Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Շուշի» Ժողովրդային Տան Վերանորոգուած Սրահի Հանդիսաւոր Բացում

February 1, 2019
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` հինգշաբթի, 31 յունուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Ռաուտայի ՀՅԴ «Շուշի» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ «Շուշի» ժողովրդային տան վերանորոգուած սրահի բացումը, որ կազմակերպուած էր ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին կողմէ:

Ձեռնարկին ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան եւ  Պքաաքաֆրայի քաղաքապետ Էլի Մախլուֆ:

ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին անունով հայերէնով բացման խօսքը արտասանեց Կարօ Պասմաճեան, որ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք նշեց, թէ վերանորոգութիւններու նպատակն է արդիական կարելիութիւններով եւ բարեզարդուած ակումբի մը մէջ ընդունիլ շրջանի բնակիչները, պատանիներն ու երիտասարդները: Կարօ Պասմաճեան ըսաւ, թէ վերանորոգութեան աշխատանքը կարելի եղաւ իրականացնել շնորհիւ 25 հոկտեմբեր 2018-ին կազմակերպուած դրամահաւաքին` յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով Տըքուանէի, Ժտէյտէի եւ  մասնաւորի Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւններուն, որոնք նիւթական եւ բարոյական նեցուկ կանգնեցան «Շուշի» ժողովրդային տան:

Վարդան Աճէմեան
Կարօ Պասմաճեան

ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին անունով արաբերէնով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Վարդան Աճէմեան, որ նոյնպէս շնորհակալութիւն յայտնեց երեք քաղաքապետութիւններուն` անոնց աջակցութեան համար:

Խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ հաստատեց, թէ Դաշնակցութեան ակումբները կ՛ընկալուին իբրեւ ժողովրդային տուներ, որովհետեւ այնտեղ կը համախմբուին ժողովրդային խաւերը եւ այնտեղ կը կազմակերպուին ժողովուրդին ծառայելու կոչուած աշխատանքները: Ան ըսաւ, թէ երբ ամիսներ առաջ այս ակումբին մէջ համախմբուած էին, յոյս յայտնած էր, որ վերանորոգումը տեղի կ՛ունենայ եւ բոլորովին նոր դիմագիծ կը ստանայ Ռաուտայի ժողովրդային տունը: Այդ առաջադրանքը կատարուած է շնորհիւ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէի նախաձեռնութեան, բարերարներու անվերապահ աջակցութեան եւ ժողովուրդի մասնակցութեան:

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այս առիթով անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան` ընդգծելով, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ճիգ չխնայեց կազմուելիք կառավարութեան մէջ երկու հայ նախարարի նշանակումով լիբանանահայ համայնքի իրաւունքները պահած ըլլալու համար: Ան դիտել տուաւ նաեւ, թէ առաջին անգամն է, որ կառավարութեան մէջ կը նշանակուին երկու հայ նախարարներ, որոնք կ՛ունենան նախարարական պաշտօն: Յակոբ Բագրատունի պարզաբանեց, որ վերջին օրերուն երեւցած էր նաեւ միտում զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը Դաշնակցութենէն այլ քաղաքական ուժի վերապահելու: Բարձր գնահատելով զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի նախարարական գործունէութիւնը` Բագրատունի յայտնեց, որ ճիգերը` զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը Դաշնակցութեան պահելու, արդիւնաւորուած են: Ապա ան շնորհաւորեց  ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէութիւնը, Ռաուտայի ժողովուրդը, նուիրատուներն ու բոլոր անոնք, որոնք սատարեցին ակումբի վերանորոգման աշխատանքներուն:

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի խօսքէն ետք, «Շուշի» ժողովրդային տան սրահին մէջ զետեղուեցան Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին Ռաուտայի «Շուշի» կոմիտէի շրջանին մէջ նահատակուած Կարօ Գուլանճեանի եւ Ժոզեֆ Պիլեզիկճեանի լուսանկարները:

Նախորդը

Պապական Նուիրակի Եւ Նարեկ Արքեպիսկոպոսի Հանդիպում

Յաջորդը

«Ռուսիան Կ՛ողջունէ Պաշտօնական Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Տարբեր Մակարդակներով Տեղի Ունեցած Քաղաքական Հաղորդակցութիւնները» Կ՛ըսէ Զախարովա

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.