Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կոչ

December 3, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

30 նոյեմբեր 2018-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան – Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «ՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԵԼՈՒ ԾՐԱԳԻՐ»-ին մեկնարկը, որմէ գոյացաւ 118.500 ամերիկեան տոլար: Այս առիթով Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս մեր ժողովուրդի զաւակներուն յղեց ներքեւի կոչը:

Սիրելի՛ հայորդիներ,

Մեր նոր սերունդին հայեցի դաստիարակութիւնը Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին հոգեւոր-ազգային առաքելութեան ամէնէն կարեւոր բնագաւառներէն մին է, որ կ՛իրագործուի Ազգային վարժարաններու ցանցով:

Ազգային իշխանութեան սկզբունքն է` ամէն ճիգ ի գործ դնել, որպէսզի նիւթական անձկութեան պատճառով հայ աշակերտներ չզրկուին հայկական վարժարանի եզակի մարդակերտումէն:

Կը հաւատանք, որ լիբանանահայ ապագայ սերունդին առողջ կազմաւորումը թէ՛ Լիբանանին եւ թէ՛ հայ սփիւռքին մարդուժի ապահովման կը ծառայէ:

Այս օրհնեալ առաքելութիւնը շօշափելի իրականութիւն կը դառնայ մեր բոլորին հայադրոշմ զոհողական օժանդակութեամբ:

Այս նպատակին համար, հաստատած ենք «ՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԵԼՈՒ ԾՐԱԳԻՐ»-ը, որուն միջոցով տարեկան 250 ամերիկեան տոլար նուիրելով` հայորդի մը կարելիութիւնը կ՛ունենայ հայ աշակերտի մը տարեկան կրթաթոշակի ծախսին մասնակից դառնալու` կապ պահելով Ազգային առաջնորդարանին հետ (հեռ. 01-258301, 70-258301, ե-նամակ fund@armprelacylb.org): Կը հրաւիրենք ձեզ, որ նուազագոյնը մէկ աշակերտ հովանաւորէք:

Վստահ ըլլալով, որ պիտի քաջալերէք մեր այս ազգօգուտ նախաձեռնութիւնը, ձեզի քաջառողջութիւն կը մաղթենք եւ առաքեալին հետ կը կրկնենք.- «Ձեր այս օժանդակութեամբ ապացոյցը տուած պիտի ըլլաք ձեր քրիստոնէական հաւատքին® եւ երախտագիտութեամբ պիտի աղօթեն ձեզի համար, այն բացառիկ շնորհքին համար, որ Աստուած ձեզի տուած է» (Բ.Կր 9.13-14):

Աղօթարար`

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց

Նախորդը

ՀՅԴ-ն Երբեք Յետքայլ Չի Արել

Յաջորդը

Ֆանարի Ս. Երրորդութիւն Մատրան Անուանակոչութիւն Եւ Նորակառոյց Տախտակէ Դրան Օրհնութիւն

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.