Գաղութային

Պապական Նուիրակի Եւ Նարեկ  Արքեպիսկոպոսի Հանդիպում

Պապական Նուիրակի Եւ Նարեկ Արքեպիսկոպոսի Հանդիպում

Հինգշաբթի, 31 յունուար 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս այցելեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Ճոզեֆ Սփիթերի արքեպիսկոպոսին: Այցելութիւնը առիթ եղաւ, որ սրբազան հայրն ու պապական նուիրակը զրուցեն Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցւոյ անցեալի ու ներկայի յարաբերութիւններուն, միջեկեղեցական եւ միջկրօնական շրջանային եւ տեղական իրականութիւններուն, Լիբանանի հայոց թեմի դրուածքին եւ առաքելութեան ու Լիբանանի դիմագրաւած ընկերային, քաղաքական...

Բացում Հայ Դատի Պէյրութի Գրասենեակի

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Դատապարտեց Քալիֆորնիոյ Մէջ Երկու Հայկական Վարժարաններուն Դէմ Կատարուած Յարձակումը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտին յղեց նամակ մը, որուն մէջ դատապարտեց 28-էն 29 յունուարի լուսցող գիշերուան ընթացքին Քալիֆորնիոյ Ս. Նահատակաց Ֆերահեան երկրորդական վարժարանը եւ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանը թիրախ դարձուցած ատելութեան ենթահողի վրայ կատարուած յարձակումը, որուն ընթացքին թրքական դրօշներ կախուած էին երկու վարժարաններու տարածքներուն մէջ: ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը դեսպանին ուշադրութեան յանձնեց,...

Համազգայինի Համագործակցութիւնը  Պոլսոյ Հայ Համայնքին Հետ

Համազգայինի Համագործակցութիւնը Պոլսոյ Հայ Համայնքին Հետ

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը Պոլսոյ հայ համայնքին հետ իր կապերը կը շարունակէ. 2018 նոյեմբեր ամսուան ընթացքին Կեդրոնական վարչութեան գրասենեակի պատասխանատու Արին Գալուստեան այցելեց Պոլիս եւ կարգ մը հանդիպումներ ունեցաւ զանազան վարժարաններու, թերթերու եւ հաստատութիւններու պատասխանատուներու հետ: Համազգայինի երիտասարդական եւ մանկական ծրագիրները ներկայացուեցան Պոլսոյ մէջ, եւ գործակցութեան կարելիութիւնները ամրապնդուեցան: Այս հանդիպումներու ծիրին մէջ 21-25 յունուար 2019-ին, Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանէն երկու ուսուցիչներ` Ժերմէն...

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Միութիւնը Միաձեւութիւն Չէ,  Այլ Զանազանութեանց Միջեւ Ներդաշնակում Է»

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Միութիւնը Միաձեւութիւն Չէ, Այլ Զանազանութեանց Միջեւ Ներդաշնակում Է»

Կիրակի, 27 յունուար 2019-ի երեկոյեան, հոգեւոր խանդավառութեան մթնոլորտի մէջ, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցիներու միութեան շաբթուան եզրափակիչ արարողութիւնը` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հովանաւորութեամբ: Արարողութեան ներկայ էին Լիբանանի քրիստոնեայ բոլոր համայնքներու հոգեւոր առաջնորդները, ինչպէս նաեւ զանազան համայնքները ներկայացնող հաւատացեալներ: Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ դպրեվանքն ու կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը: Արարողութիւնը կատարուեցաւ հայերէնով, արաբերէնով ու անգլերէնով` մասնակցութեամբ ներկայ...

ՀՄԸՄ Մասնակցեցաւ Լիբանանի  Սկաուտական  Ֆետերասիոնի Կազմակերպած  Երկօրեայ Սեմինարին

ՀՄԸՄ Մասնակցեցաւ Լիբանանի Սկաուտական Ֆետերասիոնի Կազմակերպած Երկօրեայ Սեմինարին

Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնին կազմակերպութեամբ շաբաթ, 26 եւ կիրակի, 27 յունուար 2019-ին, «Զմմառ Փալաս» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ միամեայ  ծրագրման ու կազմակերպական աշխատանքներու դաստիարակչական երկօրեայ սեմինար մը: Սոյն սեմինարին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի անդամ եւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ներկայացուցիչ Վաչէ Նաճարեան, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի եւ Անթիլիասի մասնաճիւղերէ խմբապետներ  Նարին Ադամեան, Սիմոն Տէրտէրեան եւ Մեղեդի Սնապեան: Լիբանանեան սկաուտական տարբեր միութիւններէ եկած...

Կարօ Փայլանի Հանդիպումը Լիբանանահայ  Մամուլի Ներկայացուցիչներու Հետ

Կարօ Փայլանի Հանդիպումը Լիբանանահայ Մամուլի Ներկայացուցիչներու Հետ

Լիբանան կատարած այցելութեան ծիրին մէջ, շաբաթ, 26 յունուար 2019-ին, Թուրքիոյ խորհրդարանի եւ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, հայազգի Կարօ Փայլան հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանահայ մամուլի ներկայացուցիչներու հետ, Հայկազեան համալսարանին մէջ: Կարօ Փայլան ներկայացուց Թուրքիոյ իրավիճակը` ներքին եւ արտաքին զարգացումներու լոյսին տակ, կեդրոնանալով Թուրքիոյ հայութեան եւ փոքրամասնութիւններուն սպառնացող վտանգներուն, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն, հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, Արցախի հարցի զարգացումներուն վրայ: Փայլան շեշտեց, որ...

Կազմակերպութեամբ  ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան.  Գինեձօն` ԼՕԽ-ի 26 Մասնաճիւղերու Պատմականը  Բովանդակող «Մեր Պատմութիւնը» Հատորին

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան. Գինեձօն` ԼՕԽ-ի 26 Մասնաճիւղերու Պատմականը Բովանդակող «Մեր Պատմութիւնը» Հատորին

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, շաբաթ, 26 յունուար 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի 26 մասնաճիւղերու պատմականը բովանդակող «Մեր պատմութիւնը» հատորին գինեձօնը: Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներ եւ մեծ թիւով ԼՕԽ-ականներ: Սիլվա Սապունճեան ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն...

Հաղորդագրութիւն

Թաղական Խորհուրդներու Ընկերային Ցանցերու Ներկայացուցիչներու Անդրանիկ Հաւաք

Արդի արհեստագիտութեան հետ քայլ պահելու, ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներէն առաւելագոյն չափով օգտուելու եւ աշխատանքներու համակարգման եղանակներ ճշդելու նպատակադրումով, ուրբաթ, 25 յունուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ, նախագահութեամբ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին եւ ներկայութեամբ թաղական խորհուրդներու ընկերային ցանցերու ներկայացուցիչներուն, տեղի ունեցաւ աշխատանքային հաւաք մը: Հանդիպումի սկզբնաւորութեան, առաջնորդարանի դիւանապետ Րաֆֆի Տէմիրճեան նշեց, թէ առաջնորդարանը շուրջ երեք տարի առաջ հաստատեց տեղեկատուական...

«Նոր Սերունդ» Մշակութային Միութիւն.  Քատիր Աքընի «Ռետ» (Մերժում)  Վաւերագրական Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

«Նոր Սերունդ» Մշակութային Միութիւն. Քատիր Աքընի «Ռետ» (Մերժում) Վաւերագրական Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

Կազմակերպութեամբ «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան, ուրբաթ, 25 յունուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Սին Էլ Ֆիլի քաղաքապետարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Քատիր Աքընի «Ռետ» (մերժում) վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւնը, որուն ներկայ էին ժապաւէնի բեմադրիչ եւ արտադրող Քատիր Աքընը եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Կարօ Փայլանը: «Նոր սերունդ» մշակութային միութեան անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Տիգրան Միհրանեան, որմէ ետք բեմ հրաւիրեց ժապաւէնի խորհրդական Ալեքսան...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Փաղանգաւոր  Կուսակցութեան Ընդհանուր Քարտուղարը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Ընդհանուր Քարտուղարը

Հինգշաբթի, 24 յունուար 2019-ի առաւօտեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Նազար Նաճարեանը: Այցելութեան նպատակն էր կաթողիկոսին տեսակէտը ունենալ Փաղանգաւոր կուսակցութեան եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան միացեալ ճիգերով Լիբանանի խորհրդարանին ներկայացուելիք ապրիլ 24-ին առնչուած բանաձեւի մը շուրջ: Յիշեալ բանաձեւին նպատակն է ապրիլ 24-ը հռչակել Հայոց ցեղասպանութեան եւ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու դէմ Օսմանեան թուրք...

Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան  Կրօնական Ու Քաղաքական Ժողովներու Նիստեր`  Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Քրիստոնէական Միութեան Աղօթքի Շաբթուան Փակում` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Երկար տարիներու աւանդութեան համաձայն, յունուար ամսուան երրորդ շաբաթը կը նուիրուի քրիստոնէական միութեան` «Աղօթքի շաբաթ քրիստոնէական միութեան» անունին տակ: Այս շաբթուան ընթացքին, ընդհանրապէս առօրեայ դրութեամբ, աշխարհի բոլոր կողմերը եւ զանազան եկեղեցիներու մէջ յատուկ եկեղեցական արարողութիւններ տեղի կ՛ունենան` աղօթքներու, մաղթանքներու, շարականներու ու քարոզներու ճամբով լուսարձակի տակ բերելով եկեղեցւոյ միութեան հրամայականը: Լիբանանի մէջ եւս ներկայ շաբթուան ընթացքին տարբեր եկեղեցիներու մէջ տեղի կ՛ունենան եկեղեցական...

Նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր.  Երեքշաբթի Օրերու Ս. Պատարագները  Եւ Աստուածաշնչական Սերտողութեան  Հանդիպումները Ընթացք Առին

Նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր. Երեքշաբթի Օրերու Ս. Պատարագները Եւ Աստուածաշնչական Սերտողութեան Հանդիպումները Ընթացք Առին

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին, կազմակերպութեամբ Կրօնական ժողովին եւ Ազգային առաջնորդարանի երիտասարդական յանձնախումբին, 22 յունուար 2019-էն սկսեալ ամէն երեքշաբթի երեկոյեան ժամը 7:00-8:00, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի սուրբ պատարագ, որուն նպատակն է առիթ տալ այն հայորդիներուն, որոնք կիրակի օրերուն կողքին, շաբթուան ընթացքին եւս կը փափաքին հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր սնունդը ստանալ: Իսկ նոյն թուականէն սկսեալ, կազմակերպութեամբ Ազգային...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ-ի Զոյգ Խումբերուն Կատարելիք Մրցումներուն Յայտագիրը

Հաղորդագրութիւն

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը երէկ` 21 յունուարին հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. Մեկնելով կիրակի, 20 յունուար 2019-ին, Ղազիրի մէջ Սաժես եւ Շանվիլ ակումբներուն միջեւ տեղի ունեցած պասքեթպոլի մրցումին ընթացքին արձանագրուած հարցերէն եւ միջադէպերէն` կ’ուզենք կատարել հետեւեալ յստակացումները. ՀՄԸՄ-ը խստօրէն կը դատապարտէ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մէջ միութեանս ներկայացուցիչ Ճորճ Սապունճեանին վրայ կատարուած յարձակումները, յատկապէս Սաժեսի կարգ մը համակիրներուն կողմէ: Միութիւնս պատկերասփիւռի «Էլ. Պի....

«Ասպարէզի Ուղղութիւն  Շրջանաւարտներու Կողմէ»  Նիւթով Արեւելումի Ձեռնարկ

«Ասպարէզի Ուղղութիւն Շրջանաւարտներու Կողմէ» Նիւթով Արեւելումի Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, շաբաթ, 19 յունուար 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-12:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ասպարէզի ուղղութիւն շրջանաւարտներու կողմէ» (Career guidance from the alumni) նիւթով արեւելումի ձեռնարկը` մասնակցութեամբ Ազգային վարժարաններու Ժ., ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու 170 աշակերտներու: Սրահին մէջ զետեղուած սեղաններու ետին իրենց տեղերը գրաւած էին զանազան ճիւղերու մասնագէտներ, որոնց կենսագրական տուեալները «փաուըր փոյնթ»-ով անընդհատ...

Նարեկ Քհնյ. Հեճինեան Ստացաւ  Աւագութեան Աստիճան

Նարեկ Քհնյ. Հեճինեան Ստացաւ Աւագութեան Աստիճան

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ Արքեպիսկոպոսին, կիրակի, 20 յունուար 2019-ին, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Արարողութեան աւարտին սրբազան հայրը յայտնեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ, ընդառաջելով իր խնդրանքին, աւագութեան աստիճան շնորհած է եկեղեցւոյ հովիւ Նարեկ քհնյ. Հէճինեանին` առ ի գնահատանք իր բազմամեայ վաստակին: Առ այդ, ներկաները յոտնկայս ունկնդրեցին վեհափառ հայրապետին սրբատառ կոնդակը, որ կարդաց առաջնորդ...

Մարաշի Աղէտի Փառապանծ Նահատակներու  Յիշատակին Աղօթք Եւ Ոգեկոչման Հանդիսութիւն

Մարաշի Աղէտի Փառապանծ Նահատակներու Յիշատակին Աղօթք Եւ Ոգեկոչման Հանդիսութիւն

«Տիեզե՛րք, գլուխ խոնարհի՛ր հայ նահատակութեան առաջ, Նա քաւութեան նոխազ եղաւ քո ոճիրների համար» Աւետիք Իսահակեան Եղեռն ու վերածնունդ ... Ինչպիսի՜ հակադրութիւն մը ո՛չ միայն հասկացողութեան, այլ նաեւ իրողութեան: Առաջինը իբրեւ ահաւոր չարիք, որ արդէն անցեալ է, իսկ երկրորդը` վերածնունդը, որուն ուղիով հայ ժողովուրդը կը շարունակէ իր երթը` հայապահպանման ու պայծառ ապագայի ամուր հաւատքով եւ տեսլականով: Մարդկային միտքը դժուար թէ ընկալէ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Ժորժ Սալիպա Եպիսկոպոսը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ժորժ Սալիպա Եպիսկոպոսը

Հինգշաբթի, 17 յունուար 2019-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց ասորի եկեղեցւոյ պետ Իգնատիոս Աֆրամ Բ. պատրիարքին ներկայացուցիչը` Ժորժ Սալիպա եպիսկոպոսը: Անոր կ՛ընկերանար Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսը: Հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան հայ եւ ասորի քոյր եկեղեցիներուն միջեւ գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու, աստուածաբանական երկխօսութեան մէջ արեւելեան եկեղեցիներուն մասնակցութիւնը աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու վերաբերեալ հարցեր, ինչպէս  նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ ընդհանրապէս միջեկեղեցական յարաբերութիւններուն եւ Միջին Արեւելքի...

Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Առիթով Խրախճանք`  Լիբանանահայ Գաղութի Ծերունիներուն Համար

Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Առիթով Խրախճանք` Լիբանանահայ Գաղութի Ծերունիներուն Համար

Երէկ` հինգշաբթի, 17 յունուար 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ համայնքի միջբարեսիրական հաստատութիւններու ժողովի կազմակերպած ամանորեան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով խրախճանքը` լիբանանահայ գաղութի կարիքաւոր ծերունիներուն համար` հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կեդրոնական մարմինի ներկայացուցիչ վեր. Հրայր Չոլաքեանի եւ Պէյրութի Հայ կաթողիկէ...

Ընկերային Բաժանմունքի  Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր  2018-ի Գործունէութեան Ամփոփում

Ընկերային Բաժանմունքի Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր 2018-ի Գործունէութեան Ամփոփում

Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային յանձնախումբին հովանաւորութիւնը վայելող Ընկերային բաժանմունքի անցնող երկու ամիսներու գործունէութիւնը ներկայացնելու նպատակադրումով, ամփոփ կէտերու մէջ կը ներկայացնենք գլխաւոր աշխատանքները: Ա. Կազմակերպութեամբ Ընկերային բաժանմունքին, 14 նոյեմբեր 2018-էն սկսեալ, շաբաթական դրութեամբ սկսաւ գործել մայրերու վարժողական-դաստիարակչական ծրագիրը, որուն նպատակն է նպաստել ծնողներու ինքնաճանաչողութեան զարգացման` ընկերութեան ու ընտանիքին մէջ ունենալու համար առաւել եւս արդիւնաւէտ գործունէութիւն: Ծրագիրի մասնակցողներուն թիւն է 17, իսկ ծրագիրը...

Զմմառու Մայրավանք Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ  Եւ Լիազօր Դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը

Զմմառու Մայրավանք Այցելեց Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ Եւ Լիազօր Դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը

Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութիւն - Հայաստանի Հանրապետութիւն փոխադարձ կապի եւ համագործակցութեան ամրապնդման ծիրին մէջ, հինգշաբթի, 17 յունուար 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նոր նշանակուած արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեան այցելեց Զմմառեան միաբանութեան մայրավանք: Հիւրին դիմաւորեցին Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան փոխանորդ, վանքի մեծաւոր եւ Պէյրութի թեմի պատրիարքական փոխանորդ Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեանը, վանքի վարչական ու...

Page 205 of 365 1 … 204 205 206 … 365

Արխիւներ