Երէկ առաւօտ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Իրանի նախագահ` Հասան Ռուհանիին ուղղած իր նամակով, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու յատկապէս Իրանի հայ համայնքին, իր ցաւակցութիւնը յայտնեց Քերմանշահ նահանգին մէջ պատահած երկրաշարժին առիթով:
Իր ցաւակցական նամակին մէջ վեհափառ հայրապետը յայտնեց նախագահին, որ կը բաժնէ իր եւ Իրանի ժողովուրդին ու յատկապէս երկրաշարժի զոհերու ընտանիքներուն եւ հարազատներուն խոր ցաւը` մաղթելով խաղաղ ու ապահով կեանք շրջանի բոլոր ժողովուրդներուն: