Երեքշաբթի, 14 նոյեմբեր 2017-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Անտիոքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքի ներկայացուցիչ, Աքքարի ու Թարթուսի առաջնորդ մետրոպոլիտ Պասիլիոս Մանսուրը:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր անդրադարձ կատարելու Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ եկեղեցիներու գործակցութեան, ինչպէս նաեւ շրջանին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն: Մետրոպոլիտ Պասիլիոս Եազիժի պատրիարքին կողմէ պատգամ մը յանձնեց վեհափառ հայրապետին: