Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազմակերպութեամբ Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբին. Տօնավաճառ` Ի Նպաստ «Օգնէ՛ Եղբօրդ» Բարեսիրական Ծրագիրին

Դեկտեմբեր 5, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ Տիկնանց յանձնախումբը, հաւատարիմ իր եկեղեցանուէր առաքելութեան եւ հիմք ունենալով Նոր կտակարանի Մատթէոսի աւետարանին «Ողորմութիւն կ՛ուզեմ եւ ո՛չ թէ զոհ» համարը, այս տարի եւս դարձեալ նախաձեռնեց «ՕԳՆԷ՛ ԵՂԲՕՐԴ» բարեսիրական ծրագիրին:

Ամիսներ առաջ արդէն այս ծրագիրը իր զանազան փուլերը ունեցաւ: Եկեղեցասէր տիկնանց յանձնախումբի անդամները շաբաթական դրութեամբ համախմբուեցան եւ պատրաստեցին ծրագիրին նախագիծը, որ ունէր երկու ենթաբաժանումներ:

Նախ, աւելի քան երկու ամիսէ ի վեր Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մուտքին ամէնօրեայ դրութեամբ զետեղուեցան գանձանակ մը եւ պարապ տուփեր, որպէսզի հաւատացեալներ եւ նուիրատուներ իրենց լումաներով, ինչպէս նաեւ զանազան տեսակի ուտեստեղէններով լեցնեն զանոնք` նպաստելու համար «Օգնէ՛ եղբօրդ» ծրագիրի յաջողութեան: Ասոր նպատակն է Նոր տարուան սեմին այս ուտելիքները ծրարներու վերածել եւ բաժնել զանոնք կարիքաւոր հայ ընտանիքներու` օգտակար դառնալով անոնց շրջանցելու այս դժուար օրերը:

Երկրորդ ծրագիրը ուտեստեղէններու տօնավաճառն էր, որ պատրաստուած էր նոյնինքն եկեղեցւոյ Տիկնանց յանձնախումբին կողմէ, ինչպէս նաեւ անհատ ազգայիններ իրենց մասնակցութեամբ սատար հանդիսացան: Տօնավաճառը սկիզբ առաւ երեքշաբթի, 4 դեկտեմբեր 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ առջեւի մայթին վրայ:

Տօնավաճառին ընթացքին վաճառքի դրուեցան տնային պահածոյ ուտելիքներ, անուշեղէններ, խմիչքներ, հայկական աւանդական ճաշեր: Տօնավաճառի կրպակները այցելեցին բազմաթիւ անհատներ, իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին «Օգնէ՛ եղբօրդ» բարեսիրական ծրագիրին եւ իրենց գնահատանքը յայտնեցին ու շեշտեցին, որ այս նախաձեռնութիւնը քրիստոնէական կեանքի վեհ սկզբունքներէն է:

Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ Տիկնանց յանձնախումբի ատենապետ Սեդիկ Պիլեմճեան «Ազդակ»-ի թղթակիցին տօնավաճառի գաղափարի ծնունդին եւ ընդառաջումին մասին հարցումի մը պատասխանելով յայտնեց, որ արդէն հինգերորդ տարին է, որ «Օգնէ՛ եղբօրդ» ծրագիրը կը կազմակերպուի եւ յաջողութիւն կը գտնէ, քաջալերողներն ու գնահատողները բազմաթիւ են: Այս ձեւով մենք կատարած կ՛ըլլանք Մատթէոս աւետարանի «Ողորմութիւն կ՛ուզեմ եւ ո՛չ թէ զոհ» համարը եւ գոհունակութիւն կը զգանք, երբ ժպիտ կ՛ուրուագծենք կարիքաւոր ընտանիքներու դէմքերուն եւ իրենց աղօթքը կը ստանանք:

Յայտնենք, որ «Օգնէ՛ եղբօրդ» բարեսիրական ծրագիրին նուիրուած տօնավաճառը կը շարունակուի նաեւ այսօր` չորեքշաբթի, 5 դեկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն սկսեալ, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ առջեւի մայթին վրայ:

 

Նախորդը

Դաշնակցութիւնն Այն Միակ Կուսակցութիւնն Է, Որը Մինչեւ Հիմա Չունի Խօսքի Եւ Գործի Հակասութիւն. Արմէնուհի Կիւրեղեան

Յաջորդը

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճի Հիմնադրութեան 35-ամեակի Համերգ` Կատարողութեամբ Քոլեճի Ուսուցիչներուն

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?