Գաղութային

Մամլոյ Ասուլիս  Տիգրան Մանսուրեան` Լիբանան  Իր Այցելութեան Մասին

Մամլոյ Ասուլիս Տիգրան Մանսուրեան` Լիբանան Իր Այցելութեան Մասին

Աշխարհահռչակ երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեան երէկ` 18 փետրուարի յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին մէջ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը: Մեծ յօրինողը յատկապէս անդրադարձաւ Լիբանան կատարած իր այցելութեան, արտայայտեց իր տպաւորութիւններն ու զգացումները, խօսեցաւ լեզուի ու մշակոյթի պահպանման կարեւորութեան մասին, լուսարձակի տակ առաւ իր ստեղծագործական աշխարհին վերաբերող դրուագներ, ներկայի երաժշտութեան ունեցած կշիռը: Տիգրան Մանսուրեան պատասխանեց նաեւ Հայաստանի քայլերգի փոփոխութեան վերաբերող հարցումի...

Երիտասարդական Խորհրդաժողով`  Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Երիտասարդական Խորհրդաժողով` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Անցեալ շաբաթավերջին, 16 եւ 17 փետրուար 2019-ին, Անթիլիասի մայրավանք հաւաքուած էին սփիւռքի զանազան երկիրներէ եկած երիտասարդներ, որոնք գումարեցին հինգ նիստերէ բաղկացած խորհրդաժողով մը` արծարծելով երիտասարդութիւնը յուզող այժմէական խնդիրներ ու քննարկելով զանոնք դիմագրաւելու գործնական միջոցները: Խորհրդաժողովին ատենապետեց Մեսրոպ եպս. Սարգիսեան, իսկ զայն վարեցին Պետրոս վրդ. Մանուէլեանն ու Զարեհ վրդ. Սարգիսեանը: Բացման նիստին իր պատգամը ուղղեց վեհափառ հայրապետը: Ան նախ եւ առաջ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Աշխարհահռչակ  Երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեանը  Պարգեւատրեց «Ասպետի Կարգ»-ի Շքանշանով

Արամ Ա. Կաթողիկոս Աշխարհահռչակ Երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեանը Պարգեւատրեց «Ասպետի Կարգ»-ի Շքանշանով

Կիրակի, 17 փետրուար 2019-ի առաւօտեան, յետ սուրբ եւ անմահ պատարագին, վեհարանի դահլիճին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս «Ասպետի կարգ»-ի շքանշանով պարգեւատրեց աշխարհահռչակ երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեանը: Ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս եկաւ խմբավար եւ շուիահար Զաքար Քէշիշեանը, որ ներկայացուց Տիգրան Մանսուրեան մարդն ու արուեստագէտը: Քէշիշեան ընդգծեց, որ Տիգրան Մանսուրեանի նորարար ու ժամանակակից երաժշտական լեզուն ըլլալով հանդերձ համամարդկային, խորապէս պահած է ազգայինը եւ այդ...

Տօնավաճառ, Գեղարուեստական Յայտագիր  Եւ Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ` Նոր Սիսի  Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով

Տօնավաճառ, Գեղարուեստական Յայտագիր Եւ Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ` Նոր Սիսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով

Անցնող շաբաթավերջին տօնախմբութիւն էր Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ թաղամասին մէջ: Արդարեւ, շաբաթ, 16 փետրուարի առաւօտեան կատարուեցաւ ոչխարներու զենումը, որմէ ետք ընթացք առաւ մատաղի պատրաստութիւնը, որ տեւեց մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր: Մատաղի պատրաստութեան զուգահեռ, եկեղեցւոյ կից փողոցին մէջ կազմակերպուած էր տօնավաճառ, ուր տեղադրուած էին տաղաւարներ, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերած էին ՀՅԴ «Քրիստափոր» պատանեկան միութիւնը, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղը, ԼՕԽ-ի «Արագած»...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Հինգշաբթի, 14 փետրուար 2019-ին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան դիւանը ծանօթացման հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի հետ` ներկայութեամբ դեսպանատան երրորդ քարտուղար Դաւիթ Ալավերտեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ: Հանդիպման ընթացքին Կեդրոնական վարչութիւնը ներկայացուց միութեան աշխարհասփիւռ կառոյցն ու գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ գործող կազմերը: Վսեմաշուք դեսպանը քաջածանօթ ըլլալով ՀՄԸՄ-ի գործունէութեան, բարձր գնահատեց միութեան իրագործումներն ու...

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը  Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

14 փետրուարին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը: Դեսպանին Հայաստան կատարած վերջին ճամբորդութենէն վերադարձին տեղի ունեցած այս հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր անդրադարձ մը կատարելու Հայաստանի ներքին կացութեան, նոր կառավարութեան Ազգային ժողովին ներկայացուցած աշխատանքային ծրագիրին, Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան եւ յատկապէս Լիբանանի այժմու կացութեան հետ կապ ունեցող հարցերու:  

Դեսպան Տիգրան Գէորգեանի Հանդիպումը  Սուրիոյ Խորհրդարանի Նախագահին Հետ

Դեսպան Տիգրան Գէորգեանի Հանդիպումը Սուրիոյ Խորհրդարանի Նախագահին Հետ

14 փետրուարին Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան  դեսպան Տիգրան Գէորգեան հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ խորհրդարանի  նախագահ Համմուտա Սապպաղին հետ: Հանդիպումին կը մասնակցէին Սուրիոյ խորհրդարանի Սուրիա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի անդամները: Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահը շնորհաւորեց Տիգրան Գէորգեանը` Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանի պաշտօնը ստանձնելու առիթով եւ յաջողութիւն մաղթեց իր կարեւոր եւ պատասխանատու առաքելութեան մէջ: Երկուստեք կարեւոր նկատուեցաւ Հայաստանի եւ Սուրիոյ միջխորհրդարանական համագործակցութեան աշխուժացումը, յատկապէս` բարեկամութեան...

Տիգրան Մանսուրեան Այցելեց Առաջնորդ Սրբազանին

Տիգրան Մանսուրեան Այցելեց Առաջնորդ Սրբազանին

Ուրբաթ, 15 փետրուար 2019-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հրաւէրով Հայաստանէն Լիբանան եկած հանրածանօթ երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեան հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին հետ: Հաւաքին հայրենի արուեստագէտն ու առաջնորդ սրբազանը քննեցին հայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր: Նարեկ արքեպիսկոպոս հակիրճ կերպով ներկայացուց Ազգային առաջնորդարանի գործունէութիւնը եւ աշխատանքները, իսկ Տիգրան Մանսուրեան անդրադարձաւ իր գործունէութեան եւ Լիբանան այցելութեան:...

Յայտարարութիւն

Լիբանանում Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը տեղեկացնում է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 2019 թուականի ՅՈՒՆՈՒԱՐԻ 31-ի թիւ 32-Ա հրամանագրով ներքոյիշեալ համարների ստացագրեր ունեցողների Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստանալու դիմումները  մերժուել են. 20753, 20673, 21348, 20754, 20926, 20057, 20089, 20050, 18992, 19447, 20621, 20022, 21441, 21192, 21164, 21231, 20661, 21347, 21142, 20658, 20755, 20887, 21244, 20994, 18107, 18403, 20561, 20560, 20964, 21163, 21162, 20980,...

ԱՖՀԻԼ-ի Կողմէ 150 Միլիոն Լիբանանեան Ոսկիի Նպաստ`  185 Համալսարանականներու, 200 Դպրոցականներու,  Հայկական Վարժարաններուն Եւ Հաստատութիւններուն

ԱՖՀԻԼ-ի Կողմէ 150 Միլիոն Լիբանանեան Ոսկիի Նպաստ` 185 Համալսարանականներու, 200 Դպրոցականներու, Հայկական Վարժարաններուն Եւ Հաստատութիւններուն

Երէկ` չորեքշաբթի, 13 փետրուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Մարաշի հայրենակցական միութեան «Գերմանիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԱՖՀԻԼ-ի կողմէ հայ համալսարանականներու, հայկական դպրոցներու եւ հաստատութիւններու տրամադրուած նպաստներու բաշխման պաշտօնական հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին խօսք առնողները անդրադարձան մեր այսօրուան իրականութեան մէջ երիտասարդին դերակատարութեան, անոր ներդրումի կարեւորութեան` կոչ ուղղելով այս գիտակցութեամբ ուսանելու եւ գործելու: Բարի  գալուստի խօսքը արտասանեց Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան, որ տեղեկացուց, թէ այս...

«Տեառնընդառաջի Տօնը Հրաւէր Մըն Է Ուղղուած  Մեզմէ Իւրաքանչիւրին` Մեր Անձերը  Ընծայելու Աստուծոյ». Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Տեառնընդառաջի Տօնը Հրաւէր Մըն Է Ուղղուած Մեզմէ Իւրաքանչիւրին` Մեր Անձերը Ընծայելու Աստուծոյ». Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հանդիսապետութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, 13 փետրուար 2019-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ նշուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակը` հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ներկայութեամբ: Հոգեպարար արարողութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Անդաստան, մանուկներու տաճար ընծայում եւ աւանդական հրավառութիւն: Արարողութեան աւարտին իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց կաթողիկոսը: Կեդրոնանալով տօնին խորհուրդին վրայ` ան ըսաւ, որ, թէեւ Քրիստոսի ծնունդէն քառասուն օր ետք Անոր...

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ.  «Փրկիչը Ամէն Տեղ Է, Պէտք Է Հոգիի Աչք Ունենալ Տեսնելու Զայն»  Ըսաւ Նարեկ Արքեպիսկոպոս

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ. «Փրկիչը Ամէն Տեղ Է, Պէտք Է Հոգիի Աչք Ունենալ Տեսնելու Զայն» Ըսաւ Նարեկ Արքեպիսկոպոս

Չորեքշաբթի, 13 փետրուարին,  կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի ժամերգութիւն, որուն հանդիսապետեց եւ ժողովուրդին իր պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս: Ան ըսաւ, որ հաւաքուած ենք տօնախմբելու Քրիստոսի տաճար ընծայման տօնը` աւելցնելով, որ մեր եկեղեցւոյ հայրերը իմաստութիւնը ունեցած են այս տօնը բնորոշելու որպէս Տեառնընդառաջ, այսինքն` ընդառաջել տիրոջ, տիրոջ երթալ,...

Համազգային.  «Մարդկային Երաժշտութեան» Մայեսթրոյին  Հանդիպումը Իր Ծննդավայրի Արուեստասէր  Հանրութեան Ներկայացուցիչներուն Հետ

Համազգային. «Մարդկային Երաժշտութեան» Մայեսթրոյին Հանդիպումը Իր Ծննդավայրի Արուեստասէր Հանրութեան Ներկայացուցիչներուն Հետ

Իր ծննդավայրէն` Լիբանանէն հեռանալէ եւ Հայաստան ներգաղթելէ աւելի քան 70 տարի ետք, հայ մեծ երաժիշտ մայեսթրօ Տիգրան Մանսուրեան այս օրերուն դարձեալ կը հիւրընկալուի լիբանանահայ գաղութին կողմէ` հրաւէրովը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Հայ հասարակութեան մէջ գլխաւորաբար ֆիլմարուեստի աշխարհին համար յօրինուած իր երաժշտութիւններով ծանօթ Տիգրան Մանսուրեան երէկ` չորեքշաբթի, 13 փետրուարի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Համազգայինի մեծ ընտանիքին նախաձեռնութեամբ մտերմիկ հանդիպում ունեցաւ...

Դանիոյ Դեսպանը  Այցելեց Բագրատունիի

Դանիոյ Դեսպանը Այցելեց Բագրատունիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Դանիոյ դեսպան Մերիթ Եուիլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային հարցեր: Դեսպանը միաժամանակ կը վարէ Դանիոյ դիւանագիտական յարաբերութիւնները Սուրիոյ եւ Յորդանանի մօտ, իսկ նախապէս իբրեւ Քիեւի մէջ դեսպան, նաեւ համատեղութեան կարգով եղած է Վրաստանի եւ Հայաստանի դեսպան: Մէկ ժամ տեւած հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու շրջանը...

Պէյրութի Նահանգապետին Շնորհաւորական Այցելութիւնը  Առաջնորդ Սրբազանին

Պէյրութի Նահանգապետին Շնորհաւորական Այցելութիւնը Առաջնորդ Սրբազանին

Երեքշաբթի, 12 փետրուար 2019-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս ընդունեց Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպը: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան երեսփոխան Յակոբ Թերզեան եւ Ազգային վարչութեան անդամներ: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ հաւաքաբար քննելու Լիբանանը եւ լիբանանահայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր: Այս առիթով, Զիատ Շպիպ շնորհաւորեց Նարեկ արքեպիսկոպոսը` առաջնորդ ընտրուելուն առիթով, եւ սրբազան հօր մաղթեց պտղալից սպասաւորութիւն եւ նորանոր յաջողութիւններ:  

Արամ Ա. Կաթողիկոս  Ընդունեց Հանրածանօթ  Երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հանրածանօթ Երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեանը

Երեքշաբթի, 12 փետրուար 2019-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Հայաստանէն Լիբանան եկած  հանրածանօթ երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեանը: Երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեան շուրջ մէկ շաբաթ պիտի մնայ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ` իբրեւ հիւրը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան: Անոր այցելութիւնները պիտի ընդգրկեն «Թռչնոց Բոյն», Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան, Ս. Աստուածածին վանք ու դպրեվանք: Ան ներկայ պիտի գտնուի մայր տաճարին մէջ...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

12 փետրուար 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը ծանօթացման հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի հետ` ներկայութեամբ դեսպանատան երրորդ քարտուղար Դաւիթ Ալաւերտեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ, Մթայլեպ: Պատուիրակութեան անդամները ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուցին ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւնը իր ճիւղաւորումներով` ըլլան անոնք մարզական թէ սկաուտական: Դեսպանը բարձր գնահատեց ընդհանրապէս ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւնը եւ...

«Մեսրոպ Մաշտոց»-ի Շքանշան` ՀՄԸՄ-ին.  «ՀՄԸՄ-ը Մեր Երազած Ազատ, Անկախ Ու Ամբողջական  Հայաստանը Ապրեցաւ Ու Ապրեցուց  Մեր Ժողովուրդի Կեանքին Մէջ». Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Մեսրոպ Մաշտոց»-ի Շքանշան` ՀՄԸՄ-ին. «ՀՄԸՄ-ը Մեր Երազած Ազատ, Անկախ Ու Ամբողջական Հայաստանը Ապրեցաւ Ու Ապրեցուց Մեր Ժողովուրդի Կեանքին Մէջ». Արամ Ա. Կաթողիկոս

«ՀՄԸՄ-ի Իւրաքանչիւր Անդամ, Կամաւոր Բանակի Սկզբունքով, Իր Միտքն Ու Բազուկը Ի Սպաս Դրաւ Հաւաքականին, Ազգին Ու Հայրենիքին». Գառնիկ Մկրտիչեան Դար մը գոյատեւում` հակառակ տարբեր տեսակի փոթորիկներուն եւ մարտահրաւէրներուն: Դար մը պայքար` յանուն իրերայաջորդ սերունդներուն հայկական միջավայրի ձեւաւորման եւ անոնց հայեցի դաստիարակութեան փոխանցման: Դար մը հպարտութիւն` տասնեակ հազարաւոր սկաուտներ, մարզիկներ, միութենականներ իր հովանիին տակ ունենալու եւ անոնց հարազատն ու ազգայինը փոխանցելու:...

ՀՅԴ 21-րդ Գերագոյն  Ժողովի Յայտարարութիւնը

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտ

7 Դիմումի Ընդառաջում` Յունուար Ամսուան Ընթացքին 21-ամսեայ Հաշուեկշիռ` 333 Պարագայ Հայ Ուսանողի Ֆոնտ` 152 Ուսանող ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հաստատած Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտը յունուար 2019 ամսուան ընթացքին ընդառաջած է 7 դիմումի, մինչ մայիս 2017-էն մինչեւ դեկտեմբեր 2018 ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին արժանացած է 326 պարագայ: Այսպէս, Հայ ընտանիքի կազմութեան ֆոնտին (պսակադրութեան) դիմում կատարած է 1 զոյգ, որ պայմանները լրացուցած...

Հայ Մամուլին Նուիրուած Համահայկական  Համաժողով` Անթիլիասի  Մայրավանքին Մէջ (2-4 Յուլիս 2019)

Հայ Մամուլին Նուիրուած Համահայկական Համաժողով` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ (2-4 Յուլիս 2019)

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հռչակած «Հայ մամուլի տարուան» առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպութեամբ տեղի պիտի ունենայ հայ մամուլին նուիրուած համահայկական համաժողով, 2-4 յուլիս 2019-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Համաժողովը պիտի ունենայ համահայկական բնոյթ, հետեւաբար համաժողովին պիտի մասնակցին Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ գործող  մամուլի գլխաւոր խմբագիրներ եւ մամուլի գործիչներ: Համաժողովը պիտի քննարկէ հայկական լրատուադաշտին այսօրուան մարտահրաւէրները, համագործակցութեան ուղիները, արդիական մեթոտները,...

Page 203 of 365 1 … 202 203 204 … 365

Արխիւներ