Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Առաջնորդարանի Երիտասարդական Յանձնախումբը Օժտուեցաւ «Այո» Անունով

February 4, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի գիշեր, 29 յունուար 2019, սուրբ պատարագին յաջորդած Երիտասարդական յանձնախումբի հաւաքին եւ Աստուածաշունչի սերտողութեան ընթացքին, Ազգային առաջնորդարանի Երիտասարդական յանձնախումբը որոշեց ինքզինք «ԱՅՈ» անուանել:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս, Աստուածաշունչի սերտողութիւնը կատարելէ առաջ, «ԱՅՈ» անուանումը հաստատեց, ըսելով. «Կ՛ողջունեմ մեր նոր անունը` «ԱՅՈ», որ հիմնուած է Մատթէոսի աւետարանին 5-րդ գլուխին 37-րդ համարին մէջ արձանագրուած Յիսուսի հետեւեալ հրահանգին վրայ.  «Պարզապէս ձեր այոն այո թող ըլլայ եւ ոչը ոչ»: «ԱՅՈ»-ն մեր հաւաքական պատասխանն է այս տէրունի նշանաբանը որդեգրելու պատրաստակամութեան: Հիմա կը մնայ զայն խօսքով եւ գործով ապրիլը, որուն համար Աստուծոյ օրհնութիւնը եւ հայ եկեղեցւոյ բոլոր սուրբերուն բարեխօսութիւնը իբրեւ փարոս մեզ պիտի առաջնորդեն մեր հայ քրիստոնէական կեանքին մէջ»:

Յայտնենք, թէ ամէն երեքշաբթի գիշեր, ժամը 7:00-8:00, Պուրճ Համուտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, սուրբ պատարագ կը մատուցուի` հաւատացեալ ժողովուրդին երգեցողութեամբ եւ Նարեկ սրբազան հոգեւոր խորհրդածութիւն կը կատարէ: Ապա, ժամը 8:00-9:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան – Եռագոյն» սրահին մէջ, տեղի կ՛ունենայ 18-40 տարեկան երիտասարդ-երիտասարդուհիներու ծանօթացման ընկերային հաւաք, Աստուածաշունչի սերտողութիւն եւ հայ քրիստոնէական կեանքի հաւաքական քննարկում: Աստուածաշունչի սերտողութիւնը կը կատարէ Նարեկ սրբազան:

 

 

Նախորդը

«Ապարաժ»-ի Խմբագրական. Արցախը Համահայկական Օրակարգի Առաջին Հորիզոնականում

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Հետեւի Վենեզուելայի Հայ Գաղութի Իրավիճակին

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.