Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարանի 2018 Տարեշրջանի Ամառնային Դպրոցի Ամավերջի Հանդէս

September 10, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի բազմաբնոյթ եւ դաստիարակիչ զանազան ծրագիրներն ու նախաձեռնութիւնները կը միտին զարկ տալ հայ ժողովուրդի բարօրութեան, հայապահպանման, հայախօսութեան: Այս առումով ԼՕԽ-ը` իբրեւ կանացի կազմակերպութիւն, առանձնայատուկ տեղ կը տրամադրէ հայ մանուկին, անոր մտային զարգացման համար ապահով ու հայաշունչ միջավայրի ապահովման մէջ: Այդ միջավայրը «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանն է, որ անցնող 25 տարիներուն լիբանանահայ գաղութին մէջ անշշուկ եւ համեստ պայմաններու մէջ մեծ աշխատանք տարաւ եւ կը շարունակէ տանիլ շնորհիւ ԼՕԽ-ի յաջորդական Շրջանային վարչութեանց բծախնդիր աշխատանքին եւ գուրգուրանքին:

Շաբաթ, 8 սեպտեմբեր 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանի աշակերտները հանդէս եկան գեղարուեստական պատշաճ յայտագիրով, առաջնորդութեամբ գրադարանի պատասխանատու Արփի Չոլաքեանի, նուիրուած` Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ սկիզբ առաւ գեղարուեստական յայտագիրը: Բացման խօսքը արտասանեց գրադարանի աշակերտ Էնտրու Նազարեան: Ան յայտնեց, որ ինը շաբաթներ յաճախեցին ԼՕԽ-ի պարտէզ գրադարանը, ուր կարդացին, գրեցին, խաղացին, լողացին եւ ձեռային աշխատանքներ պատրաստեցին: Էնտրու Նազարեան նշեց, որ այս հանդէսը կը ձօնեն Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին: Գեղարուեստական բաժինով ներկայացուեցաւ խմբերգ` «Հայորդիք»: Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի խօսքը արտասանեց գրադարանի աշակերտ Յովիկ Պետրոսեան: Ան ըսաւ, որ 20-րդ դարու Հայոց ցեղասպանութեան զոհ հայ ժողովուրդը վերականգնեցաւ եւ անկախանալու իր որոշումը յայտարարեց: 100-ամեակի առիթով պէտք է յիշել, թէ հայերը Սարդարապատով փաստեցին թուրքին պարտութիւնը: Սակայն անկախանալու որոշումը հոս չ՛աւարտիր, անիկա կը շարունակուի մինչեւ որ հայ ժողովուրդը իր արդար դատին վերջնական յաղթանակին հասնի: Յաղթանակները չեն աւարտիր լոկ մէկ սերունդով, ըսաւ ան ու աւելցուց, թէ յաջորդ սերունդը պիտի շարունակէ նախորդին արշաւը: Պետրոսեան եզրափակեց` ըսելով, որ հայ ժողովուրդը կը գիտակցի, թէ յաղթանակը վերջակէտ չէ, այլ սկիզբ նոր երազներ հետապնդելու:

Ապա Հրակ Պալեան արտասանեց «Հայորդի եմ», Սեւան Եագուպեան «Կարօտ Ղարաբաղի», միջակ աղջիկները ներկայացուցին հայկական պար, Ռոզալին Մարգարեան «Մեր լեզուն» արտասանութիւնը, Գօգօ Խաչիկեան «Արարատ» արտասանութիւնը, միջակ տղաքը երգեցին «Ախպերս ու ես», մեծ աղջիկները ներկայացուցին «Հայաստան ջան» պարը, Էնտրու Նազարեան ասմունքեց «Ով հայ խօսէ հայերէն», փոքր աղջիկները պարեցին «Իմ տիկնիկ» պարը, Գէորգ Պալեան ասմունքեց «Մեր հայրենիքը», խմբային արտասանութիւն` «Նարօտ Արտալճեան» խմբերգ` «Սարդարապատ», խմբային պար` «Պռէգոմէշ»:

Հուսկ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան խօսքը փոխանցեց Սեդա Մածունեան: Ան նշեց, որ 2018 տարին յիշատակելի եղաւ «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանի պատմութեան մէջ` նկատի ունենալով այն երկու իրադարձութիւնները, որոնք տեղի ունեցան այս տարեշրջանին: Առաջինը` գրադարանի հիմնադրութեան 25-ամեակի նուիրուած հանդիսութիւնն էր, որ արժանաւորապէս նշուեցաւ մայիս ամսուան ընթացքին, երկրորդը` «Նարօտ Արտալճեան» պարտէզ – գրադարանի բացումը, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի պարտէզին մէջ: Ըստ անոր, ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանի իրագործումը դրական անդրադարձ ունեցաւ մեր երեխաներուն ամառնային ծրագիրին վրայ: 50 երեխաներ մասնակցեցան դաստիարակչական բնոյթ ունեցող այս ծրագիրին: Ս. Մածունեան ըսաւ, որ աշակերտները ձմեռը պիտի հետեւին սերտողութեան դրութեան` վայելելով ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանի բարիքները: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց գրադարանի յանձնախումբին, պատասխանատուին եւ օգնականին իրենց բծախնդիր աշխատանքին համար: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ծնողներուն ԼՕԽ-ին հանդէպ իրենց ունեցած վստահութեան համար: Իր խօսքին վերջին բաժինով ան կոչ ուղղեց ծնողներուն` իրենց երեխաները շրջապատելու գիրքերով, անոնց մէջ արթնցնելով ընթերցանութեան սէրը, որովհետեւ գիրքերը սնունդ են մտքին եւ ուղեղին:

Նախորդը

Ինչպէ՞ս Լուսաբանել Հայերը` Զանոնք Հասցնելու Համար Ազգային Իրա՛ւ Յանձնառութեան

Յաջորդը

«Ռուսիա Ոգեւորութեամբ Կը Հետեւի Ազրպէյճանի Հետ Յարաբերութեանց Զարգացման» Կ՛ըսէ Զախարովա

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.