Գաղութային

Համազգայինի «Քնար» Պարախումբի  Վարչութեան Հրաւէրով Շուշիի «Մկրտիչ Խանդամիրեան»-ի  Անուան Պետական Թատրոնը Լիբանանի Մէջ

Համազգայինի «Քնար» Պարախումբի Վարչութեան Հրաւէրով Շուշիի «Մկրտիչ Խանդամիրեան»-ի Անուան Պետական Թատրոնը Լիբանանի Մէջ

Լիբանանահայ մանուկ եւ պատանի հանդիսատեսները այս շաբաթավերջին պիտի վայելեն տիկնիկային արուեստի իւրայատուկ ներկայացումներ: Համազգայինի «Քնար» պարախումբի վարչութեան հրաւէրով, Արցախի Հանրապետութեան Շուշիի «Մկրտիչ Խանդամիրեան»-ի անուան պետական թատրոնը 14, 15 եւ 16 դեկտեմբերին, «Հայ մուկը» հայրենասիրական եւ «Ձիւնամարդը» ամանորեան տիկնիկային ներկայացումներով հանդէս պիտի գայ Լիբանանի մէջ: Ներկայացումները տեղի պիտի ունենան «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ: Շուշիի «Մկրտիչ Խանդամիրեան»-ի անուան պետական թատրոնի անձնակազմը արդէն...

Հաղորդագրութիւն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Հակազդէ «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ին Եւ «Տէյլի Սթար»-ին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ երկու անջատ նամակներով հակազդեց «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութեան տարածած եւ լիբանանեան «Տէյլի Սթար» օրաթերթին մէջ 8 դեկտեմբերին լոյս տեսած յօդուածի մը, որուն մէջ Արցախի Հանրապետութիւնը կը ներկայացուէր իբրեւ «Ազրպէյճանի մէկ մասը, որ 1994-ին վեցամեայ անջատողական պատերազմի աւարտէն ի վեր կը գտնուի Հայաստանի աջակցութիւնը վայելող հայկական ազգային ուժերու վերահսկողութեան տակ»: Մարմինը ընդգծեց, որ նշեալը ո՛չ...

Նարեկ Արքեպիսկոպոս Այցելեց Զահլէ

Նարեկ Արքեպիսկոպոս Այցելեց Զահլէ

Շաբաթ, 8 դեկտեմբեր 2018-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Զահլէ, ուր հերթաբար հանդիպումներ ունեցաւ մարոնի համայնքի առաջնորդ Ժոզեֆ Մուաուատի, յոյն կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Իսամ Տարուիշի եւ ասորի ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Պուլոս Սաֆարի հետ: Սրբազան հօր կ’ընկերակցէին Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները` Ներսէս Ա. քհնյ. Ճերմակեան եւ Ռուբէն քհնյ. Միսիսեան, Ազգային երեսփոխան Կարպիս Պչաքճեան, թեմի...

Համազգայինի Հրատարակչական Գործի Հիմնադիր  Նիկոլ Աղբալեանի Օգտագործած Առաջին Մամուլի  Տեղադրման Եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան»  Հրատարակչատան 2017 Եւ 2018 Տարեշրջաններու  Հունձքի Ներկայացում

Համազգայինի Հրատարակչական Գործի Հիմնադիր Նիկոլ Աղբալեանի Օգտագործած Առաջին Մամուլի Տեղադրման Եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան 2017 Եւ 2018 Տարեշրջաններու Հունձքի Ներկայացում

Երէկ` երկուշաբթի, 10 դեկտեմբեր 2018-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի հրատարակչական գործի հիմնադիր Նիկոլ Աղբալեանի օգտագործած առաջին մամուլի տեղադրման եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան 2017 եւ 2018 տարեշրջաններու հունձքի ներկայացման նուիրուած ձեռնարկը` Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին եւ Համազգայինի Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 90-ամեակին առիթով: Խօսք առաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Ան իր խօսքին...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Եկեղեցիներու Միութեան Նուիրուած Միջեկեղեցական Արարողութեան

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հոգեհանգիստ` Հայաստանի Երկրաշարժի 30-րդ Տարելիցին Առիթով

Կիրակի, 9 դեկտեմբեր 2018-ին, յաւարտ սուրբ եւ անմահ պատարագին, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն` 1988 թուականին Հայաստանի մէջ ահաւոր երկրաշարժին զոհ գացած բազմահազար հայորդիներու հոգիներուն համար: Հոգեհանգստեան արարողութեան ընդմէջէն հոգեւորականաց դասը եւ բոլոր հաւատացեալները աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած, որ պահպանէ ու զօրացնէ Հայաստան աշխարհը եւ Իր հովանին անպակաս...

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Նամակ Մը Յղեց Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Արմէն Սարգսեանին Ողջունելով Նոր Ազգային Ժողովի Ընտրութիւնը

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Նամակ Մը Յղեց Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Արմէն Սարգսեանին Ողջունելով Նոր Ազգային Ժողովի Ընտրութիւնը

Մեծայարգ Տիար Արմէն Սարգսեան Նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան Երեւան Վսեմաշուք Պրն. Նախագահ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն Հայրապետական օրհնութեամբ ու քրիստոնէական ջերմ սիրով կ՚ողջունենք Ձեզ ու հայրենի մեր սիրելի ժողովուրդը։ Կիրակի, 9 Դեկտեմբեր 2018 նշանակալից օր մըն էր Հայաստանի համար։ Մեր ժողովուրդը իր հաւաքական կամքը արտայայտեց նոր Ազգային Ժողովի ընտրութեամբ՝ ի խնդիր ազատ, ժողովրդավար ու հզօր Հայաստանի։ Ժողովուրդի կամքը նաեւ...

ՀՅԴ-ի Նահատակուած Եւ Մահացած Երախտաւորներուն Յիշատակին Հոգեհանգստեան Պաշտօն .  «Հայապաշտութեան Եւ Հայրենապաշտութեան Գիտակից Մղումով Մեր Նահատակներն Ու Նուիրեալները Կենսաւորեցին Դաշնակցութեան Գործը»   Կ՛ըսէ Յակոբ Հաւաթեան

ՀՅԴ-ի Նահատակուած Եւ Մահացած Երախտաւորներուն Յիշատակին Հոգեհանգստեան Պաշտօն . «Հայապաշտութեան Եւ Հայրենապաշտութեան Գիտակից Մղումով Մեր Նահատակներն Ու Նուիրեալները Կենսաւորեցին Դաշնակցութեան Գործը» Կ՛ըսէ Յակոբ Հաւաթեան

ՀՅԴ 128-ամեակին առիթով երէկ` կիրակի, 9 դեկտեմբեր 2018-ին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան ՀՅԴ պանթէոնին դիմաց ՀՅ Դաշնակցութեան նահատակուած եւ մահացած ընկերներու յիշատակին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որուն նախագահեց Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան: Հոգեհանգստեան արարողութեան յաջորդեց ծաղկեպսակներու զետեղում: Ծաղկեպսակներ զետեղեցին ՀՅԴ ԼԵՄ եւ ԶՈՄ, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւնները, Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնները եւ...

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Քարոզչական Յանձնախումբը «Կամաւորներու Օր» Ձեռնարկով Արժանի Յարգանք Ընծայեց Բազմահարիւր ԼՕԽ-ականներուն

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Քարոզչական Յանձնախումբը «Կամաւորներու Օր» Ձեռնարկով Արժանի Յարգանք Ընծայեց Բազմահարիւր ԼՕԽ-ականներուն

Մարդկային ընկերութեան մէջ կան ծառայութիւններ, որոնք այս կամ այն ձեւով կը նպաստեն հաւաքականութեան մը կամ ժողովուրդի մը բարօրութեան: Հայ ժողովուրդի պարագային այս ծառայութիւնը առաւել եւս շեշտուած է ԼՕԽ-ի ճամբով, որ իր բազմահարիւր կամաւորներու փաղանգով կը հասնի ժողովուրդի կարիքներուն, յատկապէս տագնապալի եւ թէժ օրերուն: Արդ, մարդասիրական այս կազմակերպութեան ընձեռած բարիքներուն  իրենց անմնացորդ, նուիրեալ եւ անշահախնդիր մասնակցութիւնը կը բերեն ու ներդրում կ՛ունենան...

ՀՅԴ-ի 128-ամեակ` Ժողովրդային Խուռներամ Ներկայութեամբ .   «Երիտասարդներուն Կառուցելիք Նորը Պէտք Է Ըլլայ Նախկինէն Լաւ, Նախկինէն Ուժեղ, Նախկինէն Ամուր: Այդ Նորը Ամէն Պարագայի Պէտք Է Ըլլայ Հայադրոշմ» «Մենք ՀՅ Դաշնակցութեան Մէջ Սորվեցանք Պաշտել Հայաստանը». Յակոբ Բագրատունի

ՀՅԴ-ի 128-ամեակ` Ժողովրդային Խուռներամ Ներկայութեամբ . «Երիտասարդներուն Կառուցելիք Նորը Պէտք Է Ըլլայ Նախկինէն Լաւ, Նախկինէն Ուժեղ, Նախկինէն Ամուր: Այդ Նորը Ամէն Պարագայի Պէտք Է Ըլլայ Հայադրոշմ» «Մենք ՀՅ Դաշնակցութեան Մէջ Սորվեցանք Պաշտել Հայաստանը». Յակոբ Բագրատունի

Նահապետեան. «Դաշնակցութեան Երիտասարդութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը Հաւատարիմ Են Հիմնադիրներու Գծած Սկզբունքային Ուղղութեան» Լուսարարեան. «Մենք Ականատես Եղած Ենք Քաղաքացիական Պատերազմի Ընթացքին Դաշնակցութեան Կատարած Պաշտպանութեան Մեծ Գործին» Դաշնակցութիւնը իր տարեդարձը երբեք չէ նշած առանձին, որովհետեւ երբեք չէ ապրած ու գոյատեւած առանձին: Դաշնակցութիւնը` 128-ամեայ, իր գոյութեան ամբողջ ընթացքին անսասան եւ անկոտրում ապաւէնը եղած է իր ժողովուրդին, որմէ ստացած է իր ուժը, հաստատակամութիւնը եւ, ամէն...

Հոգեհանգիստ Հայաստանի Երկրաշարժի 30-րդ Տարելիցին Առիթով

Հոգեհանգիստ Հայաստանի Երկրաշարժի 30-րդ Տարելիցին Առիթով

Ուրբաթ, 7 դեկտեմբեր 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին, հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն կատարուեցաւ Հայաստանի երկրաշարժին զոհ գացած հայորդիներու հոգիներուն համար: Հոգեհանգստեան արարողութեան մասնակցեցաւ Լիբանանի թեմի քահանայից դասը: Յաւարտ հոգեհանգիստին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս իր պատգամը ուղղեց: Սրբազան հայրը իր քարոզին բնաբան ընտրած էր Նոր կտակարանէն «Ով որ...

Ընտրական Լուրերուն Հետեւիլ  «Ազդակ»-ի Արագ Լրահոսով

Ընտրական Լուրերուն Հետեւիլ «Ազդակ»-ի Արագ Լրահոսով

Վաղը առաւօտեան ժամերէն սկսեալ եւ ամբողջ օրուան ընթացքին «Ազդակ» արագ լրահոսով իր ընթերցողներուն պիտի հաղորդէ Հայաստանի Հանրապետութեան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերաբերող լրատուութիւնը: Անոնք, որոնք «Ազդակ»-ի application-ը ներբեռներ են, կը ստանան արագ լրահոսը: Թէ՛ android եւ թէ՛ apple դրութիւններու համար aztagdaily որոնելով կարելի է ներբեռնել application-ը:  

Արուեստագիտուհի Լիւսի Թիւթիւնճեանի Անհատական Ցուցահանդէսին Հասոյթը` Բարեսիրական Նպատակներու

Արուեստագիտուհի Լիւսի Թիւթիւնճեանի Անհատական Ցուցահանդէսին Հասոյթը` Բարեսիրական Նպատակներու

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, երէկ` հինգշաբթի, 6 դեկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ բացումը արուեստագիտուհի Լիւսի Թիւթիւնճեանի անհատական ցուցահանդէսին, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի բարեսիրական նպատակներու: Ցուցադրուած էին տարբեր չափերու եւ թեմաներու 53 իւղաներկ պաստառներ: Լիբանանահայ տարբեր սերունդներու արուեստագէտներ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն ըսաւ, թէ ցուցասրահին մէջ արուեստագիտուհի Լիւսի...

ՔԱՀԼ-ի «Ուրախացի՛ր, Ուրախացո՛ւր» Տօնավաճառի Բացում

ՔԱՀԼ-ի «Ուրախացի՛ր, Ուրախացո՛ւր» Տօնավաճառի Բացում

Հինգշաբթի, 6 դեկտեմբեր 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, ՔԱՀԼ-ի սրահին մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ «Ուրախացի՛ր, ուրախացո՛ւր» տօնավաճառին: Սոյն տօնավաճառը կազմակերպուած էր ՔԱՀԼ-ի Հայ տարեցներու տան տիկնանց յանձնախումբին, տնօրէնութեան եւ հաստատութեան «Ծիրանի» խոհանոցին կողմէ յաջորդաբար  5-րդ տարին ըլլալով, իսկ հովանաւորն էր տիկնանց յանձնախումբի ատենապետ Սօսի Մենտիլեան: Ժապաւէնը կտրելէ առաջ բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՔԱՀԼ-ի տնօրէն պատուելի Սեպուհ Թերզեան: Ան բարի գալուստ...

Յայտարարութիւններ (27 Յունուար 2018)

Հաղորդագրութիւն

Վերջին շաբաթներուն մամուլէն հետեւեցանք Հայաստանի Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային թատրոնին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն եւ մտահոգութեամբ իմացանք հոն ստեղծուած իրավիճակին մասին: Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը, իր անուանակից Համազգային թատրոնին հետ  երկար ճանապարհ անցած է, առանց անոր հետ որեւէ օրինական կապ ունենալու: Պատահական չէ հայ թատրոնի եւ շարժապատկերի նահապետ Սօս Սարգսեանի կողմէ ստեղծուած այս թատրոնի Համազգային անուանումը: 90-ականներու սկիզբը...

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական  Քոլեճի Հիմնադրութեան 35-ամեակի  Համերգ` Կատարողութեամբ Քոլեճի Ուսուցիչներուն

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճի Հիմնադրութեան 35-ամեակի Համերգ` Կատարողութեամբ Քոլեճի Ուսուցիչներուն

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներուն, երէկ` երեքշաբթի, 4 դեկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի 35-ամեակին նուիրուած համերգ` կատարողութեամբ քոլեճի ուսուցիչներուն: «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Վահրամ Էմմիեան հայերէնով եւ անգլերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ քոլեճի 35-ամեակը նշել կը նշանակէ նշել յիշատակը...

Կազմակերպութեամբ Սրբոց Վարդանանց  Եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբին.  Տօնավաճառ` Ի Նպաստ  «Օգնէ՛ Եղբօրդ» Բարեսիրական Ծրագիրին

Կազմակերպութեամբ Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբին. Տօնավաճառ` Ի Նպաստ «Օգնէ՛ Եղբօրդ» Բարեսիրական Ծրագիրին

Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ Տիկնանց յանձնախումբը, հաւատարիմ իր եկեղեցանուէր առաքելութեան եւ հիմք ունենալով Նոր կտակարանի Մատթէոսի աւետարանին «Ողորմութիւն կ՛ուզեմ եւ ո՛չ թէ զոհ» համարը, այս տարի եւս դարձեալ նախաձեռնեց «ՕԳՆԷ՛ ԵՂԲՕՐԴ» բարեսիրական ծրագիրին: Ամիսներ առաջ արդէն այս ծրագիրը իր զանազան փուլերը ունեցաւ: Եկեղեցասէր տիկնանց յանձնախումբի անդամները շաբաթական դրութեամբ համախմբուեցան եւ պատրաստեցին ծրագիրին նախագիծը, որ ունէր երկու ենթաբաժանումներ: Նախ, աւելի քան...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին  Նախաձեռնութեամբ Ողջերթի Ընդունելութիւն`  Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի  Առաքելութեան Աւարտին Առիթով

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին Նախաձեռնութեամբ Ողջերթի Ընդունելութիւն` Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի Առաքելութեան Աւարտին Առիթով

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին նախաձեռնութեամբ, երէկ` երկուշաբթի, 3 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 6:00-ին «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ողջերթի ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի, որուն առաքելութիւնը աւարտեցաւ Լիբանանի մէջ, եւ ան նշանակուեցաւ Լեհաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան: Դեսպանին տարած աշխատանքը եւ ցուցաբերած համագործակցութեան բարձր ոգին ու պատրաստակամութիւնը բարձր գնահատեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ,...

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանը  Հանդիսաւոր Կերպով Լուսաւորեց Տօնածառը

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանը Հանդիսաւոր Կերպով Լուսաւորեց Տօնածառը

Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան Բոլորին Կը Մաղթէ Խաղաղութիւն Եւ Առողջութիւն Կազմակերպութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան շաբաթ, 1 դեկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ յատուկ ձեռնարկ մը` հանդիսաւոր կերպով լուսաւորելու համար տօնածառը: Պուրճ Համուտի բնակիչները լեցուցած էին հրապարակը` դիտելու համար լուսաւորումը եւ վայելելու իրենց համար պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիրը: Լիբանանեան քայլերգի ունկնդրութենէն ետք Պուրճ Համուտի ոստիկաններէն Ռոմի Եուսեֆ ներկայացուց քաղաքապետարանին...

Ֆանարի Ս. Երրորդութիւն Մատրան Անուանակոչութիւն Եւ Նորակառոյց Տախտակէ Դրան Օրհնութիւն

Ֆանարի Ս. Երրորդութիւն Մատրան Անուանակոչութիւն Եւ Նորակառոյց Տախտակէ Դրան Օրհնութիւն

Երէկ` կիրակի, 2 դեկտեմբերին հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Ֆանարի Ս. Երրորդութիւն մատրան անուանակոչութիւնը: Այս առիթով առաւօտեան  ժամը 9:30-ին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ սրբազան հասաւ Ֆանար, ուր Լէյլաւանի մուտքին տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն, որմէ ետք ան ուղղուեցաւ Ս. Երրորդութիւն մատուռ, ուր օրհնեց մատրան նորակառոյց տախտակէ դուռը: Այնուհետեւ սրբազան հայրը մատուցեց Ս. պատարագ: Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը ըսաւ, թէ...

Յայտարարութիւն.  Միասնաբա՛ր Զօրակցինք Հայ Աշակերտին

Կոչ

30 նոյեմբեր 2018-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան - Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «ՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԵԼՈՒ ԾՐԱԳԻՐ»-ին մեկնարկը, որմէ գոյացաւ 118.500 ամերիկեան տոլար: Այս առիթով Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս մեր ժողովուրդի զաւակներուն յղեց ներքեւի կոչը: Սիրելի՛ հայորդիներ, Մեր նոր սերունդին հայեցի դաստիարակութիւնը Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին հոգեւոր-ազգային առաքելութեան ամէնէն կարեւոր բնագաւառներէն մին է, որ կ՛իրագործուի Ազգային վարժարաններու ցանցով:...

Page 210 of 365 1 … 209 210 211 … 365

Արխիւներ