մթնոլորտի մէջ, որպէսզի ճիշդ ձեւով մեծնան եւ ընկերութեան մէջ իրենց դիրքը ունենան: Ան նկատել տուաւ, որ առողջութիւնը հիմնուած է 3 հիմնական երեւոյթներու վրայ` ֆիզիքական, մտային, հոգեկան, եւ մանրամասնեց զանոնք` օրինակներ տալով իւրաքանչիւրին մասին: Ան նաեւ անդրադարձաւ այն հարցերուն եւ դժուարութիւններուն, զորս կը դիմագրաւեն ընտանիքները ներկայիս, թուեց այդ դժուարութիւններուն պատճառները` համապատասխան լուսաբանութիւններ եւ լուծումներ տալով իւրաքանչիւրին:

 

 

Նախորդը

Յաջորդը

Դամասկոս. Դամասկահայ Մը` Թեթեւ Կերպով Վիրաւորուած

RelatedPosts

Գիւտ Խաչի Տօն Եւ Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն
Գաղութային

Գիւտ Խաչի Տօն Եւ Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

Հոկտեմբեր 30, 2025
«Բեմին Ձայնը» Ասմունքի Եւ Բեմական Կատարողութեան Ակադեմիայի Պաշտօնական Բացումը
Գաղութային

«Բեմին Ձայնը» Ասմունքի Եւ Բեմական Կատարողութեան Ակադեմիայի Պաշտօնական Բացումը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Փոլիոյի Պատուաստի Անվճար Արշաւ.  ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան»  Ընկերաբժշկական Կեդրոնէն Ներս
Գաղութային

Փոլիոյի Պատուաստի Անվճար Արշաւ. ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնէն Ներս

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?