Շաբաթ, 8 սեպտեմբերին, Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի Ազգային եկեղեցական ժողովը: Օրակարգի միակ նիւթն էր նոր առաջնորդի ընտրութիւնը, որուն հիմամբ Անուշաւան եպս. Դանիէլեան 39 քուէով ընտրուեցաւ թեմի նոր առաջնորդ:
Նորընտիր առաջնորդը 1995-էն մասնակի, իսկ 2005-էն լիիրաւ առաջնորդական փոխանորդի պաշտօնը կը վարէր:
Անուշաւան եպս. Դանիէլեան ծնած է Պէյրութ, 1951-ին: Աւազանի անունով` Թորգոմ: Աւարտած է Անթիլիասի դպրեվանքը: 1972-ին ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ, իսկ 1974-ին` վարդապետ: 1988-ին ստացած է վարդապետութեան 12 աստիճանները (ծայրագոյն վարդապետութիւն), իսկ 2006-ին ձեռնադրուած է եպիսկոպոս: 1972-1984-ին ծառայած է Լիբանանի մէջ` եկեղեցական եւ ուսուցչական տարբեր պաշտօններով, միաժամանակ աստուածաբանութեան մագիստրոսի տիտղոսը ստանալով Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Ճեմարանէն: 1984-էն իր ծառայութիւնը շարունակած է Միացեալ Նահանգներու արեւելեան ափը, ուր հովուական, եկեղեցական եւ ուսուցչական պաշտօններու կողքին, շարունակած է իր ուսումը: 1985-ին աստուածաբանութեան մագիստրոսի երկրորդ տիտղոսը ստացած է Փրինսթընի աստուածաբանական ճեմարանէն, իսկ 2003-ին` դոկտորական տիտղոսը Քոլումպիա համալսարանէն, իբրեւ աւարտաճառի նիւթ ներկայացնելով Ներսէս Լամբրոնացիի «Մեկնութիւն Սողոմոնի» երկին քննական բնագիրը: