Լիբանանահայ մանուկ եւ պատանի հանդիսատեսները այս շաբաթավերջին պիտի վայելեն տիկնիկային արուեստի իւրայատուկ ներկայացումներ: Համազգայինի «Քնար» պարախումբի վարչութեան հրաւէրով, Արցախի Հանրապետութեան Շուշիի «Մկրտիչ Խանդամիրեան»-ի անուան պետական թատրոնը 14, 15 եւ 16 դեկտեմբերին, «Հայ մուկը» հայրենասիրական եւ «Ձիւնամարդը» ամանորեան տիկնիկային ներկայացումներով հանդէս պիտի գայ Լիբանանի մէջ: Ներկայացումները տեղի պիտի ունենան «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ: Շուշիի «Մկրտիչ Խանդամիրեան»-ի անուան պետական թատրոնի անձնակազմը արդէն կը գտնուի Լիբանանի մէջ: