30 յուլիս 2017-ին ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու (ԼՊՄ) անդամներէն 75 պատանիներ Լիբանանէն մեկնեցան Հայաստան` մասնակցելու ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին կազմակերպած «Խանասորէն Շուշի» համահայկական պատանեկան բանակումին, որ 31 յուլիսէն 7 օգոստոս տեղի պիտի ունենայ Քանաքեռաւանի մէջ գտնուող ՀՅԴ ԼՊՄ «Սերժ Գալուստեան» նորակառոյց բանակավայրին մէջ:
Բանակումի ընթացքին պատանիները առիթը պիտի ունենան իրականացնելու հայրենի հողի վրայ բանակում կատարելու իրենց երազը, պիտի ծանօթանան այլ երկիրներէ եկած պատանիներու` միաժամանակ վայելելով հայրենի բնութիւնն ու այցելելով տեսարժան վայրեր: Անոնք նաեւ առիթը պիտի ունենան երեք օրեր անցընելու հերոսական Արցախի մէջ: