Հինգշաբթի, 6 դեկտեմբեր 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, ՔԱՀԼ-ի սրահին մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ «Ուրախացի՛ր, ուրախացո՛ւր» տօնավաճառին:
Սոյն տօնավաճառը կազմակերպուած էր ՔԱՀԼ-ի Հայ տարեցներու տան տիկնանց յանձնախումբին, տնօրէնութեան եւ հաստատութեան «Ծիրանի» խոհանոցին կողմէ յաջորդաբար 5-րդ տարին ըլլալով, իսկ հովանաւորն էր տիկնանց յանձնախումբի ատենապետ Սօսի Մենտիլեան:
Ժապաւէնը կտրելէ առաջ բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՔԱՀԼ-ի տնօրէն պատուելի Սեպուհ Թերզեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց եւ նշեց, որ 5-րդ տարին ըլլալով կազմակերպուած է այս տօնավաճառը: Պատուելին ըսաւ, թէ այս տօնավաճառը միայն ուտեստեղէն եւ զարդեղէն ծախելու առիթ չէ, այլ նաեւ առիթ է այցելելու տարեցներուն այս տան մէջ: Ան հրաւիրեց ներկաները այցելելու տարեցներուն, որովհետեւ տօնավաճառին նպատակներէն մէկն է «Օփըն Հաուս»-ը եւ ծանօթացումը: Ան ասիկա պատիւ ու յարգանք նկատեց տարեցներուն նկատմամբ: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես ժրաջան տիկնանց օժանդակ յանձնախումբին գործունէութեան, որ տարեկան երկու ձեռնարկներով` տօնավաճառ եւ մայրերու օր, իր ներդրումը կ՛ունենայ Հայ տարեցներու տան բարգաւաճման:
Ապա պատուելի Թերզեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Ծիրանի» խոհանոցի խոհարար տիկիններուն, որոնք մեծ դեր ունին այս տօնավաճառին յաջողութեան գործընթացին մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ հաստատութեան խնամակալութեան, տիկնանց օժանդակ յանձնախումբին, օրուան հովանաւոր Սօսի Մենտիլեանին եւ ներկաներուն` իրենց աջակցութեան ու հոգատարութեան համար:
Պատուելի Թերզեան իր խօսքին վերջին բաժինով յայտնեց, որ տօնավաճառին կողքին տօն մը կայ: Այդ տօնին տէրը Յիսուս Քրիստոս է, Անոր ծնունդն է: Պէտք չէ մոռնանք տօնական այս օրերու հապճեպին եւ եռուզեռին մէջ մեր փրկչին Ս. Ծնունդը: Հետեւաբար ան այս տօնավաճառին յաջողութեան համար փառք տուաւ Աստուծոյ:
Վեր. Րաֆֆի Մսըրլեանի փառաբանութեան աղօթքէն ետք, տօնավաճառին ժապաւէնը կտրեցին ՔԱՀԼ-ի տնօրէնն ու ձեռնարկին հովանաւոր Սօսի Մենտիլեան: Հոն ներկայացուած էին ՔԱՀԼ-ի «Ծիրանի» խոհանոցի ուտելիքներու տեսականին, Նոր տարուան զարդեղէններ, հայաստանեան գինիներ, մրգեղէններ եւ այլն:
Հոծ բազմութիւնը բարձր գնահատեց կատարուած աշխատանքը:
Նշենք, որ «Ուրախացի՛ր, Ուրախացո՛ւր» տօնավաճառը պիտի շարունակուի նաեւ այսօր` ուրբաթ, 7 դեկտեմբեր, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 5:00, ՔԱՀԼ-ի սրահին մէջ:
Առ ի տեղեկութիւն, ՔԱՀԼ-ի «Ուրախացի՛ր, ուրախացո՛ւր» տօնավաճառը ծնունդ առաւ «Ծիրանի» խոհանոցին հաստատուելէն ետք, որ ուտելիքներու հարուստ տեսականի մը ունի եւ հանրութեան կողմէ լաւ ընդունելութիւն գտած է: Այս խոհանոցը հաստատուեցաւ օգտակար հանդիսանալու համար ՔԱՀԼ-ի զանազան ծախսերուն: