Փարիզի մէջ երկարատեւ հիւանդութենէ ետք, 86 տարեկանին մահացած է պատմաբան Անահիտ Տէր Մինասեանը: Վերջինս նշանաւոր գիտնական էր, Սորպոնի համալսարանի եւ Ընկերային գիտութիւններու բարձրագոյն դպրոցի դասախօս: Կ՛ուսումնասիրէր Հայաստանի, հայկական հարցի, Անդրկովկասի մէջ ազգային յարաբերութիւններու պատմութիւնը: Քանի մը գիրքի, որոնցմէ նաեւ` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան նուիրուած ուսումնասիրութիւններու հեղինակ է:
Անահիտ Տէր Մինասեան աշխուժ դերակատարութիւն ունեցած է ֆրանսահայ հասարակական-քաղաքական կեանքին մէջ: Ան հայկական ազատագրական պայքարի երեւելի դէմքերէն մէկուն` Օսմանեան խորհրդարանի երեսփոխան Գեղամ Տէր Կարապետեանի թոռնուհին էր, նաեւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ռազմական նախարար, ազատագրական պայքարի երեւելի գործիչ Ռուբէն Տէր Մինասեանի հարսը: