Երէկ` երեքշաբթի, 25 յուլիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, պաշտօնապէս բացումը կատարուեցաւ «Եգիպտոս-Լիբանան Պի. Էմ. Էլ.» դրամատան Տորայի մասնաճիւղին` ներկայութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժժարիի, պաշտօնական անձնաւորութիւններու, հիւրերու եւ բազմաթիւ բարեկամներու:
Ժապաւէնի հատումէն ետք խօսք առաւ «Եգիպտոս-Լիբանան Պի. Էմ. Էլ.» դրամատան ընդհանուր տնօրէն Ֆատի Տաաուք, որ բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն դրամատան 20-րդ մասնաճիւղի բացման առիթով: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ մասնաճիւղի տնօրէն Անի Կիտանեանի ստանձնած մեծ պատասխանատուութեան համար` մաղթելով բարի վերելք եւ հեզասահ աշխատանք:
Խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարի: Ան իր գոհունակութիւնը յայտնեց դրամատան բացման մասնակցելուն համար եւ ըսաւ, որ դրամատան անունէն արդէն կը ցոլայ երկու ժողովուրդներուն եւ երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բարձր մակարդակներով զարգացած յարաբերութիւնները:
Իր կարգին, դրամատան տնօրէն Անի Կիտանեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնեցան Տորայի մասնաճիւղի բացման աշխատանքներուն: Ան իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ դրամատունը իր լաւագոյնը պիտի ընէ օգտակար դառնալու հասարակութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք կը դիմեն իրեն:
Ապա տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում, որմէ ետք բոլոր ներկաները ստացան յուշանուէրներ դրամատան կողմէ: