Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» Խոհանոցի Յանձնախումբին. Տարեցներու Յատուկ Նոր Տարուան Հաւաք
Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով եւ համաձայն իր աւանդութեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբը Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան յատուկ հաւաք կազմակերպեց շաբաթական երկու օրերու դրութեամբ ճաշ ստացող տարեցներուն համար: Այս եզակի հաւաքը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 20 դեկտեմբեր 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Սոյն հաւաքը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ...




















