Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

November 14, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը չորեքշաբթի, 29 նոյեմբեր 2017-ին կը կազմակերպէ իր տարեկան դրամահաւաք-ռատիոթոնը, որ այս տարի կ՛ընթանայ «Բերքառատ Արցախ» կարգախօսով:

Տրուած ըլլալով, որ արցախցի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը կը զբաղի հողագործութեամբ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը այս տարուան համար մշակած է ծրագիր մը, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ լուծել հայ հողագործին գլխաւոր հարցը` ոռոգման ջուրի ապահովումը. հակառակ անոր որ Հայաստանն ու Արցախը հարուստ են ստորգետնեայ ջուրերով, սակայն որպէսզի այդ ջուրը հասնի հողագործին,  պէտք է արթեզեան ջրհորներ հորատել եւ ոռոգման ցանց կառուցել. ծրագիր մը, որ բաւական դժուար իրագործելի եւ ծախսալից է արցախցիին համար: Արդարեւ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը այս տարուան իր դրամահաւաքին հասոյթը պիտի յատկացնէ այս ծրագիրին, որուն կողքին պիտի ստանձնէ նաեւ Արցախի տարածքին զանազան հանրային կառոյցներու (հիւանդանոցներու, դպրոցներու, բնակելի շէնքերու) վրայ արեւային ուժանիւթով բանող վահանակներ զետեղելու ծրագիրի իրականացումը, որպէսզի կարելի ըլլայ անվճար տաք ջուր եւ ելեկտրականութիւն ապահովել ամբողջ տարուան ընթացքին:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 25-ամեակը: Անցնող  25 տարիներուն ընթացքին, համահայկական ջանքերով հիմնադրամը Հայաստանի ու Արցախի տարածքին իրականացուցած է այնպիսի ծրագիրներ, որոնք յաջողած են մեր հայրենակիցներուն առօրեայ դժուարութիւնները մեղմացնել:

Հետեւաբար, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս բոլորս միասնաբար ազգային պարտականութեան բարձր գիտակցութեամբ, մասնակցի՛նք այս տարուան դրամահաւաք-ռատիոթոնին, չորեքշաբթի, 29 նոյեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ եւ թէկուզ մեր փոքր նուիրատուութիւններով աջակցինք Արցախի ժողովուրդին համար օգտակար այս ծրագիրին իրականացման, որ մեծապէս պիտի օգնէ Արցախի բարգաւաճման եւ ինքնաբերաբար պիտի նպաստէ անոր պետութեան հզօրացման եւ անկախութեան ամրագրման:

Միասնաբար կանգնի՛նք Արցախի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն կողքին, որպէսզի մեր հայրենիքը դարձնենք աւե՛լի բերքառատ եւ ունենանք «Բերքառատ Արցախ»:

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄԻՆ

Պէյրութ, 10 նոյեմբեր 2017

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Վենեզուելայի Մէջ Բացումը Կատարուած Է Լենինի Կիսանդրիին

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.