Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտ. 11 Դիմումի Ընդառաջում` Նոյեմբեր Ամսուան Ընթացքին 19-Ամսեայ Հաշուեկշիռ` 321 Պարագայ

ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հաստատած Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտը նոյեմբեր ամսուան ընթացքին ընդառաջած է 11 դիմումի, մինչ մայիս 2017-էն մինչեւ հոկտեմբեր 2018 ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին արժանացած է 310 պարագայ: Այսպէս, Հայ ընտանիքի կազմութեան ֆոնտին (պսակադրութեան) դիմում կատարած են 3 զոյգեր, որոնք պայմանները լրացուցած ըլլալով արժանացած են ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին: Հայ մանուկի ֆոնտին (մկրտութեան) դիմում կատարած են 8 պարագաներ, որոնք...

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի  «Արցախ Ֆոնտ»-ին.  Արցախեան Արտադրութիւններու  Եւ Ձեռագործներու Ցուցահանդէս-Վաճառք

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի «Արցախ Ֆոնտ»-ին. Արցախեան Արտադրութիւններու Եւ Ձեռագործներու Ցուցահանդէս-Վաճառք

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին, նախագահութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդին եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանի «Արցախ ֆոնտ»-ին, ուրբաթ, 30 նոյեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը «Արցախեան տօնավաճառ»-ին: Ցուցահանդէսի բացման ժապաւէնը կտրելէ ետք տեղի ունեցաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութիւն: «Արցախ ֆոնտ»-ի անունով բացման խօսք արտասանեց Զաքար Քէշիշեան: Ան յայտնեց, որ Արցախի նկատմամբ...

«Հայ Աշակերտ Հովանաւորելու Ծրագիր»-ի Մեկնարկը  Սկսաւ 118.500 Ամերիկեան Տոլարի Հանգանակութեամբ

«Հայ Աշակերտ Հովանաւորելու Ծրագիր»-ի Մեկնարկը Սկսաւ 118.500 Ամերիկեան Տոլարի Հանգանակութեամբ

  Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի, երէկ` ուրբաթ, 30 նոյեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին,        Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ աշակերտ հովանաւորելու ծրագիր»-ի մեկնարկը: Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Հուրի Փափազեան-Էմմիեան: Ան յայտնեց, որ սոյն ծրագիրը շարունակութիւնն է արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող «Սան որդեգրելու ծրագիր»-ին` նպատակ ունենալով զօրակցիլ հայ  աշակերտին եւ հայ դպրոցին: Ան հաստատեց,...

Սուրիոյ Խորհրդարանի Պատուիրակութիւնը  Կ՛այցելէ Ծիծեռնակաբերդ

Սուրիոյ Խորհրդարանի Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ Ծիծեռնակաբերդ

Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան խորհրդարանական վեհաժողովի մասնակիցները 28 նոյեմբերին այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր: Մասնակիցներուն մաս կը կազմէր նաեւ Սուրիոյ խորհրդարանի պատուիրակութիւնը, որ կը ներկայացնէր Միջերկրական ծովու խորհրդարանական խորհուրդը: Սուրիոյ խորհրդարանի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Սուրիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական յանձնախումբի նախագահ դոկտ. Նորա Արիսեան, դոկտ. Աշուաք Ապպաս, դոկտ. Մահեր Խայաթա եւ Ժալալ Տարուիշ: Հիւրերուն դիմաւորեց Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ այս տարի իր կազմակերպած ռատիոթոնը պսակուեցաւ յաջողութեամբ եւ ամբողջ օրուան ընթացքին տեղի ունեցած դրամահաւաքին շնորհիւ համայն լիբանանահայութեան ջանքերով կարելի եղաւ հանգանակել 87.750 ամերիկեան տոլար: Յայտնենք, որ այս գումարը յառաջիկայ օրերուն պիտի աւելնայ այլ բարերարներու նուիրատուութիւններուն գումարումով: Լիբանանահայութեան պատուաբեր այս մասնակցութիւնը համահայկական տարեկան այս դրամահաւաքին կու գայ փաստելու, որ լիբանանահայութիւնը կը...

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի  Շրջանային Վարչութեան.  ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի Յանձնախումբը Հայկական  Ձեռագործներու Ցուցահանդէսով Անգամ Մը  Եւս Վերակենդանացուց Հայկական Արուեստի Գոհարները

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան. ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի Յանձնախումբը Հայկական Ձեռագործներու Ցուցահանդէսով Անգամ Մը Եւս Վերակենդանացուց Հայկական Արուեստի Գոհարները

Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած եւ հայկական մշակոյթով հարուստ հայ ժողովուրդի զաւակները սփիւռքի մէջ իրենց գոյատեւման պայքարը չեն սահմանափակած լոկ դպրոցներ, եկեղեցիներ եւ ակումբներ հիմնելով: Հայկական գաւառներու մշակոյթն ու արուեստը, բարքերը, նկարագիրը, մէկ խօսքով` մեր պապենական ազգային ժառանգութիւնը վառ պահուած են հայ ժողովուրդի յիշողութեան մէջ: Արդ, այստեղ առանձնակի դեր վերապահուած է կնոջական իւրայատուկ կազմակերպութեան  մը` Լիբանանահայ օգնութեան խաչին, որ գիտակից իր առաքելութեան,...

Նարեկ Արքեպիսկոպոս` Հայկազեան  Համալսարանին Մէջ

Նարեկ Արքեպիսկոպոս` Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

Լիբանանահայ գաղութի կառոյցներու ծանօթացման այցելութիւններու շրջագիծին մէջ, երէկ` ուրբաթ, 29 նոյեմբեր 2018-ին,  Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս այցելեց Հայկազեան համալսարան, ուր դիմաւորուեցաւ համալսարանի նախագահ վերապատուելի դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի եւ համալսարանի անձնակազմին կողմէ: Այս առիթով առաջնորդ սրբազանը հանդիպում մը ունեցաւ վեր. Հայտոսթեանին հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայեցի դաստիարակութեան վիճակն ու հայկական վարժարաններու ներկայ կացութիւնը եւ Հայկազեան համալսարանի ներդրումը հայեցի դաստիարակութեան...

Պուրճ Համուտի Մէջ Անշարժ  Գոյքի Սեփականատէրերու Ուշադրութեան

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն. Յայտարարութիւն

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը, շրջանի մաքրութիւնը համաժողովրդային պարտականութիւն եւ քաղաքացիական գիտակցութեան ապացոյց նկատելով, սկսաւ ամէն ամսու առաջին կիրակին մաքրութեան ընդհանուր արշաւ կատարելու ծրագիրին: Քաղաքապետարանը կը նախատեսէր երկրորդ փուլը կատարել կիրակի, 2 դեկտեմբեր 2018-ին: Այնուհանդերձ, Պուրճ Համուտի գլխաւոր շուկաներու առեւտրականներ դիմեցին քաղաքապետութեան` դիտել տալով, որ տօնական շրջանի բերմամբ շուկան բաց է կիրակի օրերը, եւ երկրի տնտեսական պայմաններուն բերմամբ առեւտուրը արդէն իր լաւագոյն...

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով

Առաջնորդական Պատգամ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի 2018-ի Դրամահաւաքին Առիթով

Սիրելի՛ հայորդիներ որ ի Լիբանան, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր մարմինը այս տարի եւս կը հրաւիրէ լիբանանահայութիւնը իր մասնակցութիւնը բերելու մեր հայրենիքին` Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման կենսական բնագաւառին: Հայրենիքը կը շինուի հայուն միտքով եւ բազուկով ու կը պահպանուի հայուն ուժով եւ արիւնով: Աշխարհասփիւռ հայութիւնը իր հայրենանուէր անքակտելի պատկանելիութիւնը կ՛արտայայտէ աշխատանքով եւ ի պահանջել հարկին` նահատակութեամբ: Մեր պատմութիւնը լեցուն է հայրենիքի...

Մամլոյ Լսարան Թիւ 143.  Շնորհահանդէս` «Սողոմոն Թեհլիրեան-1896-1960»  Եւ «Խրիմեան Հայրիկ. Գաղափարի  Եւ Ազատութեան Ջահակիրը» Գիրքերուն

Մամլոյ Լսարան Թիւ 143. Շնորհահանդէս` «Սողոմոն Թեհլիրեան-1896-1960» Եւ «Խրիմեան Հայրիկ. Գաղափարի Եւ Ազատութեան Ջահակիրը» Գիրքերուն

Երէկ` չորեքշաբթի, 28 նոյեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արամ Մանուկեան» մատենաշարի անդրանիկ հրատարակութիւններու` Կարօ Յովհաննէսեանի  «Սողոմոն Թեհլիրեան-1896-1960» եւ Վիգէն Աւագեանի «Խրիմեան Հայրիկ. գաղափարի եւ ազատութեան ջահակիրը» գիրքերու շնորհահանդէսը: Բացման խօսքը արտասանեց «Ազդակ»-ի երիտասարդ աշխատակիցներէն Լոռի Քորէսեան, որ կրկնակի հաճելի երեւոյթ նկատեց այս դարուս համախմբուիլ` խօսելու գրական ստեղծագործութիւններու մասին, որոնք հոյակապ վկայութիւններ են ազգի մը...

Առաջնորդ Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան  Այցելեց Թրիփոլի

Առաջնորդ Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան Այցելեց Թրիփոլի

Կիրակի, 25 նոյեմբեր 2018-ին, Թրիփոլիի Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցի այցելեց եւ Ս. պատարագին նախագահեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան: Օրուան պատարագիչն էր Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցւոյ նորօծ հովիւ Սամուէլ քհնյ. Աճէմեան: Քարոզէն առաջ առաջնորդ սրբազանը ներկայացուց ծուխի նորօծ քահանայ հայրը եւ յորդորեց, որ հովիւ եւ հօտ ամբողջական գործակցութեամբ նոր փուլ թեւակոխեն եւ յաջողութիւններ արձանագրեն: Ապա, Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցւոյ հովիւը իր...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ցաւակցական Նամակ Յղեց  Իրանի Հանրապետութեան Նախագահին

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ցաւակցական Նամակ Յղեց Իրանի Հանրապետութեան Նախագահին

Երկուշաբթի, 26 նոյեմբեր 2018-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս իմանալէ ետք Իրանի Գերմանշահ նահանգին մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին մասին, որուն զոհ գացին հարիւրաւոր քաղաքացիներ, ցաւակցական նամակ մը յղեց Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիին: Ցաւակցագիրին մէջ վեհափառ հայրապետը յանուն Ս. Աթոռին եւ Իրանի հայ համայնքին իր ցաւակցութիւնը յայտնեց նախագահին, Իրանի ժողովուրդին եւ երկրաշարժի զոհերու ընտանիքներուն` աղօթելով, որ Աստուած զօրացնէ զիրենք իրենց ցաւին մէջ,...

Մամլոյ 142-րդ Լսարան.  «Հայկական Ճարտարապետութիւնը`  Այսօր. Երեւանի Կողմէ Սփիւռքահայ  Ճարտարապետներու Ներգրաւման Անհրաժեշտութիւնը»  Նիւթով Դասախօսութիւն

Մամլոյ 142-րդ Լսարան. «Հայկական Ճարտարապետութիւնը` Այսօր. Երեւանի Կողմէ Սփիւռքահայ Ճարտարապետներու Ներգրաւման Անհրաժեշտութիւնը» Նիւթով Դասախօսութիւն

«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ լսարաններու ծիրին մէջ երէկ` երկուշաբթի, 26 նոյեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 142-րդ լսարանը, որուն նիւթն էր «Հայկական ճարտարապետութիւնը` այսօր. Երեւանի կողմէ սփիւռքահայ ճարտարապետներու ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը», իսկ զեկուցաբերը` Ալեքսանտր Թամանեանի անուան ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-հիմնարկի գիտական քարտուղար փրոֆ. Աշոտ Գրիգորեան: Ձեռնարկին բացման խօսքը կատարեց եւ օրուան դասախօսը ներկայացուց «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն...

Հոգեհանգիստ` Նահատակ Եւ Ննջեցեալ  ՀՄԸՄ-ականներու Յիշատակին

Հոգեհանգիստ` Նահատակ Եւ Ննջեցեալ ՀՄԸՄ-ականներու Յիշատակին

Կիրակի, 25 նոյեմբերին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` ի յիշատակ 100-ամեայ ՀՄԸՄ-ի նահատակներուն եւ ննջեցեալներուն, որոնք իրենց կեանքին ընթացքին փորձեցին առաւելագոյն կերպով ծառայել ՀՄԸՄ-ին: Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը տարեկան դրութեամբ կը յիշէ միութեան նահատակներն ու ննջեցեալները, յարգանքի տուրք կը մատուցէ անոնց յիշատակին: Շրջանային վարչութիւնը ընդունեց ներկաներուն ցաւակցութիւնները` ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան...

«Պզտիկ-Մզտիկ»-Ի «Անսխալ Գրենք» Մրցումը  Տեղի Ունեցաւ Հայկական Վարժարաններու  Աշակերտներուն Մասնակցութեամբ

«Պզտիկ-Մզտիկ»-Ի «Անսխալ Գրենք» Մրցումը Տեղի Ունեցաւ Հայկական Վարժարաններու Աշակերտներուն Մասնակցութեամբ

Կիրակի, 25 նոյեմբեր 2018-ին,  «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահը դարձեալ ժամադրավայրը եղաւ «Ազդակ»-ի մանկապատանեկան «Պզտիկ-Մզտիկ» յաւելուածի խմբագրական կազմին կազմակերպած «Անսխալ գրենք» մրցումին: Կարծես տօնական մթնոլորտ մը ըլլար, աշակերտները իրենց ծնողներուն հետ անհամբեր կը սպասէին սրահ մուտք գործելու: Դ. դասարանի աշակերտները արդէն ճշդուած ժամէն առաջ եկած էին` ապրելու համար իրենց առաջին փորձառութիւնը: Պէտք է նշել, որ «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրական կազմին կազմակերպած եւ աւանդութիւն դարձած...

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Կը Պարգեւատրէ  Լեռնագնաց Արա Խաչատուրեանը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Կը Պարգեւատրէ Լեռնագնաց Արա Խաչատուրեանը

Ուրբաթ, 23 նոյեմբեր 2018-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ լեռնագնաց Արա Խաչատուրեանին հետ` նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ ներկայութեամբ միաբան հայրերու, դպրեվանքի տիկնանց խորհուրդին, դպրեվանեցիներու եւ դպրեվանքի բարեկամներու: Դպրեվանքի տեսուչ Պօղոս վրդ. Թինքճեան իր բացման խօսքին մէջ յայտնեց, որ հայ ժողովուրդի իւրայատկութիւններէն մէկն է անհատական նուաճումները հայութեան նուիրել: Այս իմաստով, ան հակիրճ տողերու մէջ ներկայացուց...

Փրոֆ. Աշոտ Գրիգորեան Այցելեց «Ազդակ»

Փրոֆ. Աշոտ Գրիգորեան Այցելեց «Ազդակ»

Շաբաթ յետմիջօրէին, «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան Հայաստանի ազգային համալսարանի դասախօս փրոֆ. Աշոտ Գրիգորեան: Հիւրին կ՛ընկերակցէր Մեծի Տանն Կիլիկիկոյ կաթողիկոսութեան Հայագիտական կեդրոնի պատասխանատու, «Կամար» ամսաթերթի խմբագիր Ժիրայր Դանիէլեան: Փրոֆ. Գրիգորեան Լիբանան կը գտնուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հրաւէրով` դասախօսելու համար հայագիտական դասընթացքի ուսանողներուն: Աշոտ Գրիգորեան Հայաստանի ճարտարագիտական ակադեմիայի անդամ է եւ Ալ. Թամանեանի անուան ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-հիմնարկի գիտական քարտուղար:...

Բագրատունի Ընդունեց Հայաստանի  Ամերիկեան Համալսարանի Նախագահը

Բագրատունի Ընդունեց Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի Նախագահը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի նախագահ դոկտ. Արմէն Տէր Կիւրեղեանը, որ լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց համալսարանին եւ անոր ապագայ ծրագիրներուն մասին: Հայաստանի մէջ ամերիկեան համալսարանը իր մակարդակով կարեւոր հաստատութիւն է ո՛չ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ սփիւռքի հայ ուսանողներուն համար: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի ուսանողներուն Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին մէջ բարձրագոյն կրթութիւն...

Page 211 of 365 1 … 210 211 212 … 365

Արխիւներ