Գաղութային

Մեր Կորուստները.  Մահացած Է Պատմաբան Անահիտ Տէր Մինասեանը

Մեր Կորուստները. Մահացած Է Պատմաբան Անահիտ Տէր Մինասեանը

Փարիզի մէջ երկարատեւ հիւանդութենէ ետք, 86 տարեկանին մահացած է պատմաբան Անահիտ Տէր Մինասեանը: Վերջինս նշանաւոր գիտնական էր, Սորպոնի համալսարանի եւ Ընկերային գիտութիւններու բարձրագոյն դպրոցի դասախօս: Կ՛ուսումնասիրէր Հայաստանի, հայկական հարցի, Անդրկովկասի մէջ ազգային յարաբերութիւններու պատմութիւնը: Քանի մը գիրքի, որոնցմէ նաեւ` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան նուիրուած ուսումնասիրութիւններու հեղինակ է: Անահիտ Տէր Մինասեան աշխուժ դերակատարութիւն ունեցած է ֆրանսահայ հասարակական-քաղաքական կեանքին մէջ: Ան հայկական ազատագրական...

ԶՈՄ-ԶՈԳ.  Համալսարանական Մասնագիտութիւններու  Արեւելում` Ազգային  Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան Վարժարանին Մէջ

ԶՈՄ-ԶՈԳ. Համալսարանական Մասնագիտութիւններու Արեւելում` Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան Վարժարանին Մէջ

ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան Զաւարեան ուսանողական գրասենեակը շաբաթ, 9 փետրուար 2019-ին Այնճարի Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարանի սրահին մէջ կազմակերպեց համալսարանական մասնագիտութիւններու արեւելում: Ներկայ էին վարժարանի եւ Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի երկրորդական բաժիններէն աշակերտներ: Նախ ներկայացուեցան Լիբանանի տարբեր համալսարանները, ապա բացատրութիւն տրուեցաւ բոլոր մասնագիտութիւններուն եւ անոնց գործի առիթներուն մասին: Աւարտին աշակերտները ԶՈՄ-ականներուն հետ զրոյցի ճամբով հետաքրքրուեցան եւ մանրամասնութիւններ խնդրեցին իրենց...

Յայտարարութիւն

Յայտարարութիւն

Օրեր առաջ Ախալքալաքի շրջանի Բուղաշէն գիւղում բարերարների միջոցով վերաբացուեց գիւղի արժանաւոր զաւակ, Խորհրդային Վրաստանի իրաւապահ համակարգի օրինապաշտ ներկայացուցիչ, 1990 թուականից` Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանների պաշտպանութեան, այնուհետեւ նաեւ Արցախի ազատագրման գործում իր նշանակալի ներդրումն ունեցած հետախոյզ Միքայէլ Աւագեանի կիսանդրին, որը բուռն արձագանգ գտաւ ինչպէս Ազրպէյճանի պետական ու հասարակական-քաղաքական, այնպէս էլ Վրաստանի որոշ շրջանակների մօտ: Նշեալ շրջանակները, միահամուռ կերպով Միքայէլ Աւագեանին ներկայացնելով որպէս...

Երեսփոխան Բագրատունի Նամակ Մը  Յղեց Ֆրանսայի Նախագահին

Երեսփոխան Բագրատունի Նամակ Մը Յղեց Ֆրանսայի Նախագահին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքին անունով նամակ մը յղեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին` գնահատելով Ֆրանսայի մէջ Հայկական կազմակերպութիւններու աշխատանքները համակարգող խորհուրդի տարեկան ընթրիքին ընթացքին Ապրիլ 24-ը Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման ազգային օր հռչակելու անոր 2017-ի ընտրական խոստումին վերահաստատումը: Բագրատունի յայտնեց, որ այդ խոստումին կատարումը տրամաբանական շարունակութիւնը պիտի ըլլայ...

Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեանի  «Ծաղկած Ցաւ» Գիրքին Գինեձօնը

Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեանի «Ծաղկած Ցաւ» Գիրքին Գինեձօնը

Երէկ` ուրբաթ, 8 փետրուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Ն. Փալանճեան» կեդրոնի «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեանի «Ծաղկած ցաւ» գիրքին գինեձօնը` կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին: Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Սեդա Ունճեան-Խտըշեան: Ան ըսաւ, թէ Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեանը ո՛չ միայն մեծ դաշնակահարուհի է, այլ նաեւ բանաստեղծուհի, որ ունի բանաստեղծութիւններու վեց ժողովածուներ: Կամիլան ծնած է Երեւան: Աւարտած է Երեւանի Կոմիտասի...

Խաչիկ Տէտէեանի «Երազէն Անդին»  Բանաստեղծութեան Զոյգ  Հատորներու Շնորհահանդէս

Խաչիկ Տէտէեանի «Երազէն Անդին» Բանաստեղծութեան Զոյգ Հատորներու Շնորհահանդէս

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գիր եւ գրականութիւն մասնաճիւղին, հինգշաբթի, 7 փետրուար 2019-ին երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Խաչիկ Տէտէեանի «Երազէն անդին» բանաստեղծութիւններու Ա. եւ Բ. հատորներու շնորհահանդէսը: Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ժագ Յակոբեան, որ անդրադարձաւ բանաստեղծութեան արժէքաւոր արտայայտչաձեւ ըլլալու իրականութեան` շեշտելով, որ հայութեան համար եւս մեծ կարեւորութիւն ունեցած է գրական այս...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը Յղեց Լիբանանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրիւնօ Ֆուշէին յղեց նամակ մը, որ կը վերաբերէր Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի` Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդին կազմակերպած տարեկան ընթրիքին ընթացքին Ապրիլ 24-ը Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման ազգային օր հռչակելու իր նպատակին մասին կատարած յայտարարութեան: Հայ դատի մարմինը ողջունեց նախագահ Մաքրոնին 2017-ին կատարած իր ընտրական խոստումը անգամ մը եւս յայտարարելը` աւելցնելով,...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ՛ողջունէ Ապրիլ 24-ը  Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Օր  Հռչակելու Նախագահ Մաքրոնի Որոշումը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ՛ողջունէ Ապրիլ 24-ը Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Օր Հռչակելու Նախագահ Մաքրոնի Որոշումը

Չորեքշաբթի, 6 փետրուար 2019-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս շնորհակալական ու գնահատանքի նամակ մը յղեց Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին` ջերմօրէն ողջունելով Ապրիլ 24-ը Ֆրանսայի մէջ «Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օր» հռչակելու իր որոշումը: Վեհափառ հայրապետը իր նամակին մէջ ընդգծելով նախագահ Մաքրոնի սոյն որոշումին յատուկ կարեւորութիւնը` կ՛ըսէ. «Մենք խորապէս կը հաւատանք, թէ այս որոշումը պերճախօս արտայայտութիւնն է ձեր ունեցած ամուր կապուածութեան, արդարութեան,...

Փոքրիկներու Խաղավայր`  Պուրճ Համուտի Մէջ

Փոքրիկներու Խաղավայր` Պուրճ Համուտի Մէջ

Երէկ` չորեքշաբթի, 6 փետրուար 2019-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան այցելեց եւ ստուգեց Պուրճ Համուտի մէջ փոքրիկներու խաղավայրի մը մէջ խաղալիքներու տեղադրումը: Խաղավայրը պատրաստուած եւ հովանաւորուած էր  «Աքթըտ» կազմակերպութեան կողմէ, որ Լիբանանի մէջ կը գործէ տասնամեակէ ի վեր եւ գործակցութիւն ունի Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հետ: Հանդիպումին ներկայ էին «Աքթըտ» կազմակերպութեան Լիբանանի փոխ ընդհանուր տնօրէնի տեղակալ Ժաք Ֆրենչ,...

Հաղորդագրութիւն

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն. Հաղորդագրութիւն

Երէկ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան հետեւեալ հաղորդագրութիւնը յղեց լիբանանեան լրատուամիջոցներուն: Վերջին ժամանակաշրջանին Հիւսիսային Մեթնի ծովեզերեայ շրջաններուն եւ յատկապէս Պուրճ Համուտի եւ անոր շրջակայքին մէջ աւելցած են գարշահոտերը, ինչ որ պատճառ դարձաւ շրջանի բնակիչներուն դժգոհութեան եւ արդար բողոքին: Պուրճ Համուտի քաղաքապետը հետեւեցաւ հարցի մանրամասնութիւններուն` պատկան մարմիններուն եւ պետական վարչութիւններուն հետ: Մեկնելով հարցի հետապնդումին իբրեւ հետեւանք գոյացած տուեալներէն, ան հանրային կարծիքին...

«Մարդկային Եղբայրութիւն»  Խորագրեալ Միջազգային Համագումար

«Մարդկային Եղբայրութիւն» Խորագրեալ Միջազգային Համագումար

3 եւ 4 փետրուար 2019-ին, կազմակերպութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց պետութեան եւ հովանաւորութեամբ Ֆրանչիսկոս պապին ու Ազհարի շէյխ դոկտ. Ահմետ Թայիպին, «Մարդկային եղբայրութիւն» նիւթով միջազգային համագումար մը տեղի ունեցաւ Ապու Տապիի մէջ: Համագումարին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցին Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանն ու Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ եպս....

Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Ու Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Երկխօսութեան Յանձնախումբի Հանդիպում

Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Ու Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Երկխօսութեան Յանձնախումբի Հանդիպում

26 յունուարէն 1 փետրուար երկարող շաբթուան ընթացքին, Վատիկանի մէջ տեղի ունեցան Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան ուղղափառ քոյր եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութեան 16-րդ նիստերը, որոնց Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան կողմէ իրենց մասնակցութիւնը բերին Խաժակ արք. Պարսամեան եւ Շահէ ծ.վրդ. Անանեան, իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ` Մակար եպս. Աշգարեան եւ Պօղոս վրդ. Թինքճեան: Երկխօսութիւնը իր նիստերուն ընթացքին արծարծեց ամուսնութեան, ամուսնալուծումի եւ խառն ամուսնութեան...

Հաղորդագրութիւն

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտ. Մայիս 2017-էն Մինչեւ Դեկտեմբեր 2018 (20 ամսեայ Հաշուեկշիռ)` 478 Պարագայ

ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հաստատած Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտէն մայիս 2017-էն մինչեւ դեկտեմբեր 2018 օգտուելու իրաւունքին արժանացած է 478 պարագայ: Այսպէս, Հայ ընտանիքի կազմութեան ֆոնտին (պսակադրութեան) դիմում կատարած են 101 զոյգեր, որոնք պայմանները լրացուցած ըլլալով արժանացած են ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին: Հայ մանուկի ֆոնտին (մկրտութեան) դիմում կատարած են 206 պարագաներ, որոնք արժանացած են ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին: Ընտանիքի բազմացման ֆոնտէն (3-րդ...

Ազգային Առաջնորդարանի Պաշտօնէութեան  Աղօթական Պահ

Ազգային Առաջնորդարանի Պաշտօնէութեան Աղօթական Պահ

Երկուշաբթի, 4 փետրուար 2019-ին, առաւօտեան ժամը 8:00-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի պաշտօնէութիւնը փետրուար ամիսը սկսաւ աղօթական պահով: Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս այս առիթով հետեւեալը ըսաւ պաշտօնէութեան. «Աղօթքը քրիստոնեային սրտբաց խօսակցական կապն է Աստուծոյ հետ: Իբրեւ հայ եկեղեցւոյ ծառայութեան լծուած հոգեւոր-ազգային միաւոր, ճի՛շդ նկատեցինք հաստատել ամէն ամսուան առաջին երկուշաբթին հաւաքական աղօթքով սկսելու աւանդութիւնը, որպէսզի...

Հաղորդագրութիւն

346 Ընտանիքներու Օժանդակութիւն

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ տօնական օրերէն ետք, գիտակցելով որոշ թիւով ընտանիքներու կենցաղային դժուարութեանց, Երեսփոխանական գրասենեակը յաջողեցաւ դժուարութեան մէջ եղող 346 ընտանիքներու բաշխել հիմնական կարեւորութիւն ունեցող ուտեստեղէնի ծրարներ` գէթ մասամբ օգնելու անոնց, երկրին դիմագրաւած տնտեսական դժուարութեան այս օրերուն: Երեսփոխանական գրասենեակը նաեւ հայկական երեք բարեսիրական հաստատութիւններու ուտեստեղէնի օժանդակութիւն տրամադրեց: Հերթական դրութեամբ այս եւ նման այլ օժանդակութիւնները կը շարունակուին կատարուիլ Երեսփոխանական պլոքի, բարեկամներու...

«Ճամբադ Տանդ Պէ՛ս Պահէ» Մաքրութեան  Արշաւ` Պուրճ Համուտի Մէջ

«Ճամբադ Տանդ Պէ՛ս Պահէ» Մաքրութեան Արշաւ` Պուրճ Համուտի Մէջ

Երէկ` կիրակի, 3 փետրուար 2019-ին, առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 12:00-ը, կազմակերպութեամբ  Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, երկրորդ անգամն ըլլալով տեղի ունեցաւ «Ճամբադ տանդ պէ՛ս պահէ» ընդհանուր մաքրութեան արշաւը, որուն մասնակցեցան Պուրճ Համուտի քաղաքացիներ, մարմնակրթական եւ բարեսիրական միութիւններ, կրթական հաստատութիւններ, Պուրճ Համուտի բոլոր համայնքները ներկայացնող միաւորումներ: Այս նախաձեռնութեան առիթով «Ազդակ»-ին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան այս արշաւին...

Արամ Ա. Կաթողիկոս «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»-ի  Շքանշանով Պարգեւատրեց Լեւոն Նորտիկեանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»-ի Շքանշանով Պարգեւատրեց Լեւոն Նորտիկեանը

Կիրակի, 3 փետրուար 2019-ին, վեհարանի դահլիճին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»-ի շքանշանով պարգեւատրեց արուեստագէտ եւ հնագէտ դոկտ. Լեւոն Նորտիկեանը: Հայրապետական սրբատառ կոնդակին ընթերցումէն առաջ դոկտ. Նորտիկեանի կենսագրութիւնն ու իր մասին վկայութիւններ կարդացին Սեն Ժոզեֆ համալսարանի արուեստի եւ գիտութեան բաժանմունքի տնօրէն Քրիսթին Պապիկեան-Ասսաֆը եւ իր գործակիցներէն Գրիգոր Թերզեանը: Վեհափառ հայրապետը հայերէնով եւ ֆրանսերէնով խօսք...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Հետեւի Վենեզուելայի Հայ Գաղութի Իրավիճակին

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Հետեւի Վենեզուելայի Հայ Գաղութի Իրավիճակին

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը կը հետեւի վերջին օրերուն Վենեզուելայի մէջ ստեղծուած կացութեան զարգացումներուն եւ այդ ծիրին մէջ հայ գաղութին դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Արդարեւ, շաբաթ, 2 փետրուար 2019-ին, վեհափառ հայրապետը հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ կապ հաստատեց Վենեզուելայի հոգեւոր տեսուչ Կոմիտաս արք. Օհանեանի եւ հոգեւոր հովիւ Վահրիճ վրդ. Ղարախանեանին հետ: Անոնք վեհափառ հայրապետին պարզեցին ստեղծուած կացութեան զանազան երեսները, յատկապէս քաղաքական զարգացումները եւ ժողովրդային ցոյցերը: Վեհափառ...

Ազգային Առաջնորդարանի Երիտասարդական  Յանձնախումբը Օժտուեցաւ «Այո» Անունով

Ազգային Առաջնորդարանի Երիտասարդական Յանձնախումբը Օժտուեցաւ «Այո» Անունով

Երեքշաբթի գիշեր, 29 յունուար 2019, սուրբ պատարագին յաջորդած Երիտասարդական յանձնախումբի հաւաքին եւ Աստուածաշունչի սերտողութեան ընթացքին, Ազգային առաջնորդարանի Երիտասարդական յանձնախումբը որոշեց ինքզինք «ԱՅՈ» անուանել: Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս, Աստուածաշունչի սերտողութիւնը կատարելէ առաջ, «ԱՅՈ» անուանումը հաստատեց, ըսելով. «Կ՛ողջունեմ մեր նոր անունը` «ԱՅՈ», որ հիմնուած է Մատթէոսի աւետարանին 5-րդ գլուխին 37-րդ համարին մէջ արձանագրուած Յիսուսի հետեւեալ հրահանգին վրայ.  «Պարզապէս ձեր այոն...

«Շուշի» Ժողովրդային Տան Վերանորոգուած  Սրահի Հանդիսաւոր Բացում

«Շուշի» Ժողովրդային Տան Վերանորոգուած Սրահի Հանդիսաւոր Բացում

Երէկ` հինգշաբթի, 31 յունուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Ռաուտայի ՀՅԴ «Շուշի» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ «Շուշի» ժողովրդային տան վերանորոգուած սրահի բացումը, որ կազմակերպուած էր ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին կողմէ: Ձեռնարկին ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան եւ  Պքաաքաֆրայի քաղաքապետ Էլի Մախլուֆ: ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին...

Page 204 of 365 1 … 203 204 205 … 365

Արխիւներ